Showing posts with label Վազգէն Շուշանեան. Show all posts
Showing posts with label Վազգէն Շուշանեան. Show all posts

20.1.16

Վազգէն Շուշանեանի հետ՝ սիրոյ եւ մեղքի պարտէզներուն մէջ (մահուան 75ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն՝ որ ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամենէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է։
Կ՚ենթադրեմ որ սխալ չէ այս տեսակէտը։
Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30ական թուականներուն։
Լայն բազմութիւններու համար՝ հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները։