ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու
բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է
ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ
իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս
հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի
գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս
Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք
ստորեւ։