Showing posts with label օտարաբանութիւններ. Show all posts
Showing posts with label օտարաբանութիւններ. Show all posts

19.12.18

Լեզուի կոմիտէն ներկայացնում է տարածուած օտար բառերի հայերէն համարժէքները

ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷ

ՅՈՐԴՈՐԱԿ ՀԱՅԵՐԷՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՀԱՄԱՐԺԷՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԻՑ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Յայտնի իրողութիւն է, որ լեզուներն առանց փոխառութիւնների չեն լինում: Դրանք եղել են, կը լինեն եւ մերժելի չեն, եթէ անհրաժեշտաբար են փոխառուել: Իրողութիւն է նաեւ, որ ամէն լեզու փորձում է հնարաւորինս զերծ մնալ օտար բառերից՝ ստեղծելով դրանց համարժէքները: Երբ տուեալ լեզւում ստեղծւում է համապատասխան բառը, որը հասարակութիւնն ընդունում է, փոխառութիւնը դառնում է օտարաբանութիւն:
Ի տարբերութիւն փոխառութեան՝ օտարաբանութիւնը մերժելի է, որովհետեւ նախընտրելով օտարաբանութիւնը՝ նսեմացնում ենք մայրենի լեզուն, խանգարում նրա բնականոն ընթացքը:
Հայերէն շատ բառեր, ցաւօք, երբեմն անտեսւում են:
Նկատի ունենալով վերը ասուածը՝

ՅՈՐԴՈՐՈՒՄ ԵՆՔ
ստորեւ բերուած օտար բառերի փոխարէն գործածել հայերէն համարժէքները.



28.9.17

«Միաձեւ պատմութիւն», «լեզուական Արշակաւան» եւ միասնականութեան դրախտավայրը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովը, որուն խորագիրը, առաջին համագումարէն 18 տարի ետք, տակաւին փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը հոլովէր։ Այդ գաղափարները պատշաճ էին Սեպտեմբեր 1999-ին՝ անկախութեան ութերորդ ամեակին, երբ Հայաստանը հազիւ թէ սկսած էր շունչ մը քաշել (ամիս մը ետք ալ իր հաստատութենական կեանքի ամենէն ծանր հարուածը կրելու համար, դեռ լրիւ չբացայայտուած պայմաններու տակ, Հոկտեմբեր 27-ի բռնաշրջումի փորձով), բայց ո՛չ թէ 26-ամեակին, երբ երկկողմանի փոխյարաբերութեան ամրացումը սպասելի էր, որ քայլ մը յառաջ գացած ըլլար։ Պէտք է հետեւցնենք, դժբախտաբար, որ նախորդ հինգ ժողովները հիմնականին ճառախօսութեան կամ ընկերային յարաբերութիւններու բեմ եղած են, իսկ վերջին 18 տարիներուն.... կլոր-կլոր դարձած ենք այդ գաղափարներուն շուրջ։
Եթէ այդպէս է, կը մնայ մաղթել, որ «աւանդութիւնը» խորտակուած ըլլայ եւ այս վեցերորդ հանդիպումը Երեւանը ճանչնալու, կապեր մշակելու եւ գեղարուեստական յայտագրեր ըմբոշխնելու պատեհութիւններէն անդին, ակնկալուած 1.500 մասնակիցներուն համար նաեւ առիթը դարձած ըլլայ լուրջ քննարկումի ու լուրջ որոշումի, որ ցոլացած ըլլայ ո՛չ թէ վերամբարձ քուէով ընդունուած եւ ուռուցիկ ոճով շարադրուած հռչակագրով, այլ... գործով։

9.12.16

Մայրենիին նահատակութիւնը՝ 100ամեակէն ետք ալ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
 
Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք ալ, Մայրենիին դէմ բարբարոսութիւնը, մեր լեզուին նահատակութիւնը կը շարունակուին բազմերես ու բազմայարկ «իրագործումներով», առանց փողի ու թմբուկի։
Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, հայերէնի նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ օտարում հարազատ լեզուէն, եւ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ։ Յաճախ գրուած է ու խօսուած՝ այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած՝ անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են։ Մեր նպատակը անոնց վերաքաղը ընել չէ։

24.6.13

Մեր լեզուն թողել ենք 20-րդ դարում

ԱՐՄԷՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ
Վերնագիրը, որ բացում է սոյն յօդուածը, որեւէ հեգնանք չի պարունակում իր մէջ:  Իրականում այն հրաւէր է` մտորելու մեր օրերում բաւականին բազմաշերտ մի խնդրի` այն լեզուի մասին, որ մենք կրում ենք, աւելի ճիշդ` տարբեր ոլորտներում նրա կիրառելիութեան մասին, եւ խնդրի բազմաշերտութիւնը կապուած է հէնց դրա հետ: Սկզբից եւեթ ցանկանում եմ ընթերցողին խնայել այսօրուայ եթերից հնչող գռեհիկ հայերէնի մասին չարչրկուած դատողութիւններից, այդ մասին առանց ինձ էլ շատ խօսողներ կան, թէեւ բոլորս ենք ականատես, որ սայլը յամառօրէն տեղից չի շարժւում: Աւելին` արդեօ՞ք խնդիրը չունի աւելի խոր պատճառներ, որոնց մասին նոյնիսկ չենք էլ մտածել: Այն դիտարկումները, որ անելու եմ ստորեւ, յուսով եմ գոնէ մասամբ լոյս կը սփռեն այդ պատճառների վրայ: