Ֆորթ Լի (Նիւ Ճըրզի), 17 Յունուար 2017
Յարգարժան խմբագրութիւն
«Պայքար» շաբաթաթերթի
Պոստըն
Յարգելի հայրենակիցներ,
Կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել «Պայքար»ի վերհրատարակութեան
առիթով, որ կու գայ դարմանելու 90-ական թուականներու անոր շիջումով յառաջացած բացը,
ու նաեւ հանդիսանալու վերջին տարիներուն յեղյեղուող արեւմտահայերէնի տագնապին հանդէպ
լռելեայն հակազդեցութիւն մը։
Լաւ է, որ թերթի երկրորդ թիւին՝ 8 Յունուարի
խմբագրականը, տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ճակատագրի աւելի քան փշոտ հարցին, որ անքակտելի
է արեւելահայերէնի ճակատագրէն։ Հոն, սակայն, կարգ մը վիճելի հաստատումներ կատարուած
են, որոնց մասին կ՚արժէ խօսիլ։