31.1.23

Արեւմտահայ ապրող գրականութեան միջավայրը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Այս վերնագրի իւրաքանչիւր բառը կը պահանջէ կարճ բացատրութիւն մը, որպէսզի աւելի ըմբռնելի դառնայ վերլուծման մեկնակէտը։

«Արեւմտահայ» հասկացութիւնը, ի հարկէ, միայն կարելի է հասկնալ լեզուական իմաստով։ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով յառաջացած աղէտալի խզումը եւ ցրուումը ենթադրեց «Արեւմտեան Հայաստան» (մերթ՝ Թրքահայաստան) հասկացութեան շիջումը որպէս մշակութային երեւոյթ եւ ծնունդը «Սփիւռք» հասկացութեան, որ իր վերջնական ձեւաւորումը սկսաւ ստանալ յատկապէս 1960ական թուականներուն, երբ վերապրողներուն եւ անոնց որդիներուն շառաւիղները ասպարէզ իջան։ Հետեւաբար, եթէ «արեւմտահայ» եւ «սփիւռքահայ» հասկացութիւններուն միջեւ ժառանգական գիծ մը կայ, անիկա ապահովուած է լեզուական գործօնի՝ արեւմտահայերէնի առկայութեամբ։

Հասկնալի է, ուրեմն, որ Սփիւռքի (խօսքը միշտ այսպէս կոչուած «դասական»՝ յետ-1915 Սփիւռքի, եւ ո՛չ թէ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ընթացքին յառաջացած «նոր» Սփիւռքի մասին է, որուն լեզուական գործօնը արդէն տարբեր է) այսպէս ասած մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է, բայց հոն ստեղծագործուող գրականութիւնը այլեւս սփիւռքահայ կոչուելու վաւերական հիմքերը ունի՝ դեռ Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Շահան Շահնուրի անուններով խորհրդանշուած «Փարիզի տղոց» օրերէն, եւ ա՛լ աւելիով՝ 1960ական թուականներուն հրապարակ իջած ու Պէյրութի «Ահեկան» հանդէսի շուրջ բոլորուած սերունդի օրերէն։

Բնական է, որ այդ գրականութիւնը իր բովանդակութեամբ, բնոյթով եւ այլ յատկանիշներով ամբողջութեամբ սփիւռքեան կնիք մը չունի, այսինքն՝ սփիւռքեան սահմանումի, հոգեբանութեան, վայրի, գոյութեան խնդիրները չ՚արծարծեր, բայց անշուշտ աշխարհագրական պատկանելիութեամբ մաս կը կազմէ Սփիւռքին։

Սփիւռքեան վերոյիշեալ կնիքը կ՚ենթադրէ, առաջին հերթին, ցոլացնել այն գիտակցութիւնը, թէ սփիւռքեան կացութիւնը ինքնաբաւ ու փակ միջավայրի մը ապրելակերպէն հեռու է, այլ պարտաւոր է փոխազդել շրջակայ միջավայրին եւ մշակոյթներուն հետ։ Իսկ այս փոխազդեցութեան առաջին գիծին վրայ կու գայ լեզուի հարցը։

Եթէ արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մայրենի լեզուն է, այս բանաձեւումը պէտք է տարածուի նաեւ գրականութեան վրայ։ Բայց ի՞նչ է կարգավիճակը այն գրականութեան, որ Սփիւռքի տարածքին մէջ կը ստեղծուի այլ լեզուներով։ Որու՞ն կը պատկանի։ Այս հարցը տասնամեակներու ընթացքին բազմաթիւ առիթներով արծարծուած է առանց գոհացուցիչ պատասխան մը ստանալու եւ հաւանաբար պիտի չստանայ, եթէ հարցը դիտենք սոսկ լեզուական գործօնի տեսանկիւնէն, ուր բնականաբար միայն հայ գրականութիւն է այն ինչ որ ստեղծուած է հայերէնով։ Սակայն, պէտք է նկատի ունենալ ուրիշ գործօններ, որոնք դուռը կը բանան տարբեր տեսակէտներու։ Ամենէն կարեւորը թերեւս բովանդակային գործօնն է։ Օրինակ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի հայկական թեմայով պատմուածքները կամ «Ռոք Վակրամ» վէպը հայ գրականութեան մաս կը կազմե՞ն, իսկ «Մարդկային կատակերգութիւն» եւ «Վեսլի Ճէքսընի արկածները» վէպերը, որոնք հայկական թեմա չունին, չե՞ն կազմեր։

Բայց եւ այնպէս, եթէ ազգային լեզուն դիտենք որպէս ինքնութեան բաղադրիչ գործօններէն մէկը, բնականաբար պիտի հետեւցնենք, թէ հայալեզու գործերը Սփիւռքի գրականութեան ողնաշարը կը կազմեն, միւս կողմէ, հետաքրքրական է նշմարել, որ հակառակ լեզուական նահանջի առարկայական տուեալներուն հայալեզու գրական մամուլն է, որ յարատեւած է մինչեւ օրս, մինչ օտարալեզու գրական մամուլի բոլոր կարճատեւ ու երկարատեւ ներկայացուցիչները դադրած են իրենց հրատարակութիւնը, ինչ որ ի հարկէ բազմաթիւ բացատրութիւններ ունի։ Բնականաբար, «օտարալեզու գրական մամուլ» խօսքը կը վերաբերի գրականութեան (եւ ո՛չ թէ, օրինակ, հայագիտութեան) նուիրուած պարբերականներու, որոնց ամենէն ցայտուն օրինակը, թերեւս, մօտ 50 տարի հրատարակուած Ararat անգլիատառ եռամսեան էր (Նիւ Եորք), որ անհետացաւ՝ կարճ ժամանակով համացանցային դառնալէ ետք։

Հայագիր եւ օտարագիր գրականութիւններու այս ակնարկութիւնը արդէն մեզի կը յուշէ, որ ասիկա մեկուսացած երեւոյթ մը չէ։ Արդարեւ, ի յառաջագունէ Սփիւռքը կ՚ապրի բազմամշակոյթ եւ բազմալեզու իրականութեան մը մէջ։ Այդ վիճակին գիտակցութիւնն է, որ արդէն յառաջացուցած է սահմանային գիծը, որմէ անդին Սփիւռքը ծնած է։ Սփիւռքը այն իրավիճակն է, ուր սեփականն ու օտարը կը գոյակցին երկբեւեռ յարաբերութեան մը մէջ։ Սփիւռքեան համայնքներու մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, իրենց շրջակայ տիրական լեզուն օտար չի նկատեր։ Եթէ 1980ական թուականներուն, օրինակ, Լիբանանի մէջ արաբերէնը վարկային իմաստով երրորդական տեղ ունէր հայ համայնքին մէջ, այն աստիճանին, որ դպրոցներու մէջ արաբերէնի դասերը արհամարհուած ու աշակերտներու արաբերէնի իմացութիւնը ցած էր, այնուհետեւ տեղի ունեցած սերնդափոխութիւնը այդ պատկերը այլափոխած է։ Այլ օրինակով, Միացեալ Նահանգներ կամ Արժանթին ապրող ու լրիւ հայախօս հայը, որ բնականօրէն համարկուած է իր ապրած ընկերութեան մէջ, պատճառ չունի այդ ընկերութեան տիրական լեզուն՝ անգլերէնը կամ սպաներէնը օտար լեզու նկատելու, մանաւանդ եթէ այդ լեզուն իւրացուցած է հայերէնին հաւասարազօր կերպով։ Ա՛լ աւելին, միեւնոյն այդ համայնքներուն մէջ, հիմնականին անգլիախօս կամ սպանախօս հայը հայերէնը օտար լեզու կը նկատէ եւ զայն կը սորվի կամ կը գործածէ որպէս այդպիսին։

Այս նկատողութիւնները, անցողակի իրենց բնոյթով հանդերձ, կը ծառայեն ուրուագծելու ապրող արեւմտահայ(երէն) գրականութեան առջեւ ծառացած խնդիրները, առաջին հերթին՝ զարգացման միջավայրի հարցը։

Ընտանիքը, հանրութիւնը, դպրոցը կամ մամուլը, որոնք կազմած են այդ գրականութեան ծլարձակման աւանդական յենարանները, այն չորս հիմնական վայրերը, որոնցմէ մէկուն կամ միւսին ոլորտին մէջ ապագայ գրագէտները ծնած ու խմորուած են, ուր իրենց կազմաւորումը տեղի ունեցած է, այլեւս հեռու են միեւնոյն հնչեղութիւնն ու ազդեցութիւնը ունենալէ, կորսնցնելով իրենց հեղինակութիւնը որպէս լեզուական ու գրական միջավայրին սատարող գործօններ։ Խառն ամուսնութիւնները, լեզուական անտարբերութիւնը կամ անգրագիտութիւնը, խրախուսանքի պակասը, ազդակներ են, որոնք կը տկարացնեն ընտանեկան ներգործութիւնը հանրութեան  ընդհանուր հիւսուածքին մէջ, բայց յատկապէս՝ լեզուական յենակէտը զարգացնելու։

Դպրոցներու մէջ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած պահերու, մարդկային ու նիւթական պաշարի նուազումը, ինչպէս նաեւ լեզուական մակարդակի անկումը հետզհետէ աւելի կը դժուարացնեն լեզուափոխանցման գործունէութիւնը, որուն պէտք է աւելցնել նորարարական ու յառաջդիմական գաղափարներու հանդէպ ընդդիմութիւնը, ուսուցչական ատակ տարրերու պակասը, ծնողներու եւ կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը, պատճառ դառնալով շատ մը դպրոցներու գունաթափման եւ ի վերջոյ՝ փակման։ Պարբերական մամուլը, որ առարկայական տուեալներով իր առօրեայ ներգործութիւնը զգալիօրէն նուազած է (1981ին արեւմտահայերէն 15 օրաթերթ լոյս կը տեսնէր 7 երկիրներու մէջ, 2021ին՝ 7 օրաթերթ 4 երկիրներու մէջ), նաեւ ենթարկուած է լեզուական շեշտակի անկումի, այլեւս դադրելով ըլլալէ այն վայրը, որ սփիւռքեան առաջին սերունդի լեզուական դաստիարակութեան գործիք կը հայթայէր։

Դպրոցի եւ մամուլի տկարացումը ցոլացումն է կազմակերպական օղակի ակներեւ տկարացումին, որ կը տարածուի սփիւռքեան ընդհանուր գոյավիճակին վրայ։ Անոր նպաստող  ազդակներէն են, օրինակ,  հաստատութիւններու բնական մաշումը՝ սերնդափոխութեան դժուարութիւններու եւ մարդուժի պակասին առընթեր,  ժամանակի հետ քայլ պահելու անբաւարարութիւնը, անոնց բուն նպատակներէն շեղումը։  Այս բոլորի կողքին, պէտք է նկատի ունենալ զանազան արտաքին ազդակներու ներկայութիւնը, ինչպէս ընկերութեան մեծամասնական լեզուի ճնշումն ու գործածութեան ընդարձակութիւնը, օտար կառոյցներու հմայքը,  եւ այլն։

Ճիշդ է, որ վերջին երկու տասնամեակներուն ընկերային ցանցերու ներկայութիւնը սկսած է տիրական դառնալ մեր իրականութեան մէջ, ինչ որ նաեւ շահեկան հեռանկարներ կը բանայ գրական զարգացման, յատկապէս՝ երիտասարդ սերունդը խրախուսելով հայերէնով արտայայտելու։ Սակայն, տակաւին կանուխ է յստակ ուղղութիւն մը տեսնելու։ Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է աչքի առջեւ ունենալ զայն եւ քաջալերել անոր բազմացումը։

Իսկ եթէ վերադառնանք խորագրին, կարելի է ըսել, թէ այս բոլոր միջավայրերուն մէջ, աւանդական կամ նորարար, արեւմտահայերէն գրականութիւնը կ՚ապրի։ Սակայն, ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ի՞նչ հեռանկարներով. ահա այստեղ է, որ անհրաժեշտ է նոր ճամբաներու որոնումը։

"EVN Report", 4 Մայիս 2021 (https://evnreport.com/arm/magazine-issues/living-western-armenian-language-diaspora-issue/)

 

No comments:

Post a Comment