Showing posts with label Մանուկ Աբեղեան. Show all posts
Showing posts with label Մանուկ Աբեղեան. Show all posts

31.1.17

Ատրպէյճանի օրինակով...

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ (*)
 
Ատրպէյճանի նորընտիր նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ ամիսներուն, աւելի յստակ 12 Յունուարին ստորագրեց հրամանագիր մը, որով խորհրդային շրջանին կիւրեղեան այբուբենով տպագրուած կարեւոր հրատարակութիւնները պիտի արժանանան նոր տպագրութեան՝ այս անգամ սակայն լատինական այբուբենով, զոր որդեգրած է երկիրը։ Հրամանագրին մէջ շեշտուած է, որ երկրի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատուի նմանատիպ ձեռնարկ մը։ Յիշեալ հրամանագրին մէջ, Ալիեւ կը յիշեցնէ, թէ Ատրպէյճան 1 Օգոստոս 2001-ին պաշտօնապէս որդեգրած է լատինական այբուբենը ու կը շարունակէ.

30.1.17

Նամակ «Պայքար» շաբաթաթերթին



Ֆորթ Լի (Նիւ Ճըրզի), 17 Յունուար 2017

Յարգարժան խմբագրութիւն
«Պայքար» շաբաթաթերթի
Պոստըն

Յարգելի հայրենակիցներ,
Կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել «Պայքար»ի վերհրատարակութեան առիթով, որ կու գայ դարմանելու 90-ական թուականներու անոր շիջումով յառաջացած բացը, ու նաեւ հանդիսանալու վերջին տարիներուն յեղյեղուող արեւմտահայերէնի տագնապին հանդէպ լռելեայն հակազդեցութիւն մը։
Լաւ է, որ թերթի երկրորդ թիւին՝ 8 Յունուարի խմբագրականը, տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ճակատագրի աւելի քան փշոտ հարցին, որ անքակտելի է արեւելահայերէնի ճակատագրէն։ Հոն, սակայն, կարգ մը վիճելի հաստատումներ կատարուած են, որոնց մասին կ՚արժէ խօսիլ։

23.12.15

Արեւմտահայերէնը ապրող, բազմասնուող եւ կենսատու լեզու

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Գրական երկու լեզուների շուրջ մտորումները օրինաչափօրէն ուղեկցւում են ուղղագրութեան խնդրին դէմառդիմումով, ասես ամէն անգամ յիշեցնելով, որ լեզուի ձայնագրութեան կերպը նոյնքան կարեւոր հանգամանք է՝ մասնաւորապէս երկուորեակ հայերէնները համազուգակցող իր նշանակութեամբ, եւ յատկապէս Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները կիզակէտող դերով։

2.11.12

Արդե՞օք ճիշդ է վերադարձը հին ուղղագրութեան


 ԹԵՐԵԶԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
(Ներածական եւ ծանօթագրութիւններ՝
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ)

Ուղղագրութեան բազմաչարչար խնդիրը վերջին քսանամեակին բազմիցս հոլովուած է, ընդհանուր առմամբ՝ տեղքայլի վիճակի մէջ։ Քանի մը առիթներով տողերս գրողն ալ իր կարծիքը արտայայտած է՝ «Յառաջ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներով։ Վերջին շրջանին, հակընդդէմ երկու կողմերը գոհացած են «դիրքային պատերազմ»ով՝ միեւնոյն տեսակէտներու կրկնութեամբ։ Սակայն, այդ կրկնութիւնը ոչինչ կ՚աւելցնէ հանրային գիտակցութեան կամ տեսակէտներու մշակումին, բացի թիւր տեսակէտներու յարատեւութենէն, երբ սխալ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին։ Այդպիսի վիճակի մը մէջ յայտնուած է, մեր կարծիքով, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Թերեզա Գալստեան, որ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի Սեպտեմբեր 29, 2012ի թիւին մէջ ստորագրած է սոյն յօդուածը։ Որպէսզի ընթերցողը ամբողջական կարծիք կարենայ կազմել, թէ հայաստանեան ուղղագրութեան պաշտպանները փաստարկներու ի՞նչ համակարգի կը հետեւին ներկայիս, որոշեցինք յօդուածը նոյնութեամբ ընթերցողին ներկայացնել՝ անոր կցելով մեր ծանօթագրութիւնները։

Գրաբարեան աւանդական ուղղագրութեան բարեփոխման հարցը ծառացել է դեռեւս 19-րդ դարի կէսերից: Այդ խնդրով մտահոգուած որոշ քայլեր են արել հայ անուանի գրական-հասարակական գործիչներ՝ Նահապետ Ռուսինեանը, Մինաս Չերազը, Խորէն Ստեփանէն, այնուհետեւ Ղազարոս Աղայեանը, Ստեփան Մալխասեանցը եւ ուրիշներ: 1913 թ., Գէորգ V կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կազմւում է յանձնաժողով, որի նպատակն էր քննարկել հայոց աւանդական ուղղագրութեան մէջ որոշակի բարեփոխումներ կատարելու հարցը: Յանձնաժողովի կազմում ընդգրկուած էին Գէորգ վարդապետ Չէօրէքչեանը (հետագայում Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) (1), լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանը եւ ուրիշներ: Սակայն մօտալուտ համաշխարհային առաջին պատերազմը, այնուհետեւ 1915 թուականի մեծ ողբերգութիւնը, ցաւօք, կասեցրին այդ հարցի լուծման ընթացքը: Ուղղագրութեան բարեփոխման խնդիրն առաւելապէս յուզել է ականաւոր լեզուաբան, գրաբարի, միջին հայերէնի եւ ժամանակակից հայոց լեզուի մեծ գիտակ Մանուկ Աբեղեանին: Նա նկատի ունենալով գրաբարեան ուղղագրութեան արդէն խիստ տարբերակուածութիւնը ժամանակակից հայ գրական-արտասանական լեզուից, 1922 թ. յանձն առաւ որոշ բարեփոխումներ անել եւ թարմացնել հայերէնի ուղղագրութիւնը (2), իսկ 1940 թ., լրացուցիչ շտկումներ անելով, հասարակութեանը ներկայացրեց միանգամայն ընդունելի նոր ուղղագրութիւն (3): Եւ, ահա, 90 տարի է, ինչ մենք գրում ենք նոր ուղղագրութեամբ, զերծ մնալով նախկինի ակնյայտ բարդութիւններից (4)։