Showing posts with label արժանթինահայութիւն. Show all posts
Showing posts with label արժանթինահայութիւն. Show all posts

6.9.16

Երեք նամակ Պետրոս Հաճեանէն

«Պետրոս Հաճեան ծնած է Ճարապլուս (Սուրիա) 1933ին: Ուսուցչութեամբ զբաղած է նախ Տէր Զօրի հայկական վարժարանը (1954), ապա Հալէպ, ուր նաեւ վարած է «Արեւելք» օրաթերթի փոխխմբագիրի պաշտօնը: 1968-1970 թուականներուն եղած է Քարէն-Եփփէ ճեմարանի տնօրէն: 1970ին մեկնած է Պուէնոս Այրէս, ուր 35 տարի վարած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան տնօրինութիւնը, «Արմենիա» օրաթերթի խմբագրութիւնը (1971-1986): Մնայուն ներկայութիւն եղած է սփիւռքահայ մամուլին մէջ: 60 տարուան անխոնջ ներկայութիւն՝ իբրեւ հանրային, ուսուցչական, հրապարակախօսական ու գրական գործիչ: Ունի հատորներ: Մահացաւ Պուէնոս Այրէս, 4 Սեպտեմբեր 2012ին:
Նամակներուն լուսապատճէնները մեզի տրամադրած է  այրի Տիկին Սօսի Հաճեան, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը: Նամակները ձեռագիր են» (ՀԱՅԵՐԷՆ blog):
Սոյն արտատպումը կը կատարուի ՀԱՅԵՐԷՆ blog-ի վարչութեան թոյլտուութեամբ, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը («Հայկականք»)։

16.11.14

«Սփիւռքում հայ մնալու համար այլեւս միայն պատմութիւնը բաւարար չէ»

ՍՈՒՐԷՆ Թ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ առիթ է լինում Սփիւռքի ու սփիւռքահայութեան մասին գրելու, յատկապէս Հայոց մեծ ողբերգութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախօրէին, ակամայ մտածում եմ` անհրաժեշտ է, որ բոլորս մէկտեղենք մեր կորովն ու վճռականութիւնը, յստակեցնենք իւրաքանչիւրիս անելիքը արդարութեան վերահաստատման եւ Հայոց պահանջատիրութեան արդարացի լուծման ճանապարհին: Այսօր շատ կարեւոր է, թէ ինչպէս է Սփիւռքի համար ներկայանում Հայրենիքը: Շատ սփիւռքահայերի համար նոյնքան հարազատ է մեր երկիրը, նրանք նոյն ձեւով ուրախանում ու տառապում են նրա լաւ ու վատով, աշխարհի տարբեր ծայրերում բնակուելով` նոյն ձեւով հպարտանում են մեր յաղթանակների եւ նուաճումների համար: Սակայն ոչ պակաս կարեւոր է, թէ ինչպէս է Հայաստանում ապրող մեր ժողովրդի համար ներկայանում սփիւռքահայութիւնն իր ազգային, հասարակական կեանքով, իր անուանի անհատներով, իր կառոյցներով ու գործունէութեամբ: Համոզուած եմ նաեւ, որ հայաստանցին պէտք է ճանաչի Սփիւռքը, հասկանայ, թէ որտեղից է գալիս իր` հեռաւոր, երբեմն նոյնիսկ երբեք չտեսած հայրենիքին օգտակար լինելու մղումը: Կարծում եմ, որ ամենաառաջնային պատմական անցեալի վէրքով հիմնական նմանութիւնը, որ մէկ դար շարունակ սեղմում է մեր կոկորդը, պիտի փոխարինելու գայ յաղթողի, բարգաւաճ ու հզօր լինելու, իր ապագան իր ձեռքով կերտողի զգացողութիւնը:Այս մտորումներով գնացի իմ լաւ բարեկամ, մերօրեայ սփիւռքահայ իրատես ու քաղաքական կեանքում մեծ փորձի տէր, հեռաւոր Արգենտինայում հայոց ցեղասպանութեան իրաւատէրերի առաջամարտիկ Սերխիօ Նահապետեանի հետ հարցազրոյցի:

4.9.14

Անմոռանալի Պետրոս Հաճեանը (մահուան Բ. տարելիցին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Երկու տարի ի վեր, Սեպտեմբերի 4-ը տխուր թուականի մը վերածուած է ինծի համար։ Տխուր եւ ափսոսալի թուական մը, որ մեզմէ խլեց սիրելի դէմք մը՝ գրագէտ, վաստակաշատ ուսուցիչ եւ բեղուն հրապարակագիր Պետրոս Հաճեանը։

27.2.14

Լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Պուէնոս Այրէս, Արմէնիա փողոց» գիրքը

Լոյս տեսաւ հալէպահայ գրագէտ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանի նոր՝ «Պուէնոս Այրէս-Արմէնիա Փողոց»ը գիրքը։
«Ինչպէս անունէն ալ յայտնի կը դառնայ, այս գիրքը կը բովանդակէ այն յօդուածները, զորս ան գրի առած էր, երբ 2011 թուականին Պուէնիս Այրէս գացած էր, հրաւիրուած ըլլալով որպէս առաջին բանախօս այժմ հանգուցեալ Պետրոս Հաճեանի յոբելենական հանդիսութեան։ Յօդուածաշարքը ատենին հրատարակուած էր "Մարմարա"յի մէջ։ Ի՜նչ մեղք որ այս այցելութենէն հազիւ տարի մը վերջ Պետրոս Հաճեան անակնկալ մահով պիտի բաժնուէր մեզմէ։ Բայց անկէ առաջ Լեւոն Շառոյեան, շնորհիւ իւրայատուկ ուշադրութեան ու հայապահպանման գործերու նկատմամբ իր ունեցած բծախնդրութեան, Պետրոս Հաճեանի առաջնորդութեամբ առիթը ունեցած էր հաղորդուելու Պուէնոս Այրէսի հայկական շունչով, տեսակցութիւններ ունեցած էր զանազաններու հետ, պտոյտներ ըրած էր՝ միշտ իր մորթին վրայ զգալով Պուէնոս Այրէսի մէջ Արմէնիա անունով մկրտուած համեստ փողոցին հարուստ ապրումները», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։