ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,
հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային
օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու
աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը
կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի: Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ
հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է
արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր
ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ
կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային
բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր
գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը: