Showing posts with label Ռազմիկ Փանոսեան. Show all posts
Showing posts with label Ռազմիկ Փանոսեան. Show all posts

7.7.20

Ռազմիկ Փանոսեան. «Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

11.9.17

Ռազմիկ Փանոսեան. «Ես իրապէս կը հաւատամ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումն ու ամրապնդումը Սփիւռքի հարցն է»

Խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի. Այս ամառ՝ Յուլիս 10-էն մինչեւ Օգոստոս 20, վեց շաբաթներու երկայնքին, Կեդրոնական Ֆրանսայի հրաբխային Օվերնեըի Պուրպուլ քաղաքին մէջ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը՝ արեւմտահայերէնի ամրապնդման, փոխանցման եւ իւրացման գործընթացները նորարարելու նպատակը հետապնդող հնգամեայ ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպած էր չորս տեսակի մեծ հաւաքներ.- նորարարական ստեղծագործական աշխատանոց, 10-15 տարեկան պատանիներու «Զարմանազան» ճամբար, ուսուցիչներու վերաորակաւորման եւ վերապատրաստման միամսեայ դասընթացքներ՝ Փարիզի համալսարանի INALCO արեւելեան լեզուներու ուսուցման բաժանմունքի հետ գործակցաբար, եւ վերջապէս՝ Օգոստոս 11-էն 20 նոյն վայրին մէջ երիտասարդական Վիքի-ճամբարը, որ արդէն երկու տարի է կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպուի Հայաստանի Վիքի կեդրոնին հետ։
Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած այս նախաձեռնութիւնները իրականացան Լիոնէն «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան գործակցութեամբ, որ Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն ճանչցուած է իբր պատանիներու համար ամառնային եւ արձակուրդային ճամբարներ կազմակերպելու իրաւասու կառոյց։
Նորարարական ծրագրին համար Յուլիս 10-էն 17 Պուրպուլ հաւաքուած էին մշակութային, գրական, թարգմանական, թատերական, դերասանական, շարժանկարային, երաժշտական, մանկավարժական արուեստներու շուրջ քառասուն մասնագէտներ ու գործիչներ, որոնք երկրորդ տարին ըլլալով, 7 խմբակներու բաժնուած, շարունակեցին նախորդ տարին ճամբայ հանուած նախագիծերը։ Զարմանազան ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Պոլիսէն, 40 պատանիներ եւ շուրջ քսան ուղեկիցներ եւ պատասխանատուներ։ Ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքներուն մասնակցեցան ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Պոլսէն 17 ուսուցիչներ եւ 7 դասախօսներ։ Իսկ Վիքի-ճամբարին՝ 25 երիիտասարդներ, 17-էն 26 տարեկան։
Այս նախաձեռնութիւնները իրագործուեցան «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի տնօրինութեամբ, իսկ ծրագրերու իրագործումի պատասխանատուն էր Անի Կարմիրեան։ Ստորեւ կը հրատարակենք վերոնշեալ ծրագրերու իրագործման մասին պրն. Փանոսեանի հետ «Նոր Յառաջ»-ի կատարած հարցազրոյցը։

12.12.16

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց  Լիբանան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ` մօտէն հետեւելու հիմնարկութեան կազմակերպած ու հովանաւորած ձեռնարկներուն ու գիտաժողովներու ընթացքին եւ քննարկելու ուսումնական ծրագիրներու նոր մեթոտաբանութեան եւ արհեստագիտութեան անհրաժեշտութեան, մարդուժի տագնապին, հայ սփիւռքի մարտահրաւէրներուն եւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ այլ հարցերու մասին:

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, ներկայացնելով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժնի ամառնային գործունէութիւնն ու ծրագիրները, ըսաւ, թէ հիմնարկութեան ընդհանուր նպատակը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման  մարդուժ պատրաստելն է: Մարդուժ հասկացութեան մէջ կը մտնեն ոչ միայն ուսուցիչները, այլեւ` բոլոր անոնք, որոնք կ՛արտադրեն ու կը ստեղծեն արեւմտահայերէնով:

21.10.16

«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի ու «Համազգային»ի գործակցութեամբ գիտաժողով Պոլսոյ մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
7-8 Հոկ­տեմբեր թուական­նե­րուն կա­յացաւ «Հայ­կա­կան ինքնու­թեան քննա­կան մօ­տեցումներ 21-րդ դա­րուն՝ խո­ցելիու­թիւն, առաձ­գա­կանու­թիւն եւ փո­խակեր­պութիւն» խո­րագ­րեալ գիտաժո­ղովը, որու կազ­մա­կեր­պիչներն էին «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ն ու «Հա­մազ­գա­յին»ը՝ հովանա­ւորու­թեամբ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թեան» ու Պոլ­սոյ Շուէտի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոսու­թեան։ Գի­տաժո­ղովը կա­յացաւ «Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ի «Անա­րատ Յղու­թիւն» շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։
«Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ»ը ամե­նամեայ գի­տաժո­ղով­նե­րով կը ջա­նայ ար­ծարծել հար­ցեր, որոնց քննար­կումը ան­ցեալի լու­սա­բան­ման ու յատ­կա­պէս ներ­կան վեր­լուծե­լու տե­սակէ­տէ կ՚ու­նե­նան խիստ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն։ Այդպէս էր, օրի­նակ, 2013-ին կազ­մա­կեր­պուած իսլամաց(ու)ած հա­յերու խորհրդա­ժողո­վը, 2012-ին Մար­տի­նին ու 2011-ին Տի­յար­պէ­քիրին նուիրուած գի­տաժո­ղով­նե­րը եւլն.։ Այդպէս եղաւ նաեւ այս վեր­ջի­նը, ուր օրա­կար­գի բե­րուած նիւ­թե­րը, ինչպէս կը յու­շէ ձեռ­նարկին խո­րագի­րը, կա­րեւոր էին, հե­տաքրքրա­կան ու արդիական։

23.1.16

«Կիւլպէնկեան»ի մարտադաշտը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
 
Յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, անոր կենսունակութեան պայքարը այսօր ամէնէն հետեւողական ձեւով ստանձնած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժինը՝ տոքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի գլխաւորութեամբ:

19.10.13

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան. «Զարկ տալ դպրոցին»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
Ռազմիկ Փանոսեան «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն նշանակուեցաւ Փետրուար 1, 2013ին։ Անոր ընտրութիւնը եղած է միջազգային մասնագէտներ որոնող Ligature Partners հաստատութեան կողմէ։ Ընտրուած է՝ նկատի առնելով Գանատայի մէջ իր մասնագիտական փորձառութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ մեծ դրամագլուխ ու նպաստներ հաւաքելու եւ բաշխելու, մարդասիրական ու ընկերային դաշտէն ներս զանազան ծրագիրներու անոր վարչարարական փորձառութիւնները, լեզուներու տիրապետումը, Սփիւռքի զանազան ընկերութիւններու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան իր ընդարձակ ծանօթութիւնը։