Showing posts with label օփերա. Show all posts
Showing posts with label օփերա. Show all posts

7.12.14

«Les métamorphoses de Tigrane» երկհատորեայ հրատարակութեան առիթով

«Տիգ­րա­նի կեր­պա­րանա­փո­խու­թիւն­նե­րը» քիչ մը մութ այս անուա­նու­մին ետին կը թաքնուի հսկա­յական գիւտ մը, որուն հե­ղի­նակն է Ալեք­սանդր Սի­րանո­սեան, հրատարակու­թիւն՝ «Sources d’Arménie»ի։ Գիր­քը ձեռք բե­րելու հա­մար կարելի է դիմել՝ contact@sourcesdarmenie.com հասցէին։
Նո­յեմ­բեր 27ին Փա­րիզի «Մա­զարին» գրա­դարա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սոյն հա­տորին շնոր­հա­հան­դէ­սը։ Ա.. Սի­րանո­սեանի աշ­խա­տասի­րու­թեան մաս­նակցած է Մաք­­սիմ Եւատեան, որ Լիոնի Կա­թո­ղի­կէ հա­մալ­սա­րանի (Université Catholique) դա­սախօս է, «Sources d’Arménie»ի նա­խագահ, որուն հետ այս առ­թիւ տե­սակ­ցութիւն մը ու­նե­­ցած է Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը։