«Նոր Յառաջ» - Ի՞նչ կը մտածէք վերջերս մամուլի մէջ տարածում գտած այն կարծիքին գծով, որուն համաձայն Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է, իբր կայացած պետութիւն, յանձն առնէ Հայաստանի տնտեսական եւ ռազմավարական կարիքները, որպէսզի Սփիւռքը կարենայ հոգալ իր համայնքային ու մշակութային կառոյցներուն ծախսերը։