22.12.20

«Սփիւռք» մատենաշար

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարին, որուն իւրաքանչիւր գիրքը կը ներկայացնէ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ ոմանք ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։ Մատենաշարին խմբագիրը բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանն է։ Հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են բնագրային ուղղագրութեամբ։

Մատենաշարի ծիրին մէջ արդէն լոյս տեսած է Նիկողոս Սարաֆեանի «Մանուկ Դուինեան» վէպը (տպագրուած է «Նայիրի» ամսագրին մէջ, 1948): Այս ստեղծագործութեան մէջ հեղինակային դիտարկումները շեշտադրուած են իրականութեան քաոսի եւ քաոսային իրականութեան խնդրայարոյց իրողութիւններու լոյսին տակ: Տպագրուած է նաեւ Շահան Շահնուրի «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածաշարը։ Շահնուրի անուան հետ կապուած է հայ գրականութեան մէջ «նահանջի» ուղղութեան սկզբնաւորումը։ Օտարութեան մէջ հայու լինելութեան տեսանկիւնէն յատկապէս հետաքրքրական է «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածաշարը, որ լի է բազմանշանակ խորհրդանշաններով։ 

Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» (ուղեգրութիւն, որ կը պատմէ Կիլիկիոյ եղեռնի մասին), Յակոբ Մնձուրիի «Նազարը» (թատրերգութիւն), Յարութ Կոստանդեանի բանաստեղծութիւնները, տարբեր նամականիներ եւ այլ ստեղծագործութիւններ մատենաշարով նախատեսուող գործերու ընդամէնը փոքր մէկ մասը կը կազմեն։

Մատենաշարը նախատեսուած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ բնակող ընթերցողներու լայն շրջանակին համար։

«Ժամանակ», 22 Դեկտեմբեր, 2020

No comments:

Post a Comment