Showing posts with label թուայնացում. Show all posts
Showing posts with label թուայնացում. Show all posts

7.7.20

Ռազմիկ Փանոսեան. «Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

9.3.17

Թուային աշխարհի բանալին. պոլսահայ բարերարին նուէրը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
«Ժամանակ»-ը ա­ռի­թը ու­նե­ցած է անդ­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի գործու­նէու­թեան: Մեր է­ջե­րուն մէջ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը հրա­տա­րա­կած էինք գրադարանի տնօ­րէն Տիգ­րան Զար­գա­րեա­նին հետ, որ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած էր հաստա­տու­թեան ներ­կայ աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հպան­ցիկ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րած՝ Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի ժա­ռան­գու­թեան թուայ­նաց­ման մա­սին: Այս ան­գամ ո­րո­շե­ցինք կրկին այ­ցե­լել գրա­դա­րան եւ ա­ւե­լի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ թուայ­նաց­ման աշխատանքներուն մա­սին, որ վեր­ջին շրջա­նին մեծ թափ ստա­ցած է:

22.8.16

2007-2015ին Մատենադարանը աւելի քան 5.000 ձեռագիր ձեռք բերած է


2007ին Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն 17.250 ձեռագիր ունէր, իսկ այդ թիւը 2015ին 22.550ի հասած է։ Մատենադարանին մէջ ներկայիս ռազմավարական նշանակութիւն մը ունեցող ծրագիր մը կը գործադրուի՝ մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու գիտական մշակումի ու վերականգնումի ծրագիրը։ Այս եւ ուրիշ հարցերու մասին, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը զրուցած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ։  Հարցազրոյցը արեւմտահայերէնի վերածուած է «Ազդակ»ի կողմէ։

1.2.14

«Արմինիըն Ռիվիւ»ն պիտի թուայնացուի


Ռուբէն Դարբինեանի մտայղացումով եւ նախաձեռնութեամբ 1948-էն ի վեր, որոշ ընդմիջումներով Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսը հայագիտական նիւթեր հետազօտողներուն համար արժէքաւոր աղբիւր մըն է: Այս հանդէսին էջերուն ստորագրած են ժամանակակից հայ գրականութեան եւ պատմագիտութեան վաւերական անուններ: Հանդէսի էջերուն կը հանդիպինք ոչ միայն ամերիկահայ, այլ նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի գիտնականներու պատմա-քաղաքական եւ մշակութաբանական բնոյթի աշխատութիւններուն:

24.3.13

Առցանց հրատարակութիւններու հարուստ շտեմարան մը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հիմնակազմ (ֆունդամենտալ) գրադարանը տարիներէ ի վեր համացանցային ներկայութիւն ունի (flib.sci.am)։ Անոր գրացուցակին ներկայութիւնը անփոխարինելի աղբիւր մըն է, նկատի ունենալով, որ ան կ՚ընդգրկէ նաեւ կարգ մը ուրիշ կարեւոր գրադարաններու (Ազգային Գրադարան, Երեւանի պետական համալսարան, եւ այլն) ցուցակները։ Յիշեալ կայքէջը բազմաթիւ ուրիշ առումներով նաեւ հիմնական դեր ունի հայագէտներու համար։ Այստեղ պիտի նշենք միայն երկուքը.

25.11.12

Մատենադարանի ձեռագրերու հաւաքածոն պիտի թուայնացուի 6-7 տարուան ընթացքին

Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկ-մատենադարանի թուայնացման բաժինը համալրուած է նոր գործիքներով: Շուրջ 18.000 ձեռագրերէն 3000-ը արդէն թուայնացուած է: Վեց-եօթ տարիէն Մատենադարանի ամբողջ ձեռագիր հաւաքածոն արդէն թուայնացած կ՚ըլլայ: Ինչպէս «Արմենփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մատենադարանի բարձր արհեստագիտութեան (technology) եւ հրատարակչական հարցերով տնօրէնի խորհրդական եւ ձեռագրերու թուայնացման աշխատանքները համակարգող Գուրգէն Գասպարեանը, Մատենադարանի ձեռագրերու թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007 թուականին: