Showing posts with label միջազգային առեւտուր. Show all posts
Showing posts with label միջազգային առեւտուր. Show all posts

22.11.14

«Նոր Ջուղայեցիները ստիպուած եղան իրենք զիրենք վերստին կազմակերպել ոչ որպէս առեւտրական համայնք, այլ՝ արդի ազգի մը կորիզը»

Ժ.Չ.

Պատմաբան փրոֆ. Սե­պուհ Աս­լա­նեան Գա­լիֆոր­նիոյ Եու.Սի.Էլ.Էյ հա­մալ­սա­րանի հայագի­տական ամ­պիոնի վա­րիչն է (փո­խարի­նած է փրոֆ. Ռի­չըրտ Յով­հաննէ­սեանը)։ Ան գլխա­ւոր բա­նախօսն էր եւ գլխա­ւոր գի­տական խորհրդա­տուն «Կիւլպէն­կեան» հաստատութեան կողմէ Հոկ­տեմբե­ր 16-17ին Լիզ­պո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հայոց, փորթուկալ­ցիներու, հրեաներու եւ մահմետականներու առեւտրա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն եւ անոնց մի­ջեւ գոյութիւն ունեցած ցան­ցե­րուն մա­սին գի­տաժո­ղովին։
Նկա­տի առ­նե­լով փրոֆ. Աս­լա­նեանի գի­տական վաս­տա­կը հա­յագի­տական ուսումնասիրու­թիւննե­րուն մէջ, «Նոր Յառաջ» անոր հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ այս մարզին մէջ իր տարած հետազօտական աշխա­տան­քին մօ­տէն ծա­նօթա­նալու համար։