Showing posts with label «Պայքար». Show all posts
Showing posts with label «Պայքար». Show all posts

1.10.17

Չհիմնաւորուած յայտարարութիւններ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ (*)


Վերջերս, «Պայքար» շաբաթաթերթը իր մէկ խմբագրականով կը քննէր օրհներգին հարցը, որ իրաւականօրէն առկախ մնացած է, յայտնելով, թէ «վստահաբար օգտակար կը դառնայ հակընդդէմ գաղափարներու արծարծումը»։ Այդ համոզումով, նուաստս յօդուած մը ստորագրած էր Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային մէջ (https://armeniaca-haygagank.blogspot.com/2017/09/blog-post.html)։

7.9.17

Օրհներգին առկախ խնդիրը եւ հատուածական կիրքին լուծուած հարցը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1988-ի արցախեան շարժումի ծիրին մէջ, անցեալի մոռցուած կամ «թանգարանային» համարուած բազմաթիւ էջեր ու երեւոյթներ վերյայտնուեցան, որոնց շարքին՝ 1918-1920-ի անկախութեան երեք հիմնական խորհրդանիշերը։ Սփիւռքի միջին տարիքէն վեր ընթերցողը վստահաբար կը յիշէ “Մեր հայրենիք»-ի, ինչպէս եւ եռագոյն դրօշակի ու առաջին հանրապետութեան զինանշանի երկկողմանի անընդհատ օգտագործումը խորհրդային շրջանի քաղաքական հակամարտութեան մէջ։ Դրօշակն ու զինանշանը (որոշ փոփոխութիւններով) նախ 1990-ին եւ 1992-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի օրէնքներով ընդունուեցան, որոնք վերջնականօրէն ամրագրուեցան Յունիս 2006-ին անոր յաջորդին՝ Ազգային Ժողովի կողմէ վաւերացուած օրէնքներով։

26.6.17

Դասագիրքերու շարքի մը մասին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Պայքար»-ի 7 Մայիսի խմբագրականը՝ «Մեր կրթական կեանքի հեռանկարները» խորագրով, նուիրուած էր ամերիկահայ կրթական գործի քննակումին։ Ան բաւական իրապաշտ ու իրազեկ կերպով, երբեմն՝ առանց բառեր ծամծմելու, ներկայացուցած է մեր համայնքի կրթական գործունէութեան հիմնական գծերը, շեշտը դնելով նաեւ հետեւեալ վէրքին վրայ. 
«Քառորդ դար մը առաջ հայ դպրոցը մամուլի եւ ազգային խօսակցութեանց մէջ հրատապ նիւթ մըն էր։ Այսօր ընդհանուր լռութիւն մը եւ անտարբերութիւն կը տիրէ, հակառակ որ հայ կրթական կեանքը աւելի տագնապալի հանգրուանի մը հասած է»։  

30.1.17

Նամակ «Պայքար» շաբաթաթերթին



Ֆորթ Լի (Նիւ Ճըրզի), 17 Յունուար 2017

Յարգարժան խմբագրութիւն
«Պայքար» շաբաթաթերթի
Պոստըն

Յարգելի հայրենակիցներ,
Կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել «Պայքար»ի վերհրատարակութեան առիթով, որ կու գայ դարմանելու 90-ական թուականներու անոր շիջումով յառաջացած բացը, ու նաեւ հանդիսանալու վերջին տարիներուն յեղյեղուող արեւմտահայերէնի տագնապին հանդէպ լռելեայն հակազդեցութիւն մը։
Լաւ է, որ թերթի երկրորդ թիւին՝ 8 Յունուարի խմբագրականը, տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ճակատագրի աւելի քան փշոտ հարցին, որ անքակտելի է արեւելահայերէնի ճակատագրէն։ Հոն, սակայն, կարգ մը վիճելի հաստատումներ կատարուած են, որոնց մասին կ՚արժէ խօսիլ։