«Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է յունուար 1962-ին` այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իսկ մօտաւորապէս երեսուն տարի առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ «Բագին»-ի խնամքը փոխանցուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:
«Բագին» 60 տարիներ շարունակ ստացած է ե՛ւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ե՛ւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անվերապահ աջակցութիւնն ու եզակի գուրգուրանքը:
Հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող «Բագին»-ի 60-ամեայ ճառագայթող երթին եւ անոր յաղթանակած ուղիին մանրամասնութիւններուն եւ նորութիւններուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց «Բագին» գրական ամսագրի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»-ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը: «Բագին»-ի 60-ամեայ ջահի իբրեւ ժառանգորդ խմբագիր, խնդրեմ, ամփոփ կերպով ակնարկ մը կատարեցէք անոր 60-ամեայ պատմական լուսաւոր երթին եւ ներառեցէք ներկայի խմբագրական խորհուրդին եւ անձնակազմին մասին լուսաբանութիւններ:
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԵՃԵԱՆ-ԱՃԵՄԵԱՆ.– Դժուար է համառօտ կերպով ներկայացնել «Բագին»-ի վաթսուն տարուան պատմութիւնը: Հաւանաբար սփիւռքի մէջ չկայ նման գրական պարբերական մը, որ իր շուրջ համախմբած ըլլայ հարիւրաւոր գրողներ, որոնց արտադրած գրականութիւնը այդքան հարազատօրէն ներկայացնէ սփիւռքը` Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա, Եւրոպա, Պոլիս եւ այլն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հայաստանը` իր ստեղծագործողներու դիմագիծով եւ մտահոգութիւններով:
Բայց եթէ պիտի անդրադառնանք «Բագինի 60-ամեայ երթին, կարեւոր է ընդգծել հետեւեալը. «Բագին»-ը ծնունդ առած է այնպիսի ժամանակշրջանի մը, երբ Միջին Արեւելքը, մանաւանդ Պէյրութը կ՛եռար լեզուի ու ինքնութեան վերընձիւղումի համատարած փորձառութեամբ եւ անոր ընդմէջէն ինքզինք ստանձնելու հաւաքական կամքի գիտակցութեամբ, որ կ՛ուզէր կասածը, կտրուածը կամ խափանուածը ստանձնել ու շարունակել: Ահա, այս հաւաքական վերածնունդի տարիներուն «Բագին»-ը չէր կրնար անմասն մնալ այս փորձառութենէն: Ան կը ծնի ոչ միայն գրական ժառանգութեան մը աւանդապահը ըլլալու յանձնառութեամբ, այլ նաեւ` այդ ժառանգութիւնը թարմ ուժերով համալրելու եւ յարատեւութիւնը ապահովելու կամքով, երեւոյթ մը, որ մինչեւ օրս կը յատկանշէ «Բագին»-ի երթը:
Երկրորդ` «Բագին»-ը հրապարակ եկած է, երբ գրական գետնի վրայ կարիքը կար «կեդրոնաձիգ եւ գրական կամուրջ» հանդիսացող հարթակի մը: Այս մասին կը կարդանք առաջին խմբագրականին մէջ, քանի որ սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն մեր պատմութեան մէջ իր անզիջող տեղը ունեցող եւ բովանդակութեամբ հարուստ` Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը, իր վաստակաշատ խմբագրին` Ռուբէն Դարբինեանի տարիքին բերումով կորսնցուցած էր իր աշխուժութիւնը, Պէյրութի «Ակօս» հանդէսին հրապոյրը խամրած էր, որովհետեւ չկային թերթին մղիչ ուժը հանդիսացող հիմնադիրները` Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը եւ Գասպար Իփէկեանը, իսկ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթն ալ հեռացած էր գրականութենէն եւ իր դիմագիծը փոխելով` դարձած էր կուսակցական, ազգային ու եկեղեցական պայքարներուն տեղ տուող թատերաբեմ: Հետեւաբար «Բագին»-ը եկաւ դառնալու այն խանդավառ բեմը”, որ կրցաւ գրողները քով քովի բերել եւ աշխատանքի մղել: Ահաւասիկ` այլ առանձնայատկութիւն մը, որով կը յատկանշուի «Բագին»-ի պատմութիւնը:
Աւելի՛ն. իր վաթսունամեայ երթին ընթացքին «Բագին»-ը հաւատարիմ մնաց իր հիմնադիրներու երազին` հանդիսանալով տարբեր սերունդներ հիւրընկալող գրական բեմ մը, ինչպէս նաեւ մինչեւ օրս ըլլալով հաւաքավայրը ոչ միայն Միջին Արեւելքի կամ Լիբանանի գրողներուն, այլեւ` սփիւռքի համարեա՛ բոլոր գրողներուն, ներառեալ` բոլոր անոնց, որոնք գրող դառնալու ճամբուն վրայ իրենց ինքնահաստատման փորձերը կը վստահին «Բագին»-ի խմբագրութեան:
Ինչ կը վերաբերի խմբագրական կազմի մասին լուսաբանումներուն, կ՛ուզեմ արձանագրել հետեւեալը, անշուշտ բոլորս ալ գիտենք, որ «Բագին»-ի լոյս աշխարհ գալուն հիմնական մղիչ ուժը հանդիսացած է «Բագին»-ի երկարամեայ խմբագիրը` Պօղոս Սնապեանը, խմբագրութեան առաջին տարիներուն իր կողքին ունենալով` Կարօ Սասունին, Եդուարդ Պոյաճեանը, Վահէ Օշականը, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը, Տիգրան Ոսկունին եւ Յարութիւն Գեղարդը: Բայց, իր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով, խմբագրութիւնը հետագային համալրուած է նաեւ երիտասարդ մտաւորականներով, որոնցմէ կ՛ուզեմ առանձնացնել Յարութիւն Պէրպէրեանը եւ Սարգիս Կիրակոսեանը, որոնք իրենց խմբագրական աշխատանքներով, գեղարուեստական գրականութեամբ, գրաքննադատական յօդուածներով եւ թարգմանական աշխատանքով թարմութիւն բերին «Բագին»-ին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այսօրուան խմբագրական խորհուրդի անդամներուն, անոնք կու գան սփիւռքի բոլոր ծայրամասերէն: Իրենց աշխատանքներով արեւմտահայերէնին կենսունակութիւն տուող եւ անոր շարունակականութեան հաւատացող խումբ մը բանասէրներ եւ գրողներ են անոնք, որոնք իրենց փորձառութեամբ կը հարստացնեն «Բագին»-ի խմբագրական աշխատանքը եւ իրենց խորհուրդներով կը նպաստեն «Բագին»-ի յառաջընթացին: Առ այդ, փոխխմբագրի պաշտօնը ստանձնած է «Բագին»-ի երկարամեայ աշխատակից, երկար տարիներ «Բագին»-ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Վարդան Մատթէոսեանը: Իսկ խորհուրդի անդամներն են` Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան), Շաղիկ Մկրտիչեան (Լիբանան), Սեւան Տէյիրմենճեան (Պոլիս), Մարուշ Երամեան (Եգիպտոս), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին), Յակոբ Կիւլլիւճեան (ԱՄՆ),Միրնա Տուզճեան (ԱՄՆ), Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատա), Անուշ Ակներեան (Քանատա), Աւետիս Հաճեան (Իտալիա), Կարէն Ճալլաթեան (Հունգարիա) եւ Արամ Պաչեան (Հայաստան): Իսկ «Բագին»-ի գրասենեակի գործավարն է Նայիրի Ադամեանը:
«Ա.».- Գիտենք, որ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, «Բագին»-ը գաղտնաբար մուտք կը գործէր Հայաստան` մատչելի դառնալով ազգային գաղափարախօսութեան արտայայտութեան կարօտ մտաւորականութեան: Իբրեւ արդիւնք` հայրենիքի եւ սփիւռքի համախոհ տարրեր իրարու կը ծանօթանային եւ մտերիմ բարեկամներ կը դառնային: Այսօր հայրենիքի պայմանները տարբեր են, «Բագին» ինչպէ՞ս կը կամրջէ Հայաստանն ու սփիւռքը իրարու եւ տակաւին կը յաջողի՞ վառ պահել իր «անցեալի առաքելութիւնը», թէ՞ տարբեր նպատակներ եւ հորիզոններ կը հետապնդէ:
Ս. Ք. Ա.- Ճիշդ էք, Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, «Բագին»-ը գաղտնաբար մուտք կը գործէր Հայաստան եւ ձեռքէ ձեռք կը խլուէր, քանի որ յանդգնութիւնը ունէր դէմ կենալու Խորհրդային գրաքննութեան արդիւնք` գրական աղաւաղումներուն: «Բագին»-ը փնտռուած գրական հանդէս էր նաեւ, որովհետեւ հոն է, որ գրողները կը տեսնէին իրենց համար արգիլուած գաղափարական ազատութեան արտացոլացումը` ոչ միայն արծարծուած նիւթերուն պատճառով, այլ նաեւ` ոճի ու լեզուի առումներով: Հոն է, որ երկաթէ վարագոյրին ետին մնացած մտաւորականութիւնը դէմ յանդիման կու գար խորաթափանց վերլուծութիւններու, կը գտնէր իր ներշնչման աղբիւրը` կարենալ կազմաւորելու համար գրողի իր ինքնութիւնը:
Այսօր բարեբախտաբար փշալարերը կտրուած են, եւ արիւնոտ վարագոյրը ինկած է, հետեւաբար կամրջումի պայմանները փոխուած են: Կամրջումը այսօր ոչ միայն մեր գրականութեան երկու հատուածները զիրար ծանօթացնելուն մէջ կը կայանայ, այլ` առնուազն այդ գրականութիւնը կարդալու, զիրար ճանչնալու, զիրար յարգելու, հրապարակայնօրէն զիրար վերլուծելու եւ երխօսակցութեան եզրեր որոնելուն մէջ:
Բայց «Բագին»-ը, սփիւռքի մէջ ըլլալով գրական միակ պարբերականը, բնականաբար իր էջերուն մեծամասնութիւնը կը տրամադրէ արեւմտահայերէնով ստեղծագործողներուն: Հայաստանի մէջ չեն պակսիր գրական բեմերն ու հրատարակչատուները, որոնք մեծ մասամբ հետաքրքրուած են տեղւոյն ստեղծագործողներու գրականութեան հրատարակութեամբ: Հետեւաբար ճիշդ պիտի չըլլար մեր առաքելութեան հիմնական նպատակներէն մէկը դարձնել հայ գրականութեան այդ հատուածին ծանօթացումը: Մեր առաջնահերթութիւնը այսօր սփիւռքի փորձառութեան, սփիւռքի գրական միտքը կենդանի պահելն է:
«Ա.».- Այս վերջին տարիներուն գիրքերու ընթերցանութեան նահանջը ընդհանրապէս, ստեղծագործական դանդաղութիւնը եւ կամ անտարբերութիւնը` յատկապէս, ակներեւ է մեր կեանքին մէջ: Այս կացութիւնը վստահաբար իր անդրադարձը ունի նաեւ «Բագին»-ի գոյատեւման երթին կասեցման վրայ: Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք վիճակը եւ ի՞նչ միջոցներու կը դիմէք յաղթահարելու զանոնք:
Ս. Ք. Ա.- Այո՛, այդ մէկը ընդհանուր երեւոյթ է: Զուարճանքի ու ժամանցային անբան զբաղումի պէտքերուն գոհացում տուող պաստառներուն ու գործիքներու բազմացումը իրենց անդրադարձը ունին բոլորիս ժամանակին վրայ, յաճախ` ի վնաս այլ գործունէութեանց, օրինակ` ընկերային շփումներու, կամ այս պարագային` ընթերցանութեան: «Պարապ վախտի խաղալիք»-ի պահանջը անշուշտ նոր չէ, ոչ ալ` անբնական: Միշտ ալ մարդիկ պէտք ունեցած են ատոր. փաստ` մինչեւ օրս խաչբառերու, բառխաղերու, թիւերով զանազան մտքի զբաղումներու ներկայութիւնը մեր կեանքերէն ներս, եւ ատիկա` տպագրական գիւտի ու մանաւանդ մամուլի առաջին օրերէն սկսեալ: Ըսի-ըսաւի, շաղակրատութեան, զգայացունց լուրերու կամ, ըսենք զուարճասիրա-արկածախնդրական նիւթերով գրականութիւն մը միշտ պէտք մը կը գոհացնէ: Այս բոլորը առաջ կ՛ըլլային գիրով: Հարցը ասոնց գերակայ ներկայութիւն դառնալն է` սկսեալ հեռատեսիլի գիւտէն, բայց մանաւանդ` համացանցի ու մեր կեանքերուն մէջ առձեռն պաստառներու ներխուժումէն ի վեր: Այսօր «Թիք թոք»-ի քանի մը երկվայրկեաննոց հոլովակներ կամ Դիմատետրի ու այլ ընկերային ցանցերու վրայ ժամերով նաւարկումը անխուսափելի դարձած է մարդկութեան մեծ մասին համար, ինչ որ քիչ կամ բնաւ ազատ ժամանակ կը ձգէ ընթերցումին: Ինչ որ ժամանակին նոյնիսկ ժամանցի ու զուարճացումի ծիրէն ներս կը պահանջէր հետեւողական ընթերցում ու անոր տրամադրուածութիւն: Այսօր այդ բոլորը մեր աչքերուն կը դիմեն, կը խուժեն մեր ակնակապիճներէն ներս` առանց դիմադրութեան, բայց մանաւանդ` առանց մտքի մասնակցութեան: Պաստառներուն դէմ յանդիման միտքը կը գտնուի նուազագոյն մասնակցութեան եւ կրաւորական դիրքի մը մէջ: Այնպէս որ, ընթերցումի վարժութիւնը, մանաւանդ ոչ էականին` գործէն ու դասէն դուրս, ըսենք, կամ քիչ մը երկար ընթերցումի վարժութիւնը վտանգուած ունակութեան մը կարգավիճակին մէջ սկսած է յայտնուիլ, այսօր մանաւանդ` խանձարուրէն պաստառով սնանած սերունդին մօտ: Պարզ է, որ գրականութեան ընթերցումը նոյնպէս պիտի տուժէ նոյնքան ու ալ աւելի, քան երկար ընթերցումը ընդհանրապէս:
Ասոր դիմաց, երբ այդ գործիքներուն բերած նորութիւնը արդէն կ՛անցնի, ու անոնք կը վերածուին հասարակ փորձառութեան, մարդ ակամայ կ՛անդրադառնայ գրական ընթերցումին բերած անհամեմատ հաճոյքին, երբ միտքը ինքն է, որ գիրերը կը վերածէ պատկերներու ու պատմութեան շղթայի: Երեւակայութեան անմասն ներկայութիւնը այդ գործընթացին մէջ ընթերցումի հաճոյքին կու տայ այնպիսի սաստկութիւն, որ ընթերցողը կը սկսի փնտռել այդ զբաղումը` ի հեճուկս միւս բոլոր նորութիւններուն, պայմանաւ որ գիտակցութիւնը ունենայ այդպիսի հաճոյքի մը գոյութեան:
Խնդիրը այն է, որ գրականութիւնն ու ընթերցողը ոչ միայն զիրար կը գտնեն, այլ զիրար կը կազմաւորեն: Պէտք մը կը լրացուի, եւ միաժամանակ գիր ու գրականութիւն կը զարգանայ:
Այնպէս որ, հարցումը, թէ պէտք է դնել, հետեւեալն է. ի՞նչ կ՛ընենք գրականութիւն սպառողներ պատրաստելու համար` ընդհանրապէս, որեւէ լեզուով, բայց մեր պարագային, մանաւանդ` հայերէնով ընթերցողներ, այդ ընթերցումին հաճոյքը գիտցող ու զայն փնտռողներ հասցնելու ի խնդիր: Շատ բան կայ ընելիք: Գրական թերթ մը, անոր շուրջ հաւաքուած գրողներ կրնան խանդավառութիւն ստեղծել այդ լեզուին ու անով ստեղծուող գիր ու գրականութեան շուրջ: Սակայն այդ ամէնը հաւաքական գիտակցութիւն մըն ալ կ՛ուզէ, ոչ թէ պարտքի կամ պարտականութեան վրայ հիմնուած, այլ անհրաժեշտութեան` օդի ու ջուրի պէս: Գրականութեան հաճոյքը պահանջէ մը կը ծնի, սակայն առանց խնամքի, գուրգուրանքի, սնունդի` ան չի զարգանար ու չի հասցներ ընթերցող հասարակութիւն: Պահ մը հարիւր տարի առաջ գացէք: Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ այսօր այս հարցումը հոս, սա պահուս կրնանք դնել միասնաբար` գրական թերթի մը 60-ամեակին առիթով: Հարիւր տարի առաջ մարդիկ բնազդաբար գիտակցեր էին, որ հիմնականը տգէտ, անօթի ու ոչ հայախօս զանգուածներէն հայերէն ընթերցողներ հասցնելն էր: Այսօր, այսքան տասնամեակ ետք ո՞ւր կը գտնուինք այդ գիտակցութեան հանդէպ, եւ եթէ հեռացած ենք անկէ կամ տակաւ կը հեռանանք, ստիպուած ենք մենք մեզի հարց տալու, թէ ինչո՞ւ: Ստանձնումի խնդիր մը կայ` ինքզինք ստանձնելու: «Բագին»-ը այդ է, որ կը փորձէ ընել` այս լեզուն հրամցնելով իր ընթերցողներուն, ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս վերջնական կործանումէ մը ետք, հաւաքական գիտակցութեամբ վերածնած այս լեզուն ունի պատմութիւն մը ու զարգացման ընթացք մը, որ զինք պիտի տանէր վերելքի մը ու պիտի կարենար հասցնել աննուաճելի թուացող բարձունքներու նուաճումին: Այդ ամէնը` առանց պետութեան մը ընձեռելիք նեցուկներուն: Հրաշքի համազօր երեւոյթ է: Պիտի ուզէինք, որ այս 60-ամեակը յարգանքի մը տուրքէն անդին` ըլլար խթան, որ մարդիկ մտածէին մեր լեզուի իւրայատուկ իրավիճակին մասին օտարութեան մէջ, իւրայատուկ այն իրականութեան, որ քանի մը սերունդի վրայ այս լեզուով տուաւ գիր ու գրականութիւն: Բայց մանաւանդ մտածէին անոր ինչուին մասին: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք, որ այս լեզուն շարունակուի, մանաւանդ որ այսօր գրեթէ ամէն տեղ, տարօրինակ ձեւով այս լեզուին միւս մասնաճիւղին «հայրենիք» հայթայթած հողատարածքին վրայ անգամ մարդ կրնայ հանգիստ ապրիլ առանց անոր: Եւ ուրեմն` ինչո՞ւ հայերէն: Դեռ ո՛ւր մնաց` ինչո՞ւ հայերէն գրականութիւն: Այս հարցումը անհեթեթ կամ գայթակղեցուցիչ թող չթուի: Անոր պատասխանէն կախեալ է մեր բոլորիս ապագան` հոս եւ քիչ մը ամէն տեղ միաժամանակ:
«Ա.».- Ներկայիս «Բագին»-ը իր պարունակութեամբ եւ բովանդակութեամբ արդիականութիւն բուրող միջավայր մըն է: Խնդրեմ` ընդարձակ կերպով խօսինք կայքէջին, թուայնացման աշխատանքներուն, «Բագին մատենաշար»-ին, լսատեսողական նիւթերու բաժինին եւ կատարուած բոլոր նորութիւններու մանրամասնութիւններուն մասին:
Ս. Ք. Ա.- «Բագին»- ի 60-ամեակի նախասեմին աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուեցան «Բագին»-ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքէջին վրայ` լիովին որոնելի համակարգով:
Մինչեւ 2021 թուական` «Բագին»-ի իւրաքանչիւր հրապարակուած թիւ, հրատարակութեան զուգահեռ, pdf ներբեռնելի տարբերակով կը զետեղուէր Համազգայինի պաշտօնական մայր կայքէջին վրայ:Սակայն պարբերաթերթը իր պատճէնահանուած տարբերակի բոլոր էջերու թերթատումով դժուար օգտագործելի կը դառնար գիտաշխատողներուն ու գրականութիւն ուսումնասիրողներուն համար:
Արդարեւ, «Բագին»-ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ եւ անձնակազմի երկու տարուան անխոնջ ջանքերուն եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղաւ «Բագին»-ի բոլոր թիւերը անխտիր թուայնացնել` պատրաստելով անոնց մատենագիտական ցանկերը, ըստ յօդուածներու, գրողներու եւ ժանրերու, կցուած` բանալի բառերու պիտակաւորումներով: Այս բոլորին կողքին, յատուկ աշխատանք տարուեցաւ կայքը ներկայացնելու գեղագիտական յատուկ ճաշակով ու ձեւաւորման որոշ որակով ու նորարար բովանդակութեամբ, ուր կարելի է գտնել պատմական ու արխիւային լուսանկարներ` իրենց բացատրութիւններով. Կայքը ունի նաեւ լսատեսողական նիւթերու բաժին, որ պարբերաբար պիտի թարմացուի եւ հարստացուի:
«Բագին»-ի կայքէջի անհրաժեշտ այս աշխատանքը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել` առանց Կեդրոնական վարչութեան ամբողջական նեցուկին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի յատուկ դրամաշնորհին, որ հաւատք ընծայելով այս գործի կարեւորութեան` հովանաւորեց կայքէջին պատրաստութիւնը:
Վաթսունամեակի առիթով նաեւ ստեղծուեցաւ «Բագին մատենաշար»-ը, որ կը բանանք յիսնամեակի մը վրայ ցրուած` Յարութիւն Քիւրքճեանի վաստակէն ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը, որուն խորագիրն է` «Սփիւռք եւ ինքնացում»: Հատորը կը մէկտեղէ հեղինակին բազմաթիւ յօդուածներէն փունջ մը, որոնք կը յղուին յատուկ ժամանակահատուածի մը, այդ ժամանակահատուածին իւրայատուկ` սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ միջյարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն սփիւռքը վերածելու մտածումի վայրի մը: Յոյսով ենք, որ յառաջիկային այս մատենաշարով լոյս տեսնող հատորները նոյնքան հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն մեր ընթերցողներուն մօտ, եւ «Բագին»-ի բարեկամներու շրջանակին մէջ կը գտնուին բարերարներ, որոնք կը փափաքին ստանձնել մեր մատենաշարի յառաջիկայ հատորներուն մեկենասութիւնը, որոնցմէ երկուքին աշխատանքները մօտ օրէն կ՛աւարտին:
«Ա.».- Մեր կարգին կը շնորհաւորենք «Բագին»-ի 60-ամեայ երթը եւ այդ երթը յարատեւելու «հեզասահ ուղին» ստեղծող ու մարտնչող բոլոր կամաւորները, գրականասէրները եւ «Բագին»-ի համակիրները: «Բագին» պիտի յաջողի՞ մնալ գրականութեան մշտաբորբ խարոյկներէն մէկը, թէ՞ ոչ` առաջատարը:
Ս. Ք. Ա.- «Բագին»-ին կրակը չի կրնար մարիլ, որովհետեւ գրականութիւնը ժողովուրդի մը ինքնացման գերագոյն արտայայտութիւնն է: Ինքնացումը հոս պէտք է հասկնալ որպէս ինքնադրսեւորում ու ինքնաստանձնում, այսինքն` բոլոր այն հանգամանքները, որոնց մէջէն ժողովուրդ մը կը ճանչնայ ու կը ստեղծէ ինքզինք: Այդ գործողութիւնը կը կատարուի լեզուով: Ո՛չ մէկ այլ ազդակ կը խաղայ այնքան էական դեր, որքան` լեզուն, որուն միջոցով ժողովուրդ մը կը խօսի ինքն իրեն հետ: Սակայն գրականութիւնն է, որ լեզուն տանելով սոսկ հաղորդամիջոցի իր սահմանափակ դերէն անդին` անով կը կազմէ աշխարհ մը, աշխարհահայեացք մը, որուն մէջ լեզու ու զգայնութիւն կը միախառնուին ու կը դառնան ինքնութիւն, ինչո՞ւ չէ` նաեւ ազգային ինքնութիւն: «Բագին» իր հիմնադրութեան առաջին օրէն յստակ նախանձախնդրութեամբ մօտեցած է գրականութեան հիմնական այս դերին, մանաւանդ երբ օրին մեծ ճնշում կար անոր վրայ` քաղաքական նպատակներու ծառայեցնելու: Ճնշումը այսօր այլ ձեւով կը բանի, երբ սերունդներու ու տեղաշարժերու երկայնքին լեզուին հետ յարաբերութիւններն ու կեցուածքը մեր աչքերուն առջեւ կը փոխուին` ո՛չ միշտ դէպի փայլուն հեռանկարներ, երբ հարցական կը դառնայ այս լեզուով ստեղծուող գրականութեան սպառումն ու նպատակը: Հարցումը դնենք ամենայն պարզութեամբ. ինչո՞ւ գրել լեզուով մը, որուն ընթերցողներուն թիւը գիրերու համաշխարհային սակարանին վրայ ազատ անկումի մէջ է կարծես տասնամեակներէ ի վեր: Տակաւին, ի՞նչ գրել այդ լեզուով եւ որո՞ւ համար, անով գրականութիւն մը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ: Մենք կը հաւատանք ու բարձրաձայն կ՛ըսենք, որ` «Այո՛, կարելի է», որովհետեւ կը հաւատանք, որ ոչ թէ մենք է, որ կը պահենք լեզուն, այլ ան է, որ կը պահէ մեզ, այնպէս որ, ամէն վերջաւորութեան հետ, եթէ այդ է մեզի պատահածը, կայ դարձ մը դէպի սկիզբ, դարձ մը դէպի մեզ ծնած լեզուն: Ուրեմն, այո՛, «Բագին» պիտի մնայ մեր գրականութեան մշտաբորբ խարոյկներէն մէկը:
«Ազդակ», 7 Դեկտեմբեր 2023
No comments:
Post a Comment