Showing posts with label հայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label հայ գրականութիւն. Show all posts

16.5.18

Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի վերջին երկու տարիները

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:
Խմբագրութեան անդամները  երէց եւ  երիտասարդ սերունդի  գրողներ են, որոնք  նոր շունչով, նոր մօտեցումներով  եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:

12.3.18

Հայերէն blog – գրական գործարան մը

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
 
Տարի մը եւ տասը ամիսէ ի վեր արեւմտահայերէնով հետաքրքրուող, նոր խօսք, գեղարուեստական ճաշակ, նոր միտք որոնող ընթերցողներուն ուշադրութենէն չէ վրիպած հայկական կայքէջի մը ծնունդը, որ համացանցի վրայ էջք կատարած է անձայն, առանց շեփորահարելու իր աշխատանքը: Հայերէնի ծարաւով համացանցային աշխարհին մէջ շրջող ընթերցողն է միայն, որ կը գտնէ այս կայքէջը ու պեղելով անոր բովանդակութիւնը կ’ըմբռնէ, որ Հայերէն պլօկը օրըստօրէ հայերէնասիրութիւնը ապրումէն կեանքի, կեանքէն արտայայտչաձեւի կը վերածէ ու կը յայտնաբերէ հայերէն մտածող, հայերէնով շնչող եւ ստեղծագործող, հայերէնը ապրեցնող գրիչներ:
Կը խորհիմ, թէ պատահականութեան արդիւնքով չէ, որ Հայերէն պլօկը խորհրդանիշ ընտրած է պտղաբերութեան նշանը՝ նուռը. խորհրդանիշը անոնց, որոնց աշխատանքը կը ծնի ամբողջական ու կրքոտ նուիրումէն: Առանց այդ նուիրումին ու հոգեկան հզօր շարժումին, հաւանաբար այսքան բանուկ գործարանի մը չվերածուէր Հայերէն պլօկը: Գործարան կ’ըսենք, որովհետեւ անոր էջերուն վրայ օրական դրութեամբ արտադրուող տեղադրումներ կը տեսնենք։ Տեղադրումներ, որոնք սովորական պարտականութեան մը տուրքը չէ որ կը վճարեն, այլ հայերէնով վերածնելու կարելիութիւնը ցոյց կու տան՝ լեզուի նահանջը երգելով ծուլութեան անձնատուր եղողներուն։
Խմբագիրներու միջեւ հրապարակային զրոյցը եւ մտքերու փոխանակումը շահեկան համարելով, քանի մը հարցում կ’ուղղենք Հայերէն պլօկի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանին՝ ծանօթանալու եւ մեր ընթերցողները ծանօթացնելու հայ գիր ու գրականութեան շարժիչ ոյժը ցայտուն պահելու կոչուած այս կայքէջին՝ Հայերէն պլօկին առաջադրանքներուն։

22.6.17

«Հայ ժամանակակից գրականութեանն օժանդակելու ուղիղ մեթոդն այս տարի փոխարինուել է այլ ձեւերով»

ԱՐՄԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
 
Երեւանի «Իրատես» եռօրեան հարցազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեանի հետ։ Զրոյցի նիւթը հայաստանեան գրական շուկային մէջ սպասուող եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող փոփոխութիւններն են։ 

«ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄՆ ԱՅՍՏԵՂ ԿԸ ԼԻՆԻ ՇԱՏ ՆՈՒՐԲ, ՉԽԱՆԳԱՐՈՂ»
- Պետական աջակցութեան եւ այլ ծրագրերով զգալի թուով թարգմանական գրքեր են լոյս տեսնում: Տեւական ժամանակ այս դաշտը բաց է եղել: Գրքերի ընտրութիւնը, թարգմանութիւնների որակը գոհացնո՞ւմ են ընթերցողին եւ մասնագիտական շրջանակներին:
-Վերջին տարիներին ունենք այս ուղղութեամբ առաջխաղացում, եւ պետական աջակցութիւնն այստեղ մեծ դերակատարում ունի: Թարգմանական գրականութեան պետական օժանդակութիւնը ակտիւացաւ յատկապէս Երեւանը գրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն նախորդող տարում: Տարեկան տասնեակ գրքեր են հրատարակւում: Մենք արդէն հասել ենք նրան, որ որոշ դէպքերում գրքի բնօրինակի լոյս տեսնելուց յետոյ առաջին թարգմանութիւններից մէկը հայերէնն է:

9.4.17

Արեւիկ Աշխարոյեան. «Ճիշդ չէ պնդումը, որ Հայաստանում քիչ են կարդում»

ՍՈՒՐԷՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
 
Գրական գործակալի մասնագիտութիւնը աշխարհում մեծ պահանջարկ սկսեց վայելել  20-րդ դարի սկզբին:  Գրական գործակալը (literary agent) մասնագէտ է, ով կապում է հեղինակին հրատարակիչների, թարգմանիչների, ռեժիսորների հետ ու առհասարակ զբաղւում է հեղինակային իրաւունքի վաճառքով կամ աւելի պարզ` գրքերի պրոդիւսինգով:  Հայաստանում այս դաշտը գրեթէ դատարկ է, գործող գրական գործակալներից մէկը Արեւիկ Աշխարոյեանն է, ով այժմ ղեկավարում է 2016-ին հիմնադրուած «Արի» գրական գործակալութիւնը:
Մեդիամաքսը Արեւիկ Աշխարոյեանի հետ զրուցել է գրական գործակալի աշխատանքի, հայ ժամանակակից գրականութեան ներկայի ու ապագային, ինչպէս նաեւ վերջերս կայացած ամէնամեայ Լոնդոնի գրքի ցուցահանդէսի մասին, որտեղ կար նաեւ հայկական տաղաւար:                                    

2.9.16

Գրական դեգերումներ Հալէպի կրակների ընդմէջէն

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
 
Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանից «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» աշխատութիւնը, որը զոյգ նախաբաններով լաւագոյնս արժեւորել են Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը եւ Պոլսոյ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը:

17.6.16

Վտարումի պատմութիւն մը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ


Ծ.Խ.- Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմենճեան՝  բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Երեւանի պետական համալսարանէն, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին հայ գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ հաւաքման բնագաւառին մէջ նկատառելի վաստակ մը ունի, երկու տարի հայոց լեզուի եւ գրականութեան պաշտօնը վարած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Վերջին օրերուն, ըստ մեր աղբիւրներու տեղեկութիւններուն, կամայական որոշումով ան դուրս դրուած է վարժարանէն՝ առանց որեւէ բացատրութեան։ Նախքան վտարումը, փորձ մը եղած է, որպէսզի ան հրաժարական ներկայացնէ։ Տէյիրմենճեան մերժած է ընդառաջել նման առաջարկի մը, որուն համար որեւէ հիմք չկար։ Ցարդ պաշտօնական բացատրութիւն մը տրուած չէ այս որոշումին մասին, որ կը թուի ճնշումի մը հետեւանքը, ինչպէս կը կարդանք ստորեւ տրուող յօդուածին մէջ։ Մաղթելի է, որ պատկան մարմիններու միջամտութիւնը այս դէպքը հարթէ, ու նման ժամանակավրէպ, «ամիրայական» կեցուածքներ այլեւս տեղ չգտնեն Սփիւռքի հանրային կեանքին մէջ։ 

31.1.15

Կոստան Զարեանի մասին մենագրութիւն ռուսերէնով

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
 
Անցած տարի Միւնխէնում գործող LAP LAMBERT Academic Publishing հրատարակչութիւնը Համացանցից տեղեկացել է երեւանցի գրականագէտ Նարինէ Պետրոսեանի՝ հայ գրականութեան դասական Կոստան Զարեանի մասին պաշտպանած ատենախօսութեան մասին եւ դիմել է նրան՝ առաջարկելով ռուսերեն թարգմանութեամբ տպագրել նրա աշխատութեան մի մասը: Դժուար է ասել, թէ որն է եղել Կոստան Զարեանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը Միւնխենում (քաղաք, որտեղ գրողը երիտասարդութեան տարիներին մէկուկէս տարի բանտ է նստել՝ ռուս յեղափոխական շարժմանն աջակցելու համար): Սակայն փաստն ուրախալի է, որ եւրոպական մի հրատարակչութիւն լոյս է ընծայում գիտական աշխատութիւն մի հայ հեղինակի մասին, որը հայաշխարհում անգամ բաւարար չափով յայտնի չէ: Փաստն ուրախալի է, անգամ եթէ հրատարակութիւնը տիրաժաւորուած չէ, այլ տպագրւում է միայն Համացանցով պատուէր ստանալու պարագայում եւ ուղարկւում է պատուիրատուին (վերջին տարիներին տարածում գտնող մի երեւոյթ):

10.4.14

Պատասխան բարեւաժպիտ

ՅԱՍՄԻԿ ԻՍՈՅԵԱՆ

Վերջերս լոյս տեսաւ հայագէտ, պատմաբան, կինոգէտ, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու Արծուի Բախչինեանի «Ձնծաղիկները ֆուտբոլի դաշտում›› պատմութիւնների ժողովածուն (Արծուի ստորագրութեամբ): Ինչպէս հասկանալի դարձաւ վերը թուարկուած երկար (ու թերեւս դարձեալ ոչ լրիւ) ցանկից, հեղինակի հետաքրքրութիւնների շրջանակը շատ լայն է եւ ընդգրկուն, ընդ որում ամենայն խորութեամբ ու իմացութեամբ, պրոֆեսիոնալիզմի բացարձակ դրսեւորմամբ: Ինչպէս գրքի առաջաբանում նշում է Էլդա Գրինը, ‹‹բարեբախտաբար նա չի դասւում այն մարդկանց շարքին, ովքեր հակուած են խորանալու միայն մէկ, չափազանց նեղ ոլորտում: Նա զարմացնում է իր քաջատեղեակութեամբ …››:

5.4.14

Թարգմանութիւններ հայերէնից իսպաներէն


ԱՐԱՐԱՏ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գնահատելի է Սպանիոյ մէջ կատարուած թարգմանական աշխատանքը ծանօթացնելու այս ուսումնասիրութիւնը, որ կը ներկայացնէ կարգ մը հրատարակութիւններ եւ թարգմանիչներ, անծանօթ՝ նոյնիսկ իրազեկ մասնագէտներու։ Տեղեակ չէինք նոյնիսկ, որ Սպանիոյ մէջ հայերէն շաբաթաթերթ լոյս կը տեսնէ։ Յօդուածը կարիքը ունի հիմնական լրացումի, ինչ կը վերաբերի Սպանիայէն դուրս հրատարակուած գիրքերու (նաեւ՝ Սպանիա 1990ականներէն առաջ տպուած հատորներու)։  1920ական թուականներէն մինչեւ օրերս արձանագրուած են հայ գրականութենէն սպաներէն թարգմանութիւններ՝ Արժանթինի եւ Սպանիոյ մէջ, պարբերականներու մէջ թէ առանձին գիրքով լոյս տեսած։ Այդ մասին, տե՛ս մեր յօդուածը՝  «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», 2, 1991 (վերամշակուած ու լրացուած տարբերակը՝ Վարդան Մատթէոսեան, Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Անթիլիաս, 2009)։ Կարգ մը այլ լրացումներ կատարած ենք տողատակի ծանօթագրութիւններու մէջ։

10.1.14

«Ինքը գնաց՝ իր մաքրութեամբ մարդկանց չվարակած». հրաժեշտ Լեւոն Խեչոյեանին

Յունուար 10ին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տունը տեղի ունեցած՝ գրագէտ եւ ազատամարտիկ Լեւոն Խեչոյեանի հոգեհանգիստին ներկայ էին անոր ընկերները, գործընկերները, մարտական ընկերները, քաղաքական գործիչներ ու պաշտօնեաներ։

Ճառ՝ արտասանուած ՀՀ գրական պետական մրցանակ ստանալու առիթով (2000)

ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆ
 

Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Նախագահ, Տիկնայք եւ Պարոնայք...
 
Երբեք ինքս իմ առաջ, արեւածագի դէմ կանգնած, քուրմ չեմ ձեւացել, վախեցել եմ Մեծ գրականութիւնից...
Հիմա էլ ես գիտակցում եմ, որ պետական այս պարգեւը ոչ թէ ինձ է տրւում, այլ տարիների իմ տառապագին աշխատանքին, հաւատալով, որ հայրենի գրականութեանը ծառայելն աւելի շահաւէտ է, քան նրա զօրութեամբ արծաթ դիզելը, իսկ արդիւնքը ոսկու մաքրութիւնից էլ ազնիւ է... նաեւ զգօն գիտակցել եմ, որ դիզած այդ երեսուն արծաթով է գիշերները մեծ առեւտուրը կատարւում` համբոյրով մատնուածին խաչի փայտին գամելու շուրջ, իսկ արդարութեամբ յայտնի, ազնուագոյն ոսկին էլ քուրայի բոցերի վրայ է հալւում...

8.1.14

Մահ հայրենի արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի

«Հետք»ը կը հաղորդէ, որ այսօր՝ Յունուար 8ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է հայրենի տաղանդաւոր արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանը։
Քաղցկեղէ տառապած Խեչոյեանը բուժումի ենթարկուած էր Գերմանիոյ մէջ, որմէ ետք բժիշկներու խորհուրդով ետ ղրկուած էր Հայաստան։
Լեւոն Խեչոյեան ծնած էր Դեկտեմբեր 8, 1955ին, Ախալքաղալի շրջանի Բարալէթ գիւղը։ 1983ին աւարտած է Լենինականի (այժմ՝ Գիւմրի) մանկավարժական հիմնարկի բանասիրական ճիւղը։ 1987էն ի վեր կ՚՚ապրէր եւ կը ստեղծագործէր Հրազդան քաղաքը։ Մասնակցած է արցախեան ազատամարտին։ Առաջին հատորը («Խնկի ծառեր») հրատարակած է 1991ին։ 1999ին «Սեւ գիրք, ծանր բզէզ» վէպի համար արժանացած է «Ոսկէ եղէգն» պետական մրցանակին: Տպագրուած է շարք մը արտասահմանեան ամսագրերու մէջ։ 
Հանգուցեալ գրագէտին հետ վերջին հարցազրոյցը կարելի է ունկնդրել այստեղ.
 

6.12.12

Գրականութեան ազատութիւնը՝ փակուղու առաջ

ՎԻՈԼԵՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
 
Հ1-ի «Ազատ գօտի» հաղորդաշարը, չգիտես ինչու, հետեւողականօրէն, արդէն որերորդ անգամ բանավէճի թեմա է դարձնում գրականութեան ազատութիւնը` ամենատարբեր ու անկապ վերնագրերով: Վերջին երկմասանոցը կոչւում էր «Մտաւորական կրքեր» (առաջին մաս եւ երկրորդ մաս): Թէ ինչ կապ ունի «Մտաւորական կրքեր» ընդհանուր, լղոզած վերնագիրը գրականութեան հետ, պարզ չէ, բայց պարզ է հաղորդման հեղինակների` տեսարժան թամաշա ստանալու ակնկալիքը:

6.6.12

Ցանկ վնասակար եւ անօգուտ գրականութեան

ՀՐԱՆՏ ՏԷՐ-ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Նայում եմ գրապահարաններիս եւ մտորում. հայերէն գրքերի քանի՞ տոկոսն են համապատասխանում «թունդ հայրենասիրութեան» կողմից առաջադրուող «ազգային անվտանգութեան» չափանիշներին: Արդիւնքում առաջարկում եմ կազմել հետեւեալ մօտաւոր ցանկը, որը հետագայում` լրա- եւ վերամշակման արդիւնքում կարող է ընդունել ի գիտութիւն եւ ի կատար Հայաստանի ապագայ ռազմահայրենասիրական կառավարութիւնը: Ցանկը բաժանում եմ հետեւեալ մասերի` ա. միանշանակ վնասակար գրքեր, բ. կասկածելի գրքեր, գ. անօգուտ գրքեր:

5.1.11

Վարդան Մատթէոսեան եւ իր յարգելի վաստակը («Գրական-բանասիրական» ուսումնասիրութիւններ»ուն առիթով)

Հատոր մը հաստափոր՝ «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ»։
Մտաւորական մը բարեխիղճ ու համեստ՝ հեռաւոր Արժանթինի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ ինքզինք կատարելագործած։ Պատմութեան ու գրականութեան հանդէպ լուրջ հետաքրքրութիւն մը՝ «հրճուանքի ու տառապանքի զոյգ բաժիններու խտացումով» ձեւաւորուած։