Showing posts with label Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութիւն. Show all posts
Showing posts with label Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութիւն. Show all posts

12.12.17

Ի՞նչ փոխանցել, ինչպէ՞ս փոխանցել

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
 
Վերջերս, աւելի ճիշդ՝ Նոյեմբերի 18-ին, Ուաշինկթըն DC-ի մէջ, Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժնի կազմակերպութեամբ գիտաժողով մը տեղի ունեցած է «Հայերէնը յաջորդ սերունդին փոխանցելու» նիւթով: Անշուշտ խօսքը արեւմտահայերէնի մասին է:
Մինչեւ հիմա սովորաբար հայերէնը պահպանելու մասին կ՛ըլլային գիտաժողովները, ասիկա քայլ մը առաջ է, քանի որ կարծես թէ պահելը ապահովուած է ու կը մտածուի, թէ ինչպէս զայն փոխանցուելու է մեզմէ վերջ եկող սերունդին:

12.5.17

Անդրադարձ եւ ճշդում

Յ. ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ
«Ազգ»-ի Ապրիլի 7-ի մշակութային յաւելուածում (էջ Բ) տպագրուած «Խորտակուած անուրջները՝ արտակարգ գիրք» տեղեկատուութեանը անդրադառնալով եւ «պարզապէս անտեղեակ ընթերցողը լուսաբանելու» միտումով Ֆրէզնոյի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւնների Ընկերութեան (ՀՈՒԸ) փոխնախագահ Վարդան Մատթէոսեանը մեր ուշադրութիւնը հրաւիրում է այն փաստի վրայ, որ ՀՈՒԸ-ն «նոր կազմակերպութիւն մը չէ, այլ հիմնուած է 1974-ին հինգ հայագէտներու՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Աւետիս Սանճեանի, Տիգրան Գույումճեանի, Ռոպերթ Թոմսընի եւ Նինա Կարսոյեանի կողմէ... եւ 1984-էն ի վեր կը հրատարակէ իր հայագիտական հանդէսը՝ «Journal of the Society for Armenian Studies» անունով: Ներկայ նախագահը Պարլօ Տէր-Մկրտիչեանն է»:

10.5.17

ԱՄՆ-ի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութիւնը հիմնուած չէ... 2015-ին

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Ազգ»-ի 7 Ապրիլի թիւին մէջ, Յակոբ Ծուլիկեան «Արմինիըն Միրրոր-Սփեքթէյթըր»-էն քաղած է լուր մը, որ կը հաղորդէր, թէ Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութեան կողմէ նորահաստատ «Ակնառու գիրք» («Outstanding book») մրցանակով պարգեւատրուած էր ամերիկահայ երիտասարդ պատմաբան Պետրոս Տէր Մաթոսեանը։ Կը մէջբերենք լրատուութեան առաջին բաժինը.
«Ֆրէզնոյում նորաստեղծ Հայկական ուսումնասիրութիւնների ընկերութիւնը (ՀՈւԸ) “Արտակարգ գիրք” անուանակարգի իր առաջին մրցանակը շնորհել է Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի “Յեղափոխութեան խորտակուած անուրջները։ Ազատութիւնից դէպի բռնութիւն՝ օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին” հատորին, որը լոյս է ընծայել Ստենֆորդ համալսարանի հրատարակչութիւնը 2014 թուին:
ՀՈւԸ-ն հիմնուել է 2015-ին: Իր այս առաջին մրցանակին կարող էին մասնակցել 2013-ի Ապրիլի 1-ից մինչեւ 2015-ի Ապրիլի 30-ը հրատարակուած գրքեր»: