ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ

Որքան ալ հա­սարա­կաց դէպք մըն է, այ­սինքն՝ հա­մայնքի մը, ժո­ղովուրդի մը ոչնչա­ցու­մը, այնքան ալ ներ­քին, ըն­տա­նեկան խնդիր մըն է։ Մար­դիկ կան որոնց անուննե­­րը հա­­սած են միայն ին­­ծի, անոնց մա­­սին գրե­­թէ ոչինչ գի­­տեմ եւ կը մնամ կա­­խուած այսպէս չգիտ­­ցած դէմ­­քե­­­րէս։ Ման­­կութե­­նէս լսած եմ անոնց ան­­հե­­­տացու­­մը, եր­­բեմն արիւ­­նոտ պատմութիւննե­­րը, որ փո­­խան­­ցուեր են ծա­­նօթ կամ ան­­ծա­­­նօթ բե­­րան­­նե­­­րէ, կրկնուեր ու աճեր, ինչպէս ծնող­­նե­­­րը երա­­խանե­­րը քնաց­­նե­­­լու հա­­մար հե­­քիաթ­­ներ կը պատ­­մեն։
Հաւաքա­­կան բնաջնջու­­մը անձնա­­կան բնոյթ մը ու­­նի։ Սկիզ­­բէն այս պա­­տու­­մի այ­­րուած­­քին մէջն եմ։ Ասոր հա­­մար շատ ան­­գամ կը նա­­խընտրեմ լռել։ Ոչ թէ որով­­հե­­­տեւ ըսե­­լիք չկայ եւ կը պա­­պան­­ձիմ եղա­­ծին առ­­ջեւ, ասոր մե­­ծու­­թեան կամ ան­­կա­­­րելիու­­թեան, ինչ որ ճիշդ է մա­­սամբ, այլ որով­­հե­­­տեւ ինչպէ՞ս պի­­տի խօ­­սիս քու ծրագ­­րուած ու կա­­տարուած բնաջնջումիդ մա­­սին։
Ի՞նչ դի­­պուած­­ներ մի­­ջամ­­տեր են որ­­պէսզի հայրդ եօթը տա­­րեկա­­նին որ­­բա­­­նայ, բայց փրկուի, մայրդ երեք տա­­րեկա­­նին որ­­բա­­­նայ եւ փրկուի, յե­­տոյ անոնք հան­­դի­­­պին իրա­­րու եւ քեզ ծնին։ Պատ­­մութիւնդ կը սկսի նման դի­­պուած­­նե­­­րով։ Որով ծա­­գումդ կը դառ­­նայ աղէտ մը եւ ան­­կէ փա­­խուստ մը։ Մեր ապ­­րի­­­լը հրաշք է, կ՚ըսէին։ Ոչ թէ աս­­տուած մը մի­­ջամ­­տեց, քան­­զի չկար ո՛չ ան­­կէ առաջ, ոչ այդ կի­­զիչ տա­­րինե­­րուն, ոչ ալ ետ­­քը, այլ պար­­զա­­­պէս որբերը դի­­մացան ոճի­­րին, անօ­­թու­­թեան, տա­­քին-պա­­ղին, ծե­­ծին, մա­­լարիային, սո­­վին, խեն­­դութեան։ Կրա­­կէն անցնո­­ղը ծե­­ծուած եր­­կա­­­թին պէս կ՚ըլ­­լայ, ըսեր է վե­­րապ­­րող գրող մը։ Միայն թէ ասի­­կա գին մը ու­­նի։ Կորսնցու­­ցին ամէն ինչ. ինքնու­­թիւն չու­­նե­­­ցան, մոռ­­ցան լե­­զուն, սա­­կայն չմոռ­­ցան որ կու գա­­յին տե­­ղէ մը, էին տա­­րագ­­րուած եւ մենք հոն ուր կ՚ապրէինք, հոս սփռուած, մեր տե­­ղը չէինք։ Մեր նա­­խորդնե­­րը ի՞նչ պի­­տի տա­­յին եթէ ոչ ինչ որ չու­­նէին կամ ինչ որ միայն ու­­նէին՝ այդ աղէ­­տին հետ­­քե­­­րը։ Իրենք։
Անոնք՝ կտակ ու հրի­­տակ։
Գրա­­գէտը կը փախ­­չի ատ­­կէ։ Չ՚ու­­զեր ստանձնել ապ­­րե­­­լուն ան­­կա­­­րելիու­­թիւնը, այդպէս ձրի, վի­­ճելի, ան­­պա­­­տաս­­խա­­­նատու, բու­­սա­­­յին գո­­յու­­թիւնը. չ՚ու­­զեր ողբ ու կոծ։ Ատոր վար­­ժուած է դա­­րերէ ի վեր։ Նո­­րու­­թիւն չէ։ Պատ­­մի­­­չը կ՚ըսէ շա­­տոնց, հե­­ռացու­­ցին զմեզ ի բնա­­կու­­թե­­­նէ մեր­­մէ… եւ չէին հան­­դուրժեր անոնք տես­­նել մեր շու­­քե­­­րը ան­­գամ։ Մենք ստուերա­­մած էակներ կամ չէակ­­ներ։ Բայց գրա­­գէտը կը գրէ։ Գրե­­լը կեան­­քին հետ կապ մըն է, մե­­ռել­­նե­­­րը շրջանցող հա­­ղոր­­դակցու­­թիւն մը։ Լե­­զուն ի՞նչ է որ։ Հա­­ղոր­­դակցու­­թի՜ւն։ Միայն բանաստեղծու­­թեան մէջ ու­­րիշ բան է ան։ Է միայն ինքզինք, այ­­սինքն՝ ան­­խառն, անպաշտպան, հզօր ու տկար նոյն ատեն։ Իսկ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը ի՞նչ բա­­նի կա­­րող է նման ան­­բա­­­նի դի­­մաց ու մէջ։
Ինչպէս շատ ան­­գամ կը պա­­տահի՝ մոռ­­նալ ու­­զածդ, ան որ­­մէ կը խու­­սա­­­փիս՝ կը հե­­տեւի քեզի։ Չսպա­­սած տեղդ դի­­մացդ կ՚ել­­լէ։ Կար­­ծես կ՚ու­­զէ որ զայն չլքես ու խօ­­սիս։
Գրա­­գէտի մը հա­­մար լե­­զուն այն տեղն է ուր կ՚աշ­­խա­­­տի, անոր վրայ կը բա­­նի, ատով կ՚ըլ­­լայ ինք։ Այնտեղ ինքզինք ապա­­հով կը զգայ։ Կամ կը կար­­ծէ պաշտպա­­նուած ըլ­­լալ։ Կրնաս կաս­­կածներ տա­­ծել լե­­զուի կա­­րողու­­թիւննե­­րուն մա­­սին, բայց լե­­զուն քու­­կդ է, կը խոր­­հիս։ Եւ ահա այդտեղ է որ կը պա­­տահի դէպ­­քը, հին ու նոր նոյն ատեն, ան­­ժա­­­ման­­ցե­­­լին։ Մոռ­­նալ ու­­զածդ կը յայտնուի, մղձա­­ւանջ, երազ, ցնորք։ Աղէ­­տը կայ լե­­զուին մէջ։ Ըսել չեմ ու­­զեր որ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը լե­­զուա­­կան բան մըն է, գո­­յու­­թիւն չու­­նի, պատ­­մա­­­կան բան մը չէ։ Մեթաֆի­­զիք ֆիք­­սիոն մը։ Մին­­չեւ հի­­մա ես խօ­­սեցայ միայն ֆի­­զիքէ, կա­­րելի էր ըսել վկայութե­­­նէ։ Միայն փոր­­ձա­­­ռու­­թե­­­նէ։ Աղէ­­տը լե­­զուին մէջ է, ըսի, հո՚ն կայ։ Գրա­­գէտը չէր գի­­տեր։ Գիտ­­ցաւ։
Արիւ­­նոտ պատ­­մութիւննե­­րը եկեր են վե­­րապ­­րողնե­­րու բեր­­նէն, երբ աշ­­խարհէն բան չէի գիտեր։ Ձմրան եր­­կար գի­­շեր­­նե­­­րը մեծե­­­րը կը նստէին կրա­­կին շուրջ, պզտիկ­­նե­­­րը կը քնանային քիչ մը ան­­դին, նոյն սե­­նեակին մէջ։ Մե­­ծե­­­րուն մէկ մա­­սը կը սկսէր պատ­­մել, միւս մա­­սը լսո­­ղի դիրք կը գրա­­ւէր։ Պզտիկ­­նե­­­րը կա՛մ կը քնա­­նային կա՛մ քնա­­նալ կը ձե­­ւաց­­նէին։ Սար­­սա­­­փի եւ տա­­քուկ սքան­­չե­­­լիքի սպա­­սու­­մով։ Ամէն բան գի­­տէինք եւ ամէն բան նո­­րէն պէտք է կրկնէինք։ Յի­­շողութեան այ­­րուած­­քը խա­­րանի պէս կը մնայ անջնջե­­լի։ Օր մըն ալ՝ երբ պատ­­մողնե­­րը շատ խօ­­սեցան, լռող­­նե­­­րը ձայն չհա­­նեցին, երբ վեր­­ջա­­­պէս հաստատուեցաւ տե­­սակ մը ընդհա­­նուր մտմտուք՝ բան չտաքցնող կրա­­կին շուրջ, այն ատեն, Էր­­զուրումցին որ մե­­զի հա­­մար ճեր­­մա­­­կահեր մեծ-մօր դեր կը կա­­տարէր, խօս­­քը կտրեց.
-Ի՞նչըղ զառթ-զուռթ կը նե­­տէք կը, մըր լե­­զուն առին իտոնք, տա­­հա ի՞նչըղ պիտ վրայ տայինք օր…
Միշտ դժուար է հա­­ւատալ որ այդ լե­­զուն կը խօ­­սէինք քիչ թէ շատ։ Իբր թէ այդ չկտրուած լե­­զուն։ Գա­­ւառ­­նե­­­րու բո­­լոր հա­­յերէն­­նե­­­րը կա­­յին մեր ական­­ջին։ Դպրոցն ալ կը սո­­րվեց­­նէին մա­­քուր, գե­­ղեցիկ, գրա­­կան հա­­յերէն։ Որով­­հե­­­տեւ պէտք էր մեծ­­նա­­­յինք, մարդ ըլ­­լա­­­յինք։ Իբր թէ չկո­­տորուած-չկտրուած։ Պէտք էր լե­­զուին գա­­յինք, կար­­ծես թէ սանկ-նանկ պի­­տի մերժէինք եղա­­ծը։ Չէ՜, չէինք մե­­ռած, չէինք յառ­­նած։ Ինչ ալ ըլ­­լար՝ կա­­յինք, հեմ­­տէ շատ­­ցեր էինք։ Ան­­գա­­­րայի ռա­­տիոն կղպեր գո­­ցեր էինք։ Իսկ լսո­­ղը միշտ կը լսէր այդ անջնջե­­լի, խլացու­­ցիչ մռլտու­­քը յաղ­­թո­­­ղին։
Գրո­­ղը կ՚ու­­զէ ըլ­­լալ գրա­­գէտ։
Ան­­շուշտ կը սոր­­վի իր լե­­զուն, իբր թէ ամ­­բողջ ու ողջ ըլ­­լար ան։ Կը սոր­­վի նաեւ քա­­նի մը ուրիշ բար­­բառ։ Կրնայ աշ­­խարհը կո­­չել։ Կ՚անդրա­­դառ­­նայ, հետզհե­­տէ դառ­­նութեամբ կ՚անդրա­­դառ­­նայ որ իր խօ­­սած, լսած, գրած լե­­զուն կրա­­կէն ան­­ցած, անա­­պատի այրուածքէն փրկուած, բայց մնա­­ցորդ մըն է, խլեակ մը, մե­­ռած մար­­մի­­­նէ կտոր մը։ Գեղեցիկ, վսեմ, հիանա­­լի, բայց… քուրջի կտոր մը, ու­­լունք մը, մա­­զի ասեղ մը, նման անոնց որ կը գտնես փո­­թորի­­կէն ետք, աւազ­­նե­­­րուն մէջ։ Հնաբա­­նական գտա­­ծոյ։
Գի­­տեմ, խօ­­սան­­ներ պի­­տի բո­­ղոքեն, բեր­­նի-ծա­­մոց՝ պի­­տի յայ­­տա­­­րարեն որ ճիշդ չէ. լե­­զուն փա­­ռապանծ, լե­­զուն՝ հայ­­րե­­­նի տուն չէ՞։ Ըսի սկիզ­­բէն որ պի­­տի խօ­­սիմ շատ մտե­­րիմ խնդիրէ մը, գրա­­գէտի՛ խնդի­­րէ մը։ Ասի­­կա ազ­­գա­­­յին չէ, ըն­­տա­­­նեկան ալ չէ այ­­լեւս։ Իմ փորձա­­­ռու­­թիւնս է լե­­զուին կամ մեր լե­­զուէն իմ այ­­րուածքս։ Իմ լե­­զուս աղէ­­տէ ճո­­ղոպ­­րած լե­­զու մըն է եւ ոչ ան­­կէ վե­­րապ­­րողնե­­րու։ Ստուերա­­յին բան մը, ինչպէս երբ իրականութիւնը կը պայ­­թի։ Աղէ­­տը որ կը կար­­ծէի դէպք մը, հե­­ռաւոր պատ­­մութիւն մը, հասեր է մին­­չեւ մեր բե­­րանը, կտրեր է մեր լե­­զուն։ Մեր լե­­զուն քա­­շեցին, հա­­նեցին, ըսեր էր Էր­­զուրու­­մի տոհ­­մին վեր­­ջին խա­­նըմը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին՝ աւե­­լի բա­­նիմաց, աւե­­լի իմաս­­տուն էր քան կը կար­­ծէի։ Աւե­­լի ամ­­րա­­­պինդ քան ար­­խիւ ու վկայ, ճշմար­­տութիւն որո­­նող ու չարիքէ հեշ­­տա­­­ցող։ Թէ աղէ­­տը լե­­զուի խնդիր մը եղած է, ասոր ապա­­ցոյցնե­­րը շատ են, սկսեալ լե­­զուի ֆե­­թիշա­­ցու­­մէն, մա­­քուր լե­­զու խօ­­սելու պա­­հանջքէն կամ հրա­­հան­­գէն, այբուբե­­նի սրբա­­ցու­­մէն, գով­­քե­­­րէն, որոնց պէտք ու­­նէինք որ­­պէսզի պահ­­պա­­­նէինք լե­­զուէն մաս մը։ Լե­­զուն մա­­սունք մը չէ՞։ Նշխա­­րի, մա­­սի պէս կը տա­­նիս բե­­րանդ կամ կը դնես տու­­փի մէջ. չես հա­­մար­­ձա­­­կիր նե­­տել աղ­­բը։
Գեր­­մա­­­նացի բա­­նաս­­տեղծը ըսեր է.
«Նշան ենք մենք, առանց իմաս­­տի
եւ լե­­զուն գրե­­թէ կորսնցու­­ցինք օտա­­րու­­թեան մէջ»։
Հասկնա­­լի է որ լե­­զուն կը կորսնցնենք երբ վայ­­րը կ՚ան­­հե­­­տանայ, երբ եր­­կի­­­րը կը դառ­­նայ տա­­րերա­­յին կեր­­պով աս­­պա­­­տակուած աչ­­քէն, բա­­ցօթեայ եւ ար­­գի­­­լուած։ Լե­­զուն կը դառ­­նայ ան­­տէր, երկրա­­զուրկ բար­­բառ մը, ինչ որ ըսեր եմ, ան­­ժո­­­ղովուրդ լե­­զու մը։ Գրե­­թէ, այ­­սինքն՝ ոչ բո­­լորո­­վին, ինչ որ նոյն ատեն ամ­­բողջն է ար­­դէն։
Լե­­զու ըսի՝ փո­­խանա­­կու­­թեան մի­­ջոցը նկա­­տի չու­­նե­­­ցայ միայն, այ­­լեւ մտա­­ծու­­մը։ Աղէ­­տին տրուեցաւ մտքի հարկ մը, կ՚ըսէր վե­­րապ­­րող գրո­­ղը։ 1915-ին սպան­­նուած կամ չքա­­ցած մտա­­ւորա­­կանու­­թիւնը նկա­­տի չու­­նիմ միայն։ Նկա­­տի ու­­նիմ նաեւ կա­­րողու­­թիւնը միտ­­քը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու, եղա­­ծը խոր­­հե­­­լու, պատ­­կե­­­րաց­­նե­­­լու, իմաս­­տի կամ նշա­­նակու­­թեան բերելու։ Մտա­­ծու­­մը հե­­ռացաւ։ Զո­­հերը պէտք չու­­նէին ատոր, պէտք ու­­նէին վե­­րապ­­րե­­­լու։ Ան­­վա­­­ւեր ու տա­­րերա­­յին տեն­­դով։ Տա­­րիներ ետք՝ շրջա­­նի մը երբ ամէն տե­­սակ ժխտում ու հեր­­քում սան­­ձարձակ կեր­­պով կը բա­­նին, մենք կը յի­­շէնք մեր իսկ բնաջնջու­­մը եր­­բեմն սարսա­­­փով, եր­­բեմն ապ­­շութեամբ, եր­­բեմն ալ մա­­խան­­քով. կ՚անդրա­­դառ­­նանք որ տա­­կաւին կա­­րող չենք զայն խօ­­սելու։ Կար­­ծես հասկնա­­լով հան­­դերձ դեռ չենք ըմբռնած զայն, չենք հա­­սած անոր մա­­կար­­դա­­­կին կամ անոր վի­­հին ու յա­­տակին. հա­­սու­­նութեան ժա­­մանա­­կը չէ եղած։
Իսկ գրա­­գէտը որ կը լսէ միայն ստուերա­­յին լե­­զուն, ի՞նչ կրնայ ընել։ Գրի­­չը կոտ­­րել ու լռել, անցնի՞լ ու­­րիշ լե­­զուի մը, վկա­­յելու հա­­մար այդ լե­­զուով։ Երկրո՞րդ լե­­զուով մը։ Կա­­րեւո­­րը այդ չէ՞, հաս­­տա­­­տել աշ­­խարհին առ­­ջեւ որ օր մը չէինք ու հի­­մա կանք։ Ասի­­կա ընտրութեան խնդիր մըն է։ Գրա­­գէտ մը կրնայ գրել այն լե­զուով որ կ՚ու­­զէ, եթէ իս­­կա­­­պէս ու­­նի այլընտրան­­քը։ Ես կ՚ու­­զեմ գրել այլ լե­զուով որ եղեռ­­նա­­­գոր­­ծութիւ­­նը կա­­մեցաւ ջնջել։ Այսինքն՝ աղէ­­տեալին լե­­զուով։ Ոչ պերճ, ոչ շքեղ։ Ասի­­կա փորձ մը չէ վկա­­յելու որ նման լեզու գո­­յու­­թիւն ու­­նի եղեր։ Այդ պա­­րագա­­յին՝ գրե­­լը ֆոլքլո­­րիք գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն մը պի­­տի ըլլար։ Յե­­տամ­­նաց բա­­րեկեն­­դան։ Գրա­­գէտը այդ լու­­ծումնե­­րը չէ ընտրած։ Դիւ­­րին են։ Պի­­տի ողջնցնէ՞։ Քրիս­­տոս չէ որ­­պէսզի յա­­րու­­թիւն տայ Ղա­­զարո­­սի։ Քրիս­­տոսն ալ հի­­մա զուրկ է մար­­մի­­­նէ որուն շնոր­­հիւ գար գոր­­ծե­­­լու։ Քրիս­­տոս պա­­րապ է։ Գրե­­լը ան­­պաշտօն պաշ­­տել մը չէ, ոչ ալ մա­­նաւանդ սրբա­­գոր­­ծում։
Բո­­լոր բա­­ռերը կան անխտիր. եղեռ­­նը, ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, աղէ­­տը, ոճի­­րը եւ միւսնե­­րը։ Բայց գրա­­գէտը գի­­տէ որ անուննե­­րը կը ծած­­կեն միակ անա­­նու­­նը, միակ անու­­նը, որ բառերուն մէջ չէ։ Պակ­­սո­­­ղը։ Մտքին ներ­­քին ձե­­ւը։ Գրա­­գէտը ոչ կը հեր­­քէ, ոչ կը դա­­տէ-կը դա­­տապար­­տէ, ոչ ալ կը նե­­րէ։ Չի զբա­­ղիր սրբագ­­րումով ու մխի­­թարան­­քով, հո­­գինե­­րու հան­­գիստով կամ խո­­ցով։ Կը փնտռէ գե­­րիշ­­խան նա­­խադա­­սու­­թիւնը։
Գրա­­գէտը երբ կ՚երե­­ւակա­­յէ կը շա­­րու­­նա­­­կէ յի­­շել, իսկ երբ կը յի­­շէ կը հսկէ ան­­մե­­­ռոն ու անպա­­­տարագ, ոչ այնքան աւան­­դութեան, մշա­­կու­­թա­­­յին հարստու­­թեան եւ ու­­րիշ շատ մը պի­­տանի՜ բա­­ներու, որ­­քան լե­­զուին վրայ։ Մե­­ռելը հսկո­­ղի պէտք կ՚ու­­նե­­­նայ, կ՚ըսեն, այսինքն՝ մեռցնո­­ղի, որ­­պէսզի բո­­լորո­­վին ան­­ջա­­­տուի ու դառ­­նայ ինքզինք։ Կան որ կը լռեն, ու­­րի­­­շեր կ՚ող­բան։ Ասոնց մի­ջեւ կը սպրդի գրե­լու ցան­կութիւ­նը, բիրտ ու անո­ղոք, սուգ կը բռնէ։ Ատի­կա ան­հուն է, ինչպէս աղէ­տը, այ­սինքն վերջ չու­նի։ Բայց գրե­լը աղէտ մը չէ գրելի։

«Ակօս», Ապրիլ 24, 2015