Խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի. Այս ամառ՝ Յուլիս 10-էն մինչեւ Օգոստոս 20, վեց շաբաթներու երկայնքին, Կեդրոնական Ֆրանսայի հրաբխային Օվերնեըի Պուրպուլ քաղաքին մէջ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ամրապնդման, փոխանցման եւ իւրացման գործընթացները նորարարելու նպատակը հետապնդող հնգամեայ ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպած էր չորս տեսակի մեծ հաւաքներ.- նորարարական ստեղծագործական աշխատանոց, 10-15 տարեկան պատանիներու «Զարմանազան» ճամբար, ուսուցիչներու վերաորակաւորման եւ վերապատրաստման միամսեայ դասընթացքներ՝ Փարիզի համալսարանի INALCO արեւելեան լեզուներու ուսուցման բաժանմունքի հետ գործակցաբար, եւ վերջապէս՝ Օգոստոս 11-էն 20 նոյն վայրին մէջ երիտասարդական Վիքի-ճամբարը, որ արդէն երկու տարի է կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպուի Հայաստանի Վիքի կեդրոնին հետ։
Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնները իրականացան Լիոնէն «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան գործակցութեամբ, որ Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն ճանչցուած է իբր պատանիներու համար ամառնային եւ արձակուրդային ճամբարներ կազմակերպելու իրաւասու կառոյց։
Նորարարական ծրագրին համար Յուլիս 10-էն 17 Պուրպուլ հաւաքուած էին մշակութային, գրական, թարգմանական, թատերական, դերասանական, շարժանկարային, երաժշտական, մանկավարժական արուեստներու շուրջ քառասուն մասնագէտներ ու գործիչներ, որոնք երկրորդ տարին ըլլալով, 7 խմբակներու բաժնուած, շարունակեցին նախորդ տարին ճամբայ հանուած նախագիծերը։ Զարմանազան ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Պոլիսէն, 40 պատանիներ եւ շուրջ քսան ուղեկիցներ եւ պատասխանատուներ։ Ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքներուն մասնակցեցան ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Պոլսէն 17 ուսուցիչներ եւ 7 դասախօսներ։ Իսկ Վիքի-ճամբարին՝ 25 երիիտասարդներ, 17-էն 26 տարեկան։
Այս նախաձեռնութիւնները իրագործուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի տնօրինութեամբ, իսկ ծրագրերու իրագործումի պատասխանատուն էր Անի Կարմիրեան։ Ստորեւ կը հրատարակենք վերոնշեալ ծրագրերու իրագործման մասին պրն. Փանոսեանի հետ «Նոր Յառաջ»-ի կատարած հարցազրոյցը։

«Նոր Յառաջ» - Ձեր կողմէ մշակուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հնգամեայ ծրագիրը մօտ է իր աւարտին։ Կարելի՞ էր ներկայացնել այս ծրագրի իրագործման առնչուող ձեր տպաւորութիւնները եւ ընդհանուր գնահատականը։
Ռազմիկ Փանոսեան - Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 2018-ի վերջաւորութեան եւ այժմէն իսկ սկսած ենք խորհրդածել յաջորդ հինգ տարիներու մեր ընելիքներուն մասին։ Անցնող տարիներուն ընթացքին մեր աշխատանքի կորիզը հանդիսացաւ արեմտահայերէնի ամրապնդումն ու զարգացումը։ Այստեղ պիտի անդրադառնամ այդ ուղղութեամբ առնուած մեր հիմնական քայլերուն, որոնցմէ ամենէն կարեւորը մարդուժ պատրաստելն էր՝ ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ ստեղծագործող երիտասարդներ։ Շեշտը այս հանգամանքին վրայ դնելով նախ սկսանք դպրոցներու հետ աշխատիլ որպէսզի մեր կողմէ տրուած նպաստները աւելի արդիւնաւէտ ըլլան։ Յետոյ «Կիւլպէնկեան»ը սկսաւ ինք ուղղակի ձեռնարկներ կազմակերպել –ինչ որ նոր երեւոյթ մըն էր–։ Ասոր տեսանելի մէկ օրինակը պատանիներու համար կազմակերպուած «Զարմանազան»ի այս ամռան ճամբարն էր։ Շեշտը դրինք նաեւ արհեստագիտական (technologique) թեւին վրայ՝ այս մարզէն ներս արեւմտահայերէնի զարգացումը ապահովելու համար։ Ըսեմ, թէ 2018-էն սկսեալ կարելի կ՚ըլլայ smartphone-երու վրայ արեւմտահայերէնով սրբագրիչ ունենալ։
Երբ 2013-2014-ին սկսանք այս գործը, կ՚ենթադրէինք թէ աւելի արագ ընթացքով պիտի յառաջանանք, բայց գործնականին մէջ տեսանք, որ իւրաքանչիւր ծրագրի ետեւը տարուելիք ահռելի աշխատանք եւ կարիքներ կան, ըսել կ՚ուզեմ, թէ ճիշդ է որ քիչ մը երկար տեւեց ծրագրերու իրագործումը, բայց լիայոյս ենք որ 2018-ի վերջաւորութեան ի յայտ պիտի գան յաւելեալ արդիւնքներ։
Այս բոլորին զուգահեռ մշակած ենք ուսուցիչներուն համար վերաորակաւորման ծրագիր մը Լիբանանի մէջ, «Հայկազեան» համալսարանին հետ։
«ՆՅ» - Ի՞նչ կ՚ըսէիք Կիւլպէնկեանի Վիքի-ճամբարին մասին։
Ռ.Փ. - Ճամբարները կը կազմակերպուին Հայաստանի Wikimedia հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, մեր նպաստով: Լիբանանէն եւ Փորթուկալէն ետք երրորդ ճամբարը տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսայի մէջ, ուր առիթ կը տրուի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն արեւմտահայերէնով առցանց յօդուածներ գրելու։ Պէտք է ըսել, թէ այս ծրագիրը դրական արդիւնքներ տուաւ եւ բաւական յաջող ձեռնարկ մըն է, որ կը շարունակուի։ Սոյն ճամբարներու ընթացքին ձեռք ձգուած փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ նախ պէտք է լեզուն սիրցնել երիտասարդին եւ որոշ խանդավառութիւն մը ստեղծել արեւմտահայերէնի շուրջ։
«ՆՅ» - Կրնայի՞ք քիչ մը ընդլայնել այս գաղափարը։
Ռ.Փ. - Այո՛։ Ըսեմ թէ մենք անդրադարձանք, որ եթէ 21-րդ դարու սկիզբը կ՚ուզենք արեւմտահայերէնը զարգացնել եւ ամրապնդել, պէտք է անպայման լեզուն ո՛չ թէ իբրեւ պարտադրանք կամ պարտականութիւն, այլ՝ գրաւիչ դարձնենք երիտասարդ սերունդին համար. եւ առ այդ՝ մեր աշխատանքներու մէկ կարեւոր մասը այս իրականութեան վրայ հիմնուած է եւ ինչպէս իմ գործակից Անի Կարմիրեանը կ՚ըսէ՝ անհրաժեշտ է «հայերէնով բացուիլ աշխարհին», այսինքն՝ երիտասարդին առիթը տալ հայերէնով ապրելու իր ամէնօրեայ կեանքը, որուն ընթացքին կարենայ նաեւ հայերէնով ստեղծագործել։ Այս գետնի վրայ երեւան եկան հարցականներ կարգ մը դասական գաղափարներու նկատմամբ, որոնց մասին խորհրդածեցի այս երկու տարուան ընթացքին: Անոնցմէ մէկը հայեցի դաստիարակութեան հարցն է: Ձեւով մը լեզուն կեթթոյի վերածած ենք, այսինքն՝ հայերէնով Հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու կը սորվեցնենք առանց աշխարհի հետ հայերէնով առընչուելու։ Այդ պատճառով՝ առանց անդրադառնալու կ՚ամրապնդենք այն գաղափարը, թէ անգլերէնը, սպաներէնը կամ ֆրանսերէնը, օրինակ, աշխարհի հետ կապուելու լեզուներ են, բայց ո՛չ՝ հայերէնը։ Այս երեւոյթը իրապէ՛ս վտանգ մըն է հայերէնի կենսունակութեան համար, որովհետեւ լեզուն կը նուաստացնէ ու մէկ նիւթի լեզու կը դարձնէ, եւ այդպէս տարիներու ընթացքին ան կը սկսի իր այժմէականութիւնը կորսնցնել, դառնալով գեղեցիկ, բայց սառած յուշապատկեր մը։ Կը յիշեմ երբ 10-12 տարեկան էի եւ Լիբանան հայկական դպրոց կը յաճախէի՝ մեր հայերէնի դասագիրքը ամէն ինչի մասին կը խօսէր եւ մենք օրինակ գիտութիւնը կը սորվէինք հայերէնով։ Ճիշդ է որ ժամանակները փոխուած են, բայց աշխարհին հայերէնով բացուելու գաղափարը միշտ կը մնայ այժմէական։ Եթէ մենք ընդհանուր գիտելիքները սորվինք այլ լեզուներով եւ միայն հայերէնը՝ հայերէնով, այդ պարագային պատանիի մտքին մէջ երկուութիւն պիտի ստեղծուի եւ ան պիտի խորհի, թէ հայերէնը՝ հնութեան, իսկ միւսները՝ նորութեան լեզուներ են։ Եւ հո՛ս է, որ կը կայանայ վտանգը։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ սկսած ենք մեր կրթական ծրագրերու ընթացքը փոխել, կեդրոնանալ հայերէնի վրայ, պատանիին ու աշակերտին եւ ուսուցիչներու վերաորակաորման վրայ՝ Սփիւռքի ծիրէն ներս։
«ՆՅ» - Կեդրոնանալով ամառնային մէկուկէս ամսուան ճամբարին վրայ, որուն առաջին շաբաթը յատկացուցիք այսպէս կոչուած՝ նորարար-ներդրողներու խմբակին, երբ 40 մասնակիցներ համախմբուեցան եւ եօթը տարբեր մարզերու մէջ խմբային աշխատանոցներ կազմակերպեցին, արդեօք այդ խումբին աշխատանքները շօշափելի արդիւնքի մը յանգեցա՞ն։
Ռ.Փ. - Ըսեմ, թէ այս վեց շաբթուան ընթացքին չորս տարբեր նախաձեռնութիւն առած էինք, որոնք իրարու հետ շաղուած էին։ Առաջինը ձեր նշած մէկ շաբթուան ծրագիրն էր, ուր հրաւիրեցինք մշակոյթի եւ կրթական մարզի մէջ նորարարութեան հակամէտ գործիչներ, որպէսզի գան եւ հայերէնով ստեղծագործեն։ Անոնք եկան եւ սկսան հայերէնով կրթական միջոցներ ստեղծել, որոնց քիչ վերջ պիտի անդրադառնամ։ Երկրորդ բաժինը Զարմանազանի ճամբարն էր, որու արեւմտահայերէնով տարբեր ձեռնարկներուն մասնակցեցան 40-ի մօտ երախաներ եւ պատանիներ (10-էն 15 տարեկան)։ Այս խումբին մէջ կային հայերէն չգիտցող, հայերէն քիչ մը գիտցող եւ սահուն հայերէն խօսողներ։ Տարբեր երկիրներէ եկած այս անձերուն հասարակաց լեզուն հայերէնն էր։ Պէտք էր տեսնէիք, թէ այս չորս շաբթուան ընթացքին ինչպէ՛ս բարելաւուեցաւ անոնց հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Անոնք սկսան արեւմտահայերէնով վիճարկումներ կատարել, բարդ գաղափարներ արտայայտել։ Ասոր հետ կապուած՝ ունեցանք հայկական դպրոցներու 15 ուսուցիչներ, որոնք INALCO-ի հետ գործակցաբար ուսուցչական վերաորակաւորման դասընթացքի հետեւեցան, միաժամանակ ամէնօրեայ շփում ունենալով ճամբարի պատանիներուն հետ։ Իսկ չորրորդ բաժինը կը վերաբերի Վիքի-ճամբարին։
Վերադառնալով առաջին շաբթուան ծրագրին, քիչ մը խրթին ըլլալով՝ պէտք է օրինակներով բացատրեմ։ Երբ կ՚ուզես լեզու մը սորվիլ կամ սորվեցնել, կրնաս երթալ համացանցի վրայ եւ vidéo-clip-ներով գտնել ամէնօրեայ լեզուի մը օգտագործման եղանակները։ Այս առումով կան դաստիարակչական բազմաթիւ տեսերիզներ։ Հայերէնի պարագային՝ նման դիւրութիւն կա՛մ գոյութիւն չունի, կա՛մ ալ եղածը անբաւարար է։ Ուրեմն այդ մէկ շաբթուան ընթացքին ստեղծեցինք երիզներ, ինչպէս՝ խաղեր, երգեր, դաստիարակչական գործիքներ: Այս բոլոր «միջոցները» կամ «գործիքները» ուսուցիչները յետագային իրենց դասարաններուն մէջ պիտի կարենան օգտագործել: Տեղեկացնեմ, թէ այս ամէնը տարուան վերջը պիտի դրուի կայքէջի մը վրայ եւ մատչելի պիտի ըլլայ բոլո՛ր անոնց, որոնք կ՚ուզեն արեւմտահայերէնի գործածութեան դաշտը ընդլայնել։ Յառաջիկայ հինգ տարիներուն՝ մեր նպատակը այս ծրագրերու աւելի ընդլայնումն ու տարածումն է։
«ՆՅ» - Դուք քիչ առաջ անդրադարձաք մարդուժի պատրաստութեան հիմնական խնդրին, որ կ՚ենթադրէ նաեւ որոշ հայեցակարգի փոփոխութիւն, որպէսզի վերաորակաւորման կամ վերապատրաստման միջոցները ծառայեն յստակ նպատակներու։ Ըսել է, թէ աշխարհընկալման եղանակ մը կայ, որ պէտք է փոխուի, սփիւռքակեդրոն ըլլայ եւ ո՛չ անպայման հայաստանակեդրոն։ Այս կէտի՞ն վրայ է, որ կ՚ուզէիք շեշտը դնել։
Ռ.Փ. - Անշուշտ, եւ ճի՛շդ է ձեր մատնանշումը։ Այս առումով վստահաբար պահպանողական շրջանակները պիտի արձագանգեն, ըսելով թէ՝ Կիւլպէնկեանը ցարդ միայն դրամ կու տար, իսկ այսօր տարբեր աշխարհահայեացքով կը մօտենայ հարցերուն։ Միւս կողմէ պէտք է ըսել թէ ասիկա ո՛չ թէ միայն մեր մօտեցումն է, այլ՝ բարեսիրական (philanthropique) ամբողջ աշխարհին, ուր կայ հետեւեալ գաղափարը. եթէ պիտի օժանդակես՝ պէտք է նաեւ այդ օժանդակութեան մասին հարցադրում կատարես, որպէսզի գիտնաս, թէ տուածդ ի՞նչ ազդեցութիւններ կ՚ունենայ եւ ի՞նչ կը փոխէ ընկերութեան կեանքին մէջ։ Մեր պարագային՝ հարցը կը վերաբերի լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան։ Հետեւաբար հարցում կ՚ուղղենք, թէ մեր տրամադրած նպաստը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէ եւ ի՞նչ պիտի փոխէ։ Արդարեւ մեր իրականութեան մէջ փոփոխութեան ենթարկուելիք շատ բաներ կան։ Արդ, անդրադառնանք փիլիսոփայական քանի մը կէտերու.-
Առաջին հարցումը պիտի ըլլայ այն, թէ արդեօք կ՚ուզե՞նք արեւմտահայերէն լեզուն պահպանել ու զարգացնել, թէ՝ ոչ։ Կարգ մը մարդիկ կրնան ըսել, որ անիմաստ է Սփիւռքի մէջ փորձել ինքնութիւն եւ մանաւանդ լեզու պահել: Ես բացարձակապէս կը մերժեմ պարտուողական այս մտածելակերպը, որ դժբախտաբար տարածուած է: Այս առընչութեամբ մենք յստակ որոշում կայացուցած ենք, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը կարեւոր է։ Այս պարագային երկրորդ հարցումը կ՚ըլլայ այն թէ՝ ինչպէ՞ս պիտի զարգացնենք արեւմտահայերէնը։ Եւ ճիշդ հո՛ս է, որ մէջտեղ կու գայ սփիւռքակեդրոն ըլլալու գաղափարը։ Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է եւ ա՛ն է որ պէտք է կարենայ այս հարցին լուծումները գտնել իր իրականութեան ու կարիքներուն հիման վրայ: Իսկ Սփիւռքի ղեկավարները պէ՛տք է ստանձնեն այդ պատասխանատւութիւնը եւ չխուսափին այդ ծանր բեռէն, միայն Հայաստան հոլովելով ու ամէն ինչի լուծումը Երեւանէն սպասելով: Յետեղեռնեան Սփիւռքի ղեկավարները, մասնաւորապէս՝ Միջին Արեւելքի մէջ, մեր գաղութները կերտեցին. հայախօսութեան ոչ միայն կը հաւատային, այլ նաեւ՝ զայն իրագործեցին իրենց ջանքերով ու իրենց գաղութներու հնարաւորութիւններով: Հիմա կարծես ելած ենք մեր գաղութները տկարացնելու ի նպաստ Հայաստանի, մեր հարցերուն պատասխանը փնտռելով երկրի մը մէջ, որուն համար արեւմտահայերէնը եւ նոյնիսկ Սփիւռքի մարտահրաւէրները այդքան ալ կեդրոնական հարցեր չեն։ Բայց թող սխալ չհասկցուին ըսածներս, թէ Հայրենիքը կարեւոր չէ ու դեր մը չունի. մասնագիտական ծիրին մէջ Հայաստանի համալսարանները եւ մասնագէտները կարեւոր որոշ դերակատարութիւն ունին անշուշտ։ Բայց անցնող 3-4 տարիներու ընթացքին անդրադարձանք, թէ մանկավարժական եւ մեթոտաբանական գետնի վրայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մօտեցումներու շատ մեծ տարբերութիւններ կան։ Հայաստանի մանկավարժական մօտեցումը չի յարմարիր արեւմտեան Սփիւռքին։ Արեւմտեան Սփիւռքը պէտք է ի՛ր մանկավարժական մօտեցումները օգտագործէ ի՛ր զաւակներուն համար եւ ձեռք առնէ այն միջոցները որոնց վրայ պիտի կերտուին լեզուն եւ մշակոյթը։ Ահաւասիկ, ա՛յս է սփիւռքակեդրոն ըլլալու գաղափարը։ Հարկաւ խօսքը դասական Սփիւռքին մասին է։ Իսկ նոր Սփիւռքը որ կազմուեցաւ յետանկախութեան շրջանին, բոլորովին ուրիշ մարտահրաւէրներ ունի եւ լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ։ Այնտեղ, Հայաստանի ղեկավարութեան վերապահուած է մեծ դեր, որ կը ներառէ արեւելահայերէնի ամրապնդումն ու զարգացումը։
«ՆՅ» - Հոս ուրիշ հարց մըն ալ կայ. արտագաղթի հետեւանքով՝ բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանէն կը հեռանան, իրենց գաղթած երկիրներուն մէջ նոր սփիւռքներ կազմելով նոյն հարցերը պիտի դիմագրաւեն եւ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ներքին խնդիրներով զբաղած ըլլալով՝ հաւանաբար պիտի չկարենայ այդ մարզին մէջ ներդրում ունենալ։ Արդեօք արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ կատարուող մեթոտական հետազօտութիւնները կրնա՞ն օգտակար ըլլալ արեւելահայ Սփիւռքին։
Ռ.Փ. - Ձեր հարցումը երկու հիմնական բաժիններ ունի. առաջինը ա՛յն որ՝ դասական Սփիւռքը կրնա՞յ ձեւով մը օրինակ հանդիսանալ նոր Սփիւռքին, իսկ երկրորդ բաժինը կը վերաբերի Հայաստանի պետութեան դերին եւ ունեցած միջոցներուն։ Մեր ձեռք ձգած փորձառութիւնը արեւելահայ Սփիւռքի պարագային գործադրելու համար պէտք է յատուկ ուսումնասիրութիւններ կատարել նկատի ունենալով, որ այս նոր զանգուածը բոլորովին տարբեր պայմաններով եւ հոգեբանութեամբ ստեղծուած Սփիւռք մըն է։ Դասական Սփիւռքը իր հայրենիքը կորսնցուցած էր եւ մա՛նաւանդ մտաւորական առաջին սերունդը ամէն ձեւով փորձեց ինքնութիւն մը կերտել Սփիւռքի մէջ եւ յաջողեցաւ։ Փաստը այն է, որ այսօր 100 տարի վերջ մենք հոս նստած արեւմտահայերէն կը խօսինք եւ զիրար կը հասկնանք։
Նոր Սփիւռքի պարագային երկու հարց կը ծագի. մէկը այն՝ որ այսօր գոյութիւն ունի անկախ Հայաստանը։ Իսկ երկրորդ հարցը կը վերաբերի յետսովետական շրջանի մշակոյթին։ Դասական Սփիւռքը ի՛նք պէտք է լուծէր իր դժուարութիւնները, իսկ նոր Սփիւռքի ետին 70 տարուան սովետական փորձառութիւնը կայ եւ առկայ է շատ անգամ այն հոգեբանութիւնը, թէ ի վերջոյ անցեալին պէս՝ մէկը իր կարիքները կը հոգայ։ Այսօր՝ 20-25 տարի վերջ, որոշ խաւեր սկսած են մէջտեղ գալ կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնք կը խորհին վերակազմակերպուելու եւ նոր կառոյցներ ստեղծելու մասին, ինչ որ դրական երեւոյթ մըն է։ Նաեւ տարբեր գաղութներու մէջ Եկեղեցւոյ շուրջն ալ որոշ համախմբում մը կայ։ Բայց եւ այնպէս, կարելի է դասական Սփիւռքի փորձառութենէն շատ բաներ սորվիլ, որոնցմէ ամենէն հոյակապը սփիւռք կերտելու գաղափարն է ինքնուրոյն պայմաններով ու կարողութիւններով։ Միւս կողմէ ալ նոր Սփիւռքը չունի դասական Սփիւռքի դիմագրաւած խնդիրները, ինչպէս՝ կուսակցական պայքարներ, բաժանումներ եւ այլն։
Իսկ Հայաստանի ղեկավարութեան դերին վերաբերող հարցումը պէտք է յղել իշխանութիւններուն։ Ես անձնապէս կը խորհիմ, թէ պետութիւնը պէտք է նոր Սփիւռքի հետ կապ պահելով այդ համայնքներուն իւրայատուկ կարիքներուն ու մարտահրաւէրներուն անդրադառնայ, մա՛նաւանդ Ռուսաստանի գաղութներու պարագային։ Հոս օրինակով պիտի խօսիմ. Պոլսոյ մէջ 50-էն 60 հազար Հայեր կ՚ապրին, որոնք ունին հայկական 17 դպրոցներ։ Ռուսաստանի մէջ, կ՚ըսուի թէ շուրջ երկու միլիոն Հայ կայ, բայց հոն ամէնօրեայ նոյնիսկ մէկ դպրոց չկայ, որուն հետեւանքով ալ լեզուն կորսուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։ Հոն կան ընտանիքներ, ուր զաւակը եւ ծնողքը նոյն լեզուն չեն խօսիր, հետեւաբար այնտեղ մէկ կամ երկու սերունդ վերջ լեզուական ձուլումը անխուսափելի է։ Այս պարագան շատ մտահոգիչ է։
«ՆՅ» - Յատկապէս Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ու պարագային, ամբողջ տասնամեակներ արեւմտահայերէն դասաւանդած դպրոցները ընդունեցին հայաստանցի աշակերտներ, որոնց համար արեւելահայերէնի դասընթացք եւ կրթական ծրագիր չէ նախատեսուած։ Իսկ Հայաստանի պետութիւնը՝ Կրթական նախարարութիւն, Սփիւռքի նախարարութիւն շատ հեռու են նման կրթական խրթին հարցեր լուծելու կարողութենէն։ Այսօր կարելի է ըսել նաեւ որ Սփիւռքի կարգ մը դպրոցներու աշակերտութեան գերակշիռ մասը հայաստանցի է եւ արեւմտահայերէն կ՚ուսանի։ «Կիւլպէնկեան»ի պատրաստած ուսուցիչները ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեն այս խնդիրը։ Կամ, նախատեսուա՞ծ է որեւէ ծրագիր հայերէնի երկու լեզուաճիւղերու գոյակցութեան մասին, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու դպրոցներէն ներս։
Ռ.Փ. - Շատ բարդ է հարցումը: Մեր մօտեցումը այն է, որ երկու ճիւղերը իրարու հետ շատ լաւ կրնան զուգահեռաբար գոյատեւել, իրարու հետ շատ հանգիստ հաղորդակցիլ առանց որ մէկը միւսին վրայ իշխէ կամ պարտադրէ: Այսինքն՝ գործնական գետնի վրայ, կը խորհիմ թէ դպրոցները պէտք է կարելիութիւնը ունենան արեւելահայ մանուկին (եւ ընտանիքին) արեւելահայերէն դասաւանդել, իսկ արեմտահայ մանուկին՝ արեւմտահայերէն: Ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ կը հանդիպինք այն գաղափարին, որ արեւմտահայերէնը բարբառ է, հին է, գրաբարի մէկ տեսակն է…, այսինքն հասկացութեան ու յարգանքի պակաս մը կայ: Սփիւռքի պարագային՝ երբեմն հակառակը կը տեսնենք. որ այս կամ այն դպրոցը միայն արեւմտահայերէն է եւ պէտք է արեւելահայերէն խօսող երախան ստիպուի արեւմտահայերէն սորվելու: Ա՛յս ալ սխալ է ու դատապարտուած է ձախողութեան. ընտանիքը հեռու կը պահէ դպրոցէն: Բարեբախտաբար, Սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ այս մտայնութիւնը բաւական փոխուած է: Իսկապէ՛ս սխալ է Հայաստանէն եկած ուսուցիչներուն պարտադրել, որ արեւմտահայերէն դասաւանդեն: Ատիկա կ՚ըլլայ տարօրինակ եւ խորթ, նոյնիսկ շինծու հայերէն մը։
«ՆՅ» - Կարեւոր է գիտնալ թէ Երեւանի համալսարանի գիտաժողովը ի՞նչ առաջադրանքներ մէջտեղ բերաւ Ռուսաստանի նոր Սփիւռքը կազմակերպելու առումով։ Միւս կողմէ, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ալ գոյացած են այդպիսի նոր սփիւռքներ եւ անոնց մասին ալ պէտք է խորհիլ։
Ռ.Փ. - Ռուսահայ Սփիւռքի մասին շատ քիչ գիտական աշխատանք տարուած է։ Այդ առումով «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը օժանդակեց Երեւանի Պետական համալսարանին, որպէսզի գիտաժողով մը կազմակերպէ Ռուսաստանի Սփիւռքի մասին։ Առաջին անգամն էր, որ այդ թեմայով գիտաժողով մը կը կազմակերպուէր, որուն մասնակցեցան Ռուսաստանի զանազան գաղութներու մտաւորականներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, որոնք նախապէս չէին հանդիպած իրարու։ Անոնք պատմեցին օրինակ, թէ Ռուսաստանի մէջ քանի մը դարու անցեալ ունեցող դասական Սփիւռք մը կայ, որ կ՚ուզէ հայերէն սորվիլ, հայկական դպրոց ունենալ, բայց այս հարցը չի՛ հետաքրքրեր նոր Սփիւռքի անդամները։ Տարօրինակ եւ ցաւալի իրողութիւն մը: Հետեւաբար այդ շրջանին մէջ պէտք է հսկայական աշխատանք տարուի եւ Հայաստանի պետութիւնն ալ մեծ դեր կրնայ խաղալ։
Ինչ կը վերաբերի Երեւանի գիտաժողովին, հոն արծարծուած նիւթերը առանձին պիտի հրատարակուին համալսարանին կողմէ: Գիտաժողովը առաջին քայլ մըն էր: Յուսամ այդ ընթացքը կը շարունակուի եւ յաջորդ հանդիպումին յստակ առաջադրանքներ կ՚ըլլան, հիմնուած՝ գիտական հետազօտութիւններու վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան Եւրոպայի գաղութներուն՝ տեղեկացնեմ, թէ Կիւլպէնկեանի օժանդակութեամբ՝ Փրակայի «Օրեր» հանդէսը ամիսը անգամ մը այդ ցամաքամասի մէկ գաղութին մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հանրութեան։
«ՆՅ» - Զարմանալի է, որ Հայաստանի պետութիւնը մինչեւ հիմա այս ուղղութեամբ նախաձեռնութիւն չէ առած։ Չէ՞ք կարծեր, որ նման գիտաժողովի մը կազմակերպումը պետութեան պատասխանատւութեանց մաս կը կազմէ։
Ռ.Փ. - Մենք Երեւանի համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնին հետ գիտական հողի վրայ կազմակերպեցինք այդ ձեռնարկը։ Իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը յառաջիկային պիտի կազմակերպէ Սփիւռք-Հայաստան 6-րդ համաժողովը, որուն բնականաբար պիտի մասնակցին նաեւ Ռուսաստանի հայ գաղութներու ներկայացուցիչներ։
«ՆՅ» - Դուք ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք Հայաստան-Սփիւռք իրերայաջորդ համաժողովներէն։
Ռ.Փ. - Ես գրեթէ բոլոր համաժողովներուն մասնակցած եմ։ Անդրանիկ ժողովը շատ տպաւորիչ էր, նկատի ունենալով որ առաջին անգամն էր, որ այդպիսի տարողութեամբ համագումար մը կը կազմակերպուէր։ Կրնամ ըսել, թէ այդ ժողովները Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչները քով քովի բերելու առիթ կը հանդիսանան եւ նման ձեռնարկներ Հայաստանի քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։

«ՆՅ» - Նոր հայեցակարգ մը
ստեղծելու առումով՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը յատկապէս Սփիւռքի
կարեւորագոյն կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու եւ անոնց
օժանդակութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը կը զգա՞յ, թէ՝ ոչ։
Ռ.Փ. - «Կիւլպէնկեան»ը միշտ ալ Սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու հետ կ՚աշխատի։ Յաջորդ հնգամեակին –ինչպէս ըսի– պիտի շարունակենք շեշտը դնել արեւմտահայերէնի զարգացման վրայ։ Եւ ասիկա յաջողցնելու համար անպայման մեր շուրջ պէտք է համախմբենք մտաւորականներ ու զանազան կազմակերպութիւններ, զանոնք ներգրաւելով մեր ծրագրերուն մէջ։ Միասնական ուժերով աշխատանք պիտի տանինք, բայց գործակցութեան եղանակները տակաւին որոշուած չեն։ Եթէ կ՚ուզենք արեւմտահայերէնի ամրապնդման շարժումը յաջողցնել, անհրաժեշտ է համասփիւռքեան ուժերու ներգրաւումը։
Ցարդ, մեր աշխատանքները ընդհանրապէս կեդրոնացուցած ենք Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջ եւ որոշ չափով ալ կը գործակցինք Հիւսիսային Ամերիկայի հետ։ Սակայն 2018-2019-ին աւելի պիտի ընդլայնենք մեր գործունէութեան դաշտը։
«ՆՅ» - Ձեր աշխատանքները ինչպէ՞ս կը դիմաւորուին դասական Սփիւռքի կուսակցութիւններուն կամ կազմաւորուած կառոյցներուն (եկեղեցի, ՀԲԸՄ եւ այլն) կողմէ։
Ռ.Փ. - «Կիւլպէնկեան»ը ընդհանրապէս կը ձգտի ամէնուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու։ Ըսեմ, թէ արեւմտահայերէնի զարգացման գաղափարը մէջտեղ եկած է զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարութեանց եւ մտաւորականութեան հետ խորհրդակցութեամբ։ Մենք անշուշտ որեւէ ձեւով քաղաքականութեամբ չենք զբաղիր եւ քաղաքական որեւէ դիրքորոշում չունինք այս կամ այն նիւթին վերաբերեալ։
«ՆՅ» - Քիչ առաջ խօսեցանք Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հայաստանակեդրոն մօտեցումին մասին, իսկ «Կիւլպէնկեան»ը նո՛ր հայեցակարգի եւ հարցերու նո՛ր ընկալումի շուրջ ծրագրեր կը մշակէ։ Հետեւաբար, հոս տեղ մը գաղափարական բախում մը կը ստեղծուի, որ թերեւս կը խոչընդոտէ ձեր ամէնօրեայ աշխատանքները, կամ ալ ընդհակառակն՝ խթան կը հանդիսանայ հասարակաց նոր եզր մը ստեղծելու գործընթացին։
Ռ.Փ. - Ցարդ, բարեբախտաբար մեր յարաբերութիւնները գաղափարական բախումներու չեն յանգած: Մենք մեր ծրագրերը կը մշակենք, ուրիշները՝ իրենցը: Կը գործակցինք հո՛ն՝ ուր նպատակները կը համընկնին: Բնականաբար կրնայ պատահիլ, որ մարդիկ մեր մօտեցումներուն համաձայն չըլլան եւ գաղափարական տարբերութիւններ երեւան ելլեն, բայց հակասութիւններու տանելու պէտք չկայ։ Մենք մեր տեսակէտը պարտադրելու որեւէ միտում չունինք։ Միւս կողմէ, բախտաւոր ենք որ մեր ծրագրերը իրագործելու ֆինանսական միջոցները ունինք եւ բոլորովին անկախ ենք: Հայաստանի մէջ ալ ծրագրեր կը մշակենք, կը գործակցինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ այլն։ Ամփոփելով՝ գործի մը կամ իւրայատուկ նպատակի մը շուրջ կը համախմբուինք, կ՚աշխատակցինք, եւ ոչ թէ քաղաքական կամ գաղափարախօսական մօտեցումներու շուրջ: Պէտք չէ մոռնալ, որ «Կիւլպէնկեան»ը հայկական գաղութային կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ փորթուկալական շատ մեծ հիմնարկութիւն մը իր միջազգային գործունէութեամբ, որուն մէկ մասնիկն է հայկական բաժանմունքը:
«ՆՅ» - Այս հարցումս կը վերաբերի մշակոյթի կալուածին։ Ի վերջոյ, լեզու մը ամրապնդելը եւ զարգացնելը պէտք է առաջնորդէ նաեւ մշակութային կեանքի ձեւաւորման, որովհետեւ մշակո՛յթն է, որ կ՚ապրեցնէ լեզուն, իսկ լեզուն ալ մշակոյթ կը ստեղծէ։ Համայնքային կեանք ունեցող հաւաքականութիւններն են, որոնք կրնան ապրեցնել լեզուն։ Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէիք այն միջավայրերուն մասին, ուր քաղաքական գետնի վրայ պետական համակարգը դժկամ է օտար տարրերուն տրամադրելու իրենց պատշաճ տեղը։ Այս առումով տեղական լեզուի հետ փոխյարաբերութեան առումով որեւէ աշխատանք կը տարուի՞։
Ռ.Փ. - «Կիւլպէնկեան»ը իբրեւ հիմնարկ որեւէ երկրի տեղական համայնքներու ներքին գործերուն չի միջամտեր։ Մենք Լիզպոն նստած՝ չենք կրնար եւ չենք ալ ուզեր օրինակ Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի հայկական համայնքներու տեղական կամ քաղաքական հարցերով զբաղիլ։ Այդ հարցերը մեր առաքելութեան մաս չեն կազմեր։ Մենք պարզապէս կրնանք, օրինակի համար՝ Ֆրանսայի դպրոցներուն հետ աշխատիլ մանկավարժական մեթոտաբանութեան զարգացման առնչութեամբ։ Մենք կրթական համակարգերու եւ մտաւորականութեան հետ աշխատելով մարդուժ կը պատրաստենք։ Իւրաքանչիւր գաղութի ղեկավարութեան պարտականութիւնն է տեղական հարցերով զբաղիլը եւ անոնց լուծումներ գտնելը։
«ՆՅ» - Ինչպէս ծանօթ է՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը տասնեակ տարիներէ ի վեր բազում կրթաթոշակներ կը յատկացնէ համալսարանական հայ ուսանողներուն։ Արդեօք այդ ծրագիրը նոյն թափով կ՚ընթանա՞յ։
Ռ.Փ. - Անշո՛ւշտ։ Ճիշդ է, որ այդ մասին շատ չենք խօսիր, բայց միա՛յն անցեալ տարի շուրջ 800 հազար եւրոյի գումար յատկացուցած ենք կրթաթոշակներու –մեր տարեկան պիւտճէին մէկ երրորդը–: Մեր բաժանմունքի ստեղծման առաջին օրէն կրթաթոշակներ տրամադրած ենք եւ այդ գործը կը շարունակենք։ Հայաստանի մէջ ալ ներդրումներ կը կատարենք։ Օրինակ, այս տարի սփիւռքագիտութեան նուիրուած ամառնային դպրոցներ կազմակերպեցինք։ Կ՚օժանդակենք նաեւ հայրենիքի հրատարակչական մարզին եւ կը քաջալերենք արեւմտահայերէնով գիրքեր հրատարակելու աշխատանքը։ Թուրքիոյ մէջ ալ կը գործակցինք յառաջադէմ կազմակերպութիւններու հետ, հայ մշակոյթը ծանօթացնելու եւ տարածելու նպատակով ու հեռանկարով։

«Նոր Յառաջ», 9 Սեպտեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment