ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամենէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկն է՝ որոշ բան մը փնտռելու ատեն, բոլորովին ուրիշ աշխարհ բացող մանրուք մը գտնել։ Ինչպէս յայտնի է, «հայերէն» անհրաժարելի բառերու շարքին կը պատկանի կենգուրու բառը, որ անշուշտ պէտք է մեր բառապաշարին մաս կազմէ քանի որ... «միջազգային» բառ է, իմա՛՝ ռուսերէնէ кенгуруի (kenguru) ընդօրինակութիւնը, եւ եթէ բոլոր լեզուներուն մէջ այդ բառը կը գործածուի իր տարբերակներով (օր. անգլ. kangaroo, սպ. canguro), մենք ո՞ր արտի ցորենն ենք, որ սեփական բառ ստեղծենք։