Showing posts with label Պարոյր Սեւակ. Show all posts
Showing posts with label Պարոյր Սեւակ. Show all posts

10.2.21

Սա բանաստեղծութիւն է

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հետաքրքրութեամբ կարդացինք Յարութ Կիւլիւզեանի անդրադարձը Պէյրութի «Բագին» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Ռուբէն Խաժակ ստորագրութեամբ բանաստեղծութեան մը  («Ժամանակ», 8 Փետրուար, 2021) (*)։ Գնահատելի է, որ հեղինակը իր լուսարձակը ուղղած ըլլայ գրական հարցի մը։ Այս օրերուն, երբ ընթացիկ մամուլը գրական-մշակութային կարծիքներու արտայայտութեան սովէ կը տառապի, բացառութիւնները խիստ յարգելի են։

5.11.11

Դեգերող մասունքներու մասին. Չարենց, Պ. Սեւակ, Պետրոս Դուրեան

Նոյեմբեր 3-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողների Միութեան (ՀԳՄ) նախագահութեան ընդլայնուած նիստը, որուն օրակարգին մէջ, այլ հարցերու շարքին, ներառնոած էին մամուլին մէջ բազմիցս չարչրկուած շարք մը խնդիրներ: