4.9.14

Անմոռանալի Պետրոս Հաճեանը (մահուան Բ. տարելիցին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Երկու տարի ի վեր, Սեպտեմբերի 4-ը տխուր թուականի մը վերածուած է ինծի համար։ Տխուր եւ ափսոսալի թուական մը, որ մեզմէ խլեց սիրելի դէմք մը՝ գրագէտ, վաստակաշատ ուսուցիչ եւ բեղուն հրապարակագիր Պետրոս Հաճեանը։
Արդարեւ, Պուէնոս Այրէսի մէջ է որ ան յանկարծամահ եղաւ 4 Սեպտեմբեր 2012-ին, որբ թողլով թէ՛ իր բազմանդամ ընտանիքը, թէ՛ արժանթինահայ գաղութը (ուր հայերէնով գրականութիւն մշակող ՄԻԱԿ անձն էր), թէ՛ հայ վարժարանը (ուր 40 տարիէ հայերէն կը դասաւանդէր հաւատարմօրէն), եւ թէ՛ սփիւռքահայ մամուլը (որուն կարգ մը անուններուն մնայուն աշխատակիցն էր)։
Պետրոս Հաճեան, իսկապէս, Սփիւռքի ստեղծած բացառիկ ու թանկագին արժէքներէն մէկն էր։ Հրապարակագրական ասպարէզին մէջ հմտացած ու այնտեղ հեղինակութիւն դարձած անուն էր արդէն՝ երբ քիչ մը ուշ, մուտք գործեց գրականութեան մայր դարպասէն…։ «Կարկեմիշ» անուն իր հրաշալի վէպը (2005), որ մեր մտքերուն մէջ կը վերակենդանացնէր Ճարապլուսն ու անոր վարքն ու բարքը, դափնեպսակ մը դրաւ գրողի իր գլխուն վերեւ։ Հիանալի պատմութիւններ, հմայիչ ոճ, նախանձելի ու բարձրորակ հայերէն մը, զոր կը փնտռէինք բաւական երկար ատենէ ու չէինք գտներ…։
Բախտն ունեցանք (միշտ ի՛ր կարգադրութեամբ ու ջանքերով) ճամբորդել մինչեւ Արժանթին ու հոն մեր համեստ ձայնը բերել՝ իրեն ի պատիւ սարքուած յոբելենական հանդիսութեան (2011 Մայիս)։ Անմոռանալի ու փառաւոր գրական երեկոյթ մըն էր, լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ալ ներկայութեամբ…։
Չեմ գիտեր, թէ Պուէնոս Այրէսի սպանախօս հայ գաղութը ինչպիսի՞ պարապութիւն մը կը զգայ (կամ կ՛ապրի)՝ Պետրոս Հաճեանին անցումով…։ Հիմա գաղութը զրկուած է իր հայագիր գրիչէն, զրկուած է իր հայախօս բեմասացէն, զրկուած է այն մշակութային-գրական-կրթական ու հայագիտական հարուստ փորձառութենէն՝ որ Պետրոս Հաճեանինն էր, եւ որ օրն ի բուն ի սպաս կը դրուէր Արժանթինի հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքին…
Հաճեան, 2003-ին հրատարակած էր «Կար ու չկար» վերնագրով պատմուածքներու շատ սիրուն ժողովածու մը, որուն պատումներուն կէսը կու գար Հալէպէն, միւս կէսն ալ Արժանթինէն։ Հիմա, ինք ալ դարձած է դէմք մը, թէեւ անմոռանալի, բայց որ «կար ու չկար»…։

Facebook/Aleppo Armenians

No comments:

Post a Comment