30.10.14

Վահէն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ո՞վ է Վահէն. Պէրպէրեան Վահէն:
Բազմաթիւ մարդոց համար «մենախօսութեան վարպետը», ուրիշներու համար՝ դերասանը, բեմադրիչը, վիպագիրը, գեղանկարիչը, իսկ ինծի համար՝ այս բոլորը, առաւել՝ անկեղծ բարեկամ մը:
Վահէին հետ բարեկամութիւնս կ՚երթայ քանի մը տասնեակ տարիներ ետ: Պէյրութի «Փորձառական թատրոն»ի անդամ էինք երկուքս: Ինք՝ դերասան, իսկ ես՝ միշտ բեմի ետին, քուլիսային աշխատող, որպէս երաժշտական բաժինի պատասխանատու:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսած էր: Առաջին գաղթողներէն եղան թատերախումբի սիւներէն Վահէ Պէրպէրեանը եւ Արա Մածունեանը: Վահէն նախ հաստատուեցաւ Գանատա, ապա, կարճ ժամանակ ետք, չդիմանալով ցուրտ օդին՝ շունչը առաւ տաքուկ Գալիֆորնիոյ մէջ։
Գանատա գտնուած կարճ ժամանակամիջոցին, ան ներկայացուցած է իր իսկ գործերէն «Գիշերուան այցելուն», որ արժանացած է երեք մրցանակներու: Հազիւ Լոս Անճելըս հաստատուած, քանի մը ընկերներով հիմնած է Լոս Անճելըսի «Փորձառական թատրոնը»՝ միշտ իր կողքին ունենալով իր կողակիցը՝ Պեթին, իբրեւ բեմադրութեան օգնական, եւ Լիբանանի օրերէն մօտ ընկերը՝ Արա Մածունեանը: Իր իսկ գրութիւններէն ներկայացուցած են «Վարդագոյն փիղը», «Աւազախրում», «200», «Պարոն Կարպիս» եւ «Կեանք» թատերախաղերը, որոնք բոլորն ալ անխտիր արժանացած են թատերասէր հասարակութեան գնահատանքին: Յիշենք, որ «Վարդագոյն փիղը» թարգմանուած է անգլերէնի եւ բեմականացուած Լոնտոնի, Սաքրամենթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է նաեւ յունարէնի եւ ներկայացուած Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ (*):
Լոս Անճելըսի մէջ ուսած է լրագրութիւն եւ աւարտած բացառիկ յիշատակութեամբ, սակայն Վահէին նպատակը լրագրող ըլլալ չէր. իր իսկ խօսքերով՝ «Լրագրութիւն ուսանեցայ պարզապէս անգլերէն լեզուս զարգացնելու նպատակով», քանի որ միշտ միտքին մէջ ունեցած է անգլերէնով թատերախաղեր եւ շարժանկարի համար կտորներ գրել: Եւ յաջողեցա՛ւ:
Վահէն որքա՛ն հանրածանօթ է հայերու մօտ, նոյնքա՛ն եւ յայտնի դէմք է ամերիկեան ֆիլմարուեստի շրջանակներուն մէջ: Ան փոքր դերեր վերցուցած է աւելի քան 30 ամերիկեան ժապաւէններու մէջ: Վահէն, ի՛նչ ալ ընէ, լաւը կ՛ընէ: Իրեն քով միջակութիւն բառը գոյութիւն չունի: Վերջերս ամերիկեան շարժապատկերի մը մէջ դեր վերցուցած էր՝ որպէս ուտ նուագող, սակայն ան չուզեց պարզապէս մատները շարժելով ձեւացնել, թէ ուտ կը նուագէ: Երկար աշխատեցաւ եւ նուագել սորվեցաւ այդ բաւականին դժուար գործիքը: «Մէյ մը, որ սկսայ նուագելու այդ գործիքը, որ ժամանակին միտքիս ծայրէն իսկ չէր անցներ, կարծես սիրահարեցայ այդ գործիքին, եւ այլեւս ձեռքէս վար չեմ կրնար ձգել»:
Լոս Անճելըսի մէջ մնայուն թատրոն պահելը դիւրին գործ չէ, սակայն Վահէն երկար տարիներ կրցաւ ժողովուրդին ներկայացնել հիանալի թատերական կտորներ՝ շրջապատուած տաղանդաւոր դերասաններով, ապա, տասնեակ մը տարիներ առաջ, սկսաւ պատրաստել մենախօսութիւններու շարք մը, որ անհաւատալի ընդունելութեան արժանացաւ ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլ համայն աշխարհի մէջ, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունի: Իր մենախօսութիւններէն կարելի է յիշել «Եւ այլն»ը, «Նաեւ»ը, «Տակաւին»ը, «Սակայն»ը, իսկ նորագոյնը՝ «Եթէ»ն:
Անոնք մեր առօրեան կը ներկայացնեն այնքա՛ն պարզ, սակայն իրականութեան մէջ՝ այնքա՛ն խորունկ կերպով: Բոլորին նիւթերը առնուած են մեր առօրեայ կեանքէն: Շատ անգամ ան կը խօսի իր մօրը մասին. Վահէին մայրը իսկական հայ մօր մը տիպարն է, բարի ու միամիտ: Ան կը խօսի նաեւ իր հօրը մասին:
Հայր ու տղայ բնաւորութեամբ եւ ապրելակերպով այնքա՛ն տարբեր եղած են իրարմէ: Վահէն՝ մինչեւ մէջքը երկար հիւսուած մազերով, մատներուն քանի մը մատանիներով, ականջներուն՝ օղ, իսկ պարոն Ռաֆֆին՝ Վահէի հայրը, նոյնիսկ իր տան մէջ միշտ ճերմակ շապիկ հագած եւ փողկապը վիզը: Սակայն հայր ու տղայ ունեցած են նոյն հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ հայ գրականութեան:
Վահէ Պէրպէրեան վիպասանը… Երկու սքանչելի հատորներու հեղինակն է Վահէն. «Նամակներ Զաաթարէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ»:
Երկու հատորներն ալ լեցուն են «հիւմուր»ով եւ գրուած են մաքուր գրական լեզուով: Անոնք պարզ վէպեր չեն, փիլիսոփայութիւն են, ուր կեանքը ներկայացուած է ամենայն մանրամասնութեամբ: Երկու հատորներն ալ սպառած են. «Նամակներ Զաաթարէն»ին երկրորդ հրատարակութիւնը վերջերս լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, իսկ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ»ն թարգմանուած եւ հրատարակուած է թրքերէնով, Պոլսոյ մէջ:
«Տարիներ առաջ առաջարկեցին թարգմանել այս գործս, սակայն պայման դրին, որ «Ցեղասպանութիւն» բառը վերցնեմ», կ՛ըսէ Վահէ՝ աւելցնելով. «Ստորակէտ մը նոյնիսկ հրաման չեմ տար, որ փոխէք, ուր մնաց վերցնել Ցեղասպանութիւն բառը»:
Գործը թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յար եւ նման բնագիրին:
Գեղանկարիչը… Վահէ իր իւղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Լոս Անճելըսի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ: Վերացական են բոլորը: Ինծի համար՝ անհասկնալի: Օր մը, երբ Վահէի տունն էի, «Վահէ՛, բոլոր գործերդ կը հաւնիմ ու կը գնահատեմ անխտիր, սակայն իբրեւ անկեղծ բարեկամ, խոստովանիմ, որ իւղանկարներէդ շատ բան չեմ հասկնար», ըսի։
Ժպտեցաւ: Միասին գացինք իր արուեստանոցը: Քանի մը բացատրութիւններ տուաւ իր գծագրութիւններուն մասին եւ… ամէն ինչ յստակացաւ: Ամբողջ գիրք մը գրուած է այդ մէկ հատիկ իւղանկարին մէջ: Խօսուն պատմութիւն մըն է:
Վահէին հետ շատ չենք տեսնուիր: Բազմազբաղ է: Շատ կը ճամբորդէ, սակայն իրարու հետ միշտ կապի մէջ ենք, ըլլայ ե-նամակով թէ հեռաձայնով:
Մեր հեռաձայնային խօսակցութիւնը միշտ կը սկսի «ղուրպան»ով ու կը վերջանայ «պաչիկներ»ով:
Ո՞վ է Վահէն. Պէրպէրեան Վահէն:
Էութեա՛մբ արուեստագէտ Վահէն:

«Ասպարէզ», Հոկտեմբեր 24, 2014

------------------------
(*) «Վարդագոյն փիղը» առանձին հատորով լոյս տեսած է 1987ին («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment