Showing posts with label Շահան Շահնուր. Show all posts
Showing posts with label Շահան Շահնուր. Show all posts

22.12.20

«Սփիւռք» մատենաշար

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարին, որուն իւրաքանչիւր գիրքը կը ներկայացնէ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ ոմանք ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։ Մատենաշարին խմբագիրը բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանն է։ Հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են բնագրային ուղղագրութեամբ։

18.6.17

Հանդիպում՝ Մարկ Նշանեանի հետ



Անցնող Մայիս 29-ին «Նոր Յառաջ»-ի նախաձեռնութեամբ Փարիզի Անաքօ տափանաւուն վրայ հանդիպում մը կայացաւ Մարկ Նշանեանի հետ, վերջինիս «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» երկհատոր գիրքի հրատարակութեան առիթով (*)։ Հայերէն լեզուով կ՚ընթանար երեկոն։ Հանդիպման բնանիւթն էր՝ վկայի եւ վերապրողի կերպարները 20-րդ դարու ֆրանսացի եւ հայ վիպագիրներու գործերուն ընդմէջէն։ Ի հարկէ պրն. Նշանեանի հրատարակած աշխատասիրութեան առաջին հատորը մենագրութիւններ կը պարունակէ ֆրանսացի գրող եւ մտաւորական Մօրիս Պլանշոյի եւ Ժորժ Պաթայլի մասին։ Իսկ երկրորդ հատորը՝ Զապէլ Եսայեանի, Գրիգոր Պըլտեանի, Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի մասին։

28.8.16

«Ազատն Կոմիտաս»ը կը շարունակէ մնալ շղթայակապ...

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ 
 
Կոմիտասի տառապակոծ կեանքը վերջ պիտի գտնէր 1935 թուականի Հոկտեմբերի 20-ին: Շաբաթ մը ետք, Հոկտեմբեր 27-ին, այդ առիթով Փարիզի «Ապագայ» լրագրին մէջ լոյս կը տեսնէ Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» հիասքանչ գրութիւնը: Ատենին, այդ գրութիւնը իր ազգային-գրական արժանիքներուն համար կ"արտատպուէր, ամբողջութեամբ կամ մասնակի, բազմաթիւ թերթերու մէջ, «...առանց որ յարուցանէ դոյզն իսկ դժգոհութիւն», պիտի գրէ Շահան Շահնուր յետագային, եւ պիտի աւելցնէ. «Ընդհակառակն: Դժուա՜ր էր երեւակայել թէ ան մէջտեղ պիտի ելլէ օրին մէկը, երեսունհինգ տարուան թմբիրէ ետք եւ գլխի փորձանք պիտի ըլլայ դուռ-դրացիի, այլ մանաւանդ ինծի» (տե՛ս Շահան Շահնուր, Անիմանալի գրոհը, «Պայքար», 4 մարտ 1970, «Զարթօնք», 20 մարտ 1970, նոյնը տե՛ս «Սփիւռք», 29 մարտ 1970) :

Նամակ... հին հասցէով

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

1969 թ. ամբողջ հայութիւնը` Հայաստան եւ Սփիւռք, նշում էր Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակը: Այդ օրերին, «Սփիւռք» ճանաչուած շաբաթաթերթը, որ լոյս էր տեսնում Բէյրութում Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրութեամբ, արտատպեց Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» յօդուածը, զլանալով նշել, որ այդ նիւթն առաջին անգամ տպագրուել է 1935թ., Փարիզի «Ապագայ» թերթում:
Այսպիսով, յօդուածը, 30-ականներին Սփիւռքում տիրապետող յոռետեսական համա
տեքստից հանուեց եւ մտցուեց հարիւրամեակի յոբելեանական խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Մասնագիտական այս կոպիտ վրիպումը պատճառ դարձաւ, որ ՀՍՍՀ Մինիստրների Սովետին կից Սփիւռքի Կոմիտէի նախագահի տեղակալ, բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանը «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթում (21 Յունուարի 1970թ.) հանդէս գայ Շ. Շահնուրին հասցէագրուած բաց նամակով: Յարձակողական ոգով գրուած մի տեքստ, որտեղ «նամակագիր»ը պարզապէս վիրաւորում էր մեծ գրողին:
Վ. Դաւթեանը եթէ իմանար, որ խնդրոյ առարկայ յօդուածը լոյս է տեսել մօտ քառորդ դար առաջ, գուցէ չգրէր իր նամակը կամ գրէր աւելի զուսպ եւ բարեկիրթ շեշտադրումներով: Բոլոր դէպքերում, ի պաշտօնէ նա ոչ միայն պարտաւոր էր իմանալ շահնուրեան հրապարակումին առնչուող բոլոր մանրամասները, այլեւ նման նիւթ տպագրելուց առաջ թերեւս պէտք էր խորհրդակցել սփիւռքահայ գրականութեան մասնագէտների, շահնուրագէտների հետ: Ինչը, ցաւօք, չարեց, եւ մի սխալին յաջորդեց միւսը, աւելի կոպիտը:
Սփիւռքն անմիջապէս անդրադարձաւ «Բաց նամակ»-ին: Հակազդումը երբեմն աւելի ուժգին եղաւ, քան «ազդում»ը, ինչպէս, օրինակ` Սիմոն Սիմոնեանի պատասխանը նոյն «Սփիւռք»-ի էջերին: Պատասխանեց նաեւ Շ. Շահնուրը` Փարիզի «Յառաջ»-ում (Ապրիլ, 1970թ.) տպագրելով «Վաղը» յօդուածը:
Բայց հայաստանեան մամուլը լուռ էր եւ լուռ էլ մնաց:

20.1.16

Վազգէն Շուշանեանի հետ՝ սիրոյ եւ մեղքի պարտէզներուն մէջ (մահուան 75ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ա.
Մեր բոլոր գրականագէտներն ալ միահամուռ կը հաստատեն՝ որ ֆրանսահայ արձակագիրներու փաղանգին մէջ ամենէն շատ տպուած ու կարդացուած հեղինակը Վազգէն Շուշանեանն է։
Կ՚ենթադրեմ որ սխալ չէ այս տեսակէտը։
Վազգէն Շուշանեան հմայիչ անուն մըն էր անցեալ դարու 30ական թուականներուն։
Լայն բազմութիւններու համար՝ հմայիչ մնաց իր ողբերգական մահէն ե՛տք ալ, տասնամեակներ շարունակ, երբ դէս ու դէն հրատարակուեցան իր անտիպ մեծաթիւ ձեռագիրները։

12.11.14

Ո՛վ կը յիշէ կամ կը կարդայ Զարեհ Որբունին...

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպաբնակ իմ գրասէր բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով տունէն դուրս չի կրնար ելլել, առջի շաբաթ հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.
- Ընթերցումի համար աղուոր գի՛րք մը առաջարկէ ինծի։ Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար՝ վիպական գործ մը։
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ՝ անզգալաբար իրեն տուի Ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի անունը, եւ թելադրեցի որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ ընկղմի անոր մէջ…։