ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպաբնակ իմ գրասէր
բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով
տունէն դուրս չի կրնար ելլել, առջի շաբաթ հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.
- Ընթերցումի համար աղուոր գի՛րք մը առաջարկէ ինծի։ Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար՝ վիպական գործ մը։
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ՝ անզգալաբար իրեն տուի Ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի
անունը, եւ թելադրեցի որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ
ընկղմի անոր մէջ…։