ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ու մենք էլ ահա անցնում ենք հանգիստ
Անհեթեթութեանց այս թանգարանով…
Պարոյր Սեւակ
(«Մեծ ուղտի փոքրիկ ականջում»)
Տիկ. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի կողմէ շատ յստակ ու դիւրահասկնալի կերպով ձեւակերպուած «միաձեւ պատմութիւն» եւ «լեզուական Արշակաւան» խնդիրներուն շուրջ մեր նկատողութիւնները նոյնքան պարզ ու հասկնալիօրէն շարադրած էինք՝ անհրաժեշտ փաստական հիմնաւորումներով («Նոր Յառաջ», 28 Սեպտեմբեր 2017. տե՛ս այստեղ)։ Սակայն, փաստերու խեղաթիւրումով եւ «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» սկզբունքով հիւսուած լեզուական ու գաղափարական սարդոստայնը («Նոր Յառաջ», 14 Հոկտեմբեր 2017) կը պարտադրէ քանի մը ճշդումներ կատարել՝ խուսափելու համար անոր մէջ իյնալու վտանգէն։