Showing posts with label ֆրանսահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label ֆրանսահայ գրականութիւն. Show all posts

24.2.21

Զարեհ Որբունիի «Հալածուածներ» վիպաշարքին անդրանիկ հատորը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ

Երեւանի «Յովհաննիսեան» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսաւ ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունիի (Էօքսիւզեան, 1902-1980) վէպերու ժառանգութիւնը երեք հատորով ներկայացնող անդրանիկ հատորը, որ կը ներառնէ հեղինակին «Հալածուածներ» վիպաշարքին առաջին երեք վէպերը՝ «Փորձը» (Փարիզ, 1929), «Թեկնածուն» (Պէյրութ, 1967) եւ «Ասֆալթը» (Պոլիս, 1972) վէպերը: «Փորձը» վերատպուած էր Որբունիի երեւանեան հատորին մէջ (1966), բայց «Թեկնածուն» եւ «Ասֆալթը» երկրորդ հրատարակութիւն չէին ունեցած մինչեւ հիմա։

16.12.18

Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972. Նոյնէն այլը *

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ իրապէս հազուադէպ է տեսնել այսքան բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը, ինչպիսին է Գրիգոր Պըլտեանի ֆրանսահայ գրականութեան կէսդարեայ վաստակին նուիրուած շուրջ 900 էջ հաշուող այս կոթողային աշխատանքը:
Գործը, տուեալ հրատարակութենէն շուրջ քսան տարի առաջ պատրաստուած, ֆրանսերէնով գրուած հեղինակին երկրորդ աւարտաճառն է, որ թարգմանուած է Արփի Թոթոյեանի եւ վերաշարադրուած` Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ, ինչպէս գրքի առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք:

20.1.16

Վազգէն Շուշանեանի հետ՝ սիրոյ եւ մեղքի պարտէզներուն մէջ (մահուան 75ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն՝ որ ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամենէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է։
Կ՚ենթադրեմ որ սխալ չէ այս տեսակէտը։
Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30ական թուականներուն։
Լայն բազմութիւններու համար՝ հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները։