Showing posts with label սուրիահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label սուրիահայ գրականութիւն. Show all posts

29.8.14

Մարուշ Երամեան. «Բանաստեղծութիւնը հաճոյք պէտք է պատճառէ…»

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ՆԱԶԼՈՒԽԱՆԵԱՆ

1. Ծնունդով որտեղի՞ց են ձեր նախնիները:
Նախնիներս վաղուց Հալէպ եղած են, թէ՛ հօրենական, թէ, մօրենական կողմս: Հօրենական կողմս՝ Գազանճեանները, Տիգրանակերտէն Հալէպ եկած են, մինչեւ Իսկէնտէրուն, ապա Ամերիկա երթալու նպատակով։ Սակայն երբ տեսած են, թէ Հալէպը որքան խաղաղ քաղաք է, որքան բարի ժողովուրդ ունի եւ աշխատանքի որքան առիթներ կան, որոշեր են հաստատուիլ: Իսկ մօրենական կողմս՝ Թօփճեանները, կու գան Չմշկածագէն, տեղահանութենէն շատ առաջ Հալէպ հաստատուած:

30.7.13

Մարուշ Երամեան. բանաստեղծութեան եւ հացի մասին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
«Երբեմն կը թուի, թէ յոյսեր կան լաւ ըլլալու, յետոյ յանկարծ այնպիսի լուր մը կը ստանանք, որ բոլոր յոյսերը շառաջով կը փլչին»: Այս բառերով կը բացուի խօսակցութիւնս պատերազմի բովին մէջ մինչեւ օրս դիմացող հալէպահայ գրագիտուհիին հետ:
Գաղտնիք չէ, որ Մարուշ Երամեանը հալէպահայ գրականութեան ամէնէն ազդեցիկ ձայներէն է այսօր: Զանազան առիթներով փորձած եմ հետը զրուցել, բայց միշտ հանդիպած եմ անոր աւելի քան «խօսուն» լռութեան: Լռութիւններ կան, որոնք աւելի ուժեղ են, աւելի ըսելիք կը պարունակեն, քան շատերու կողմէ հնչեցուած պոռոտախօսութիւնները: