Showing posts with label Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան. Show all posts
Showing posts with label Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան. Show all posts

22.12.23

«Բագին»-ի կրակը չի կրնար մարիլ, որովհետեւ գրականութիւնը ժողովուրդի մը ինքնացման գերագոյն արտայայտութիւնն է»

 

«Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է յունուար 1962-ին` այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ «Բագին»-ի խնամքը փոխանցուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

«Բագին» 60 տարիներ շարունակ ստացած է ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ե՛ւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անվերապահ աջակցութիւնն ու եզակի գուրգուրանքը:

Հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող «Բագին»-ի 60-ամեայ ճառագայթող երթին եւ անոր յաղթանակած ուղիին մանրամասնութիւններուն եւ նորութիւններուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Բագին» գրական ամսագրի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին հետ:

16.5.18

Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի վերջին երկու տարիները

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:
Խմբագրութեան անդամները  երէց եւ  երիտասարդ սերունդի  գրողներ են, որոնք  նոր շունչով, նոր մօտեցումներով  եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:

19.4.16

«Բագին»ի նոր հանգրուանը

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըստ որուն աւելի քան 50ամեայ «Բագին» հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ, 1962էն ի վեր, այս տարի նոր փուլ մը կը թեւակոխէ։
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ.
«54 տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի մտաւորական ընտրանին "Բագին"ի մէջ գտած է ստեղծագործական եւ բանասիրական երկակի հարթակ մը, որուն վրայ վաւերական անուններու կողքին երեւցած ու կազմաւորուած են անոնց յաջորդող սերունդները: Կարօ Սասունիով, Եդուարդ Պոյաճեանով ու Պօղոս Սնապեանով ձեւաւորուած "Բագին" այսօր կը հանդիսանայ գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած` Սփիւռքի ամէնէն երկարակեաց եւ յարգելի հանդէսը: