Showing posts with label արեւմտահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label արեւմտահայ գրականութիւն. Show all posts

31.1.23

Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս վերնագրի իւրաքանչիւր բառը կը պահանջէ կարճ բացատրութիւն մը, որպէսզի աւելի ըմբռնելի դառնայ վերլուծման մեկնակէտը։

«Արեւմտահայ» հասկացութիւնը, ի հարկէ, միայն կարելի է հասկնալ լեզուական իմաստով։ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով յառաջացած աղէտալի խզումը եւ ցրուումը ենթադրեց «Արեւմտեան Հայաստան» (մերթ՝ Թրքահայաստան) հասկացութեան շիջումը որպէս մշակութային երեւոյթ եւ ծնունդը «Սփիւռք» հասկացութեան, որ իր վերջնական ձեւաւորումը սկսաւ ստանալ յատկապէս 1960ական թուականներուն, երբ վերապրողներուն եւ անոնց որդիներուն շառաւիղները ասպարէզ իջան։ Հետեւաբար, եթէ «արեւմտահայ» եւ «սփիւռքահայ» հասկացութիւններուն միջեւ ժառանգական գիծ մը կայ, անիկա ապահովուած է լեզուական գործօնի՝ արեւմտահայերէնի առկայութեամբ։

7.2.21

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ այն բոլոր աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի զարգացնեն Սփիւռքի հայախօս հաւաքականութիւնը»

 

«Ազդակ»-ի առցանց 23-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան զեկուցեց «Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրերը» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

22.12.20

«Սփիւռք» մատենաշար

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարին, որուն իւրաքանչիւր գիրքը կը ներկայացնէ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ ոմանք ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։ Մատենաշարին խմբագիրը բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանն է։ Հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են բնագրային ուղղագրութեամբ։

7.12.18

«Մենք պատասխանատուութիւն ունինք ժամանակի առջեւ արեւմտահայութեան կրթական ճանապարհին»

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

1995 թուականի Դեկտեմբեր 18էն Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ իր գործունէութիւնը սկսաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, որ անցած տարիներուն տարած է լայնածաւալ աշխատանքներ գիտակրթական, ինչպէս նաեւ գրամշակութային ոլորտներուն մէջ: «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կրթական հիմնական ուղղութիւնը սփիւռքահայ եւ հայրենի ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնն է, իսկ յառաջիկային արդէն՝ պատրաստութիւնը։

28.7.15

Փոքր Ասիոյ մէջ

«Ժամանակ» օ­րա­թեր­թը 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ կը վե­րար­ժե­ւո­րէ իր նա­հա­տակ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ 1915 թուա­կա­նին նահատակուած մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը այդ շրջա­նին աշ­խա­տակ­ցած էին թեր­թիս։ Ե­ղեռ­նէն դար մը անց ա­նոնք այ­սօր կ՚ո­գե­կո­չուին՝  սրբա­դա­սուած ըլ­լա­լով նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Թէ՛ ա­նոնք ո­գե­կո­չե­լու եւ թէ ի­րենց ար­տադ­րան­քը մե­րօ­րեայ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ թար­մաց­նե­լու առաջադրութեամբ «Ժամանակ» ո­րո­շած է իր նա­հա­տակ հե­ղի­նակ­նե­րէն մէկ քա­նիին գործե­րը վե­րահ­րա­տա­րա­կել։ Այս­պէս, թեր­թիս խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան Տէյիրմենճեա­նի ջան­քե­րով լոյս տե­սած է Երուանդ Սրմա­քէշ­խան­լեա­նի կող­մէ «Ժամանակ»ի մէջ ստո­րագ­րուած եր­կե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։ Այս գոր­ծը ամ­րան ներ­կայ շրջանին գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դրուի՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ Սփիւռ­քէն ալ բազ­մա­թիւ հա­յեր այս շրջա­նին կ՚այ­ցե­լեն քա­ղաքս։

23.11.14

Հարցազրոյց Գրիգոր Պըլտեանի հետ՝ իր նորագոյն «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» հատորի մասին

ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ

- Պարոն Պըլտեան, օրերս լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած ձեր աշխատութիւնը: Ունեցե՞լ էք արդեօք այլ աշխատութիւն Դանիէլ Վարուժանի մասին:
- Տարիներ առաջ, 60ական թուականներուն, աշխատութիւն մը գրած էի, նախ՝ լոյս տեսաւ «Ահեկան» հանդէսի մէջ, յետոյ «Տրամ» հատորիս մէջ (1980), գրեթէ ամբողջութեամբ արեւմտահայ բանաստեղծութեան յատկացուած, ի շարս՝ Մեծարենցի, Ինտրայի, Ահարոնի: Յետագային զանազան առիթներով Վարուժանը դարձաւ տեսակ մը մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հոսկէ ծնաւ «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» ուսումնասիրութիւնը (Անթիլիաս, 1988): Լոյս տեսած լիբանանեան պատերազմի ամենէն բուռն տարիներուն՝ աշխատանքը լեցուն էր վրիպակներով: Դժգոհ էի արդիւնքէն: Երբ Խաչենց-Փրինթինֆօ առաջարկեցին որ հատորը լոյս տեսնէ նաեւ Երեւան, ի հարկէ ընդառաջեցի: Նոր հրատարակութեան մէջ կան յաւելումներ՝ նոր յառաջաբան մը, ընդլայնուած վերջաբան մը, եւ յուսամ՝ վրիպակներու սրբագրութիւն: Նիւթին այժմէականութիւնն ալ (Աղէտը), եթէ կարելի է այժմէական նկատել տեւակա՛նը, պատճառ մը եղաւ, որ հատորը հրատարակուի վերստին: