Showing posts with label մամուլ. Show all posts
Showing posts with label մամուլ. Show all posts

3.12.19

Հպանցիկ նշումներ հայ մամուլի մասին(1)


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ




Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի «հայ մամուլի տարի»ի հռչակումը, ինչպէս եւ առաջին հայ թերթի՝ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի «Ազդարար»ի հրատարակութեան 225ամեակը, որուն կը միանան «Հայրենիք»ի 120ամեակն ու “The Armenian Weekly”ի 85ամեակը, առիթ պէտք է հանդիսանան մամուլի դերն ու դիրքը վերագնահատելու՝ անցեալի ու ապագայի հաշուառումով։
«Մամուլ» եզրը կ՚ընդգրկէ սփիւռքահայ մամուլը, որուն անցեալին ու ներկային աւելի մօտէն ու անմիջականօրէն ծանօթ ենք, իսկ անոր մէջ՝ հայալեզու (արեւմտահայերէն) ընթացիկ մամուլը։ Այս հպանցիկ նշումները պիտի անդրադառնան ներկայ գրութեան երեք ենթախորագիրներուն։  

26.6.15

Արփիկ Միսաքեան եւ իր օրինակը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ճակատագիրը նման խաղեր ունի։
Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»ի վերջին թիւը (22.214) լոյս կ՚ընծայէր Շաբաթ, 30 Մայիս – Կիրակի, 31 Մայիս 2009 թուականով։ Ներքին էջերուն նիւթերը, ըստ սովորութեան, եւ թերեւս առաջին էջին մէկ մասը, ներառեալ Ա.Մ.ի «Խօսք հրաժեշտի»ն, որուն կցուած էր («Յառաջ»ը հազուադէպ լուսանկարներ կը տպէր) հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի լուսանկարը՝ իր գրասեղանին առջեւ, պէտք է աւարտած ըլլային Մայիս 28ին։ Հայաստանի անկախութեան 81րդ տարեդարձի օրը կը սկսէր փակումը Սփիւռքի միակ անկախ օրաթերթին (Պոլիսը դեր չէր սկսած բանավիճիլ Սփիւռք ըլլալու թէ չըլլալու մասին)։
Դարաշրջան մը կ՚աւարտէր։

30.6.14

Հայ տեղեկատուութեան ժամանակակից խնդիրները*

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Նորութիւն յայտնած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ մամուլը իրականութեան արտացոլանքն է`  իր ուրոյն արտայայտչամիջոցներով: Այս իմաստով Հայաստանի անկախացումից ի վեր,  մօտաւորապէս 25 տարիներ մեր տեղեկատուական դաշտը արտայայտել է հայ իրականութեան այն բոլոր ելեւէջներն ու հակասութիւնները, որ բնորոշ են եղել  մեր ընդհանուր կեանքին:
Մեր այս լսարանը նկատի ունենալով` կ՛ուզեմ ընդհանուր եւ սեղմ կերպով անդրադառնալ Հայրենիք-Սփիւռք բեմի վրայ համապատասխան զարգացումներին, առնչութիւններին ու փոխյարաբերութիւններին` առկայ խնդիրներին եւ անհրաժեշտ անելիքների հարցին:

26.2.14

«Ազգ»ը լոյս կը տեսնի որպէս շաբաթաթերթ

ՍԱՌԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ


2013 թ. տարեվերջեան` Դեկտեմբերի 27-ի համարում հրապարակուած ամանորեայ շնորհաւորանքի ուղերձում «Ազգ» օրաթերթի խմբագրութիւնը խոստացաւ ընթերցողների հետ հանդիպել տօներից յետոյ` Յունուարի 9-ին: Խմբագրակազմն այն ժամանակ չգիտեր, որ Դեկտեմբերի 27-ի համարը պատմական է լինելու` թողարկւում է օրաթերթի վերջին համարը: Երկամսեայ ընդմիջումից յետոյ` Փետրուարի 28-ին, «Ազգ»ն ընթերցողին կը ներկայանայ որպէս 16-էջանոց վերլուծական շաբաթաթերթ: Մեր զրոյցը «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի հետ թերթի ընդհատուած կենսագրութեան եւ լրատուադաշտում տեղի ունեցող վայրիվերումների մասին է:

3.8.13

Մամուլը քաւութեան նոխազ

Ժ. Չ. 
Երբ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը հրապարակեցինք, կարգ մը շրջանակներու մէջ դատապարտողական մեծ աղմուկ բարձրացաւ։ Այս առթիւ Սփիւռքի նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, անձնական հանգամանքով արտայայտուելով «Նոր Յառաջ»ի Facebook-ի էջին վրայ, գրեց հետեւեալը. “Պէտք չէ, որ այս նամակը մեր 4 պատերէն դուրս ելլէր։ Թուրքերը պէտք պիտի չունենան լրտեսութիւն ընելու։ Անոնք բոլոր տեղեկութիւնները կը քաղեն սփիւռքեան լրատուամիջոցներէն։ Ուրախ պիտի ըլլան տեղեկանալով որ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ խնդիրներ ծագած են։ Ոչ մէկ բանի կը ծառայէ Հայաստանն ու Էջմիածինը մրոտելը…»։

29.8.12

Սուրիահայերու թեման՝ մեր մամուլի աղացին մէջ

 
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Իրեն կարեւորութիւն տուող իւրաքանչիւր լրատուամիջոց այս օրերուն կը զբաղի սուրիահայերու վիճակով, կը զբաղի այնպէսՙ ինչպէս կարող ենք զբաղիլ հայերս, այսինքն, ինչպէս Շ. Շահնուրը կ՚ըսէր. «Աստուած գիտէ թէ ինչպէս»: Անլուրջ, անհոգի, անտեղեակ: Ամէն մէկը իր սեփական տան տանիքէն: Ոմանց համար ատիկա առիթ է Սփիւռքի նախարարութիւնը հերթական անգամ քննադատելու, ուրիշներու համարՙ ողջ կառավարութիւնը «անգործութեամբ» մեղադրելու, այլոց համարՙ տեղւոյն ազգային իշխանութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները քննադատելու: Ոմանք ալ, օրախնդիր այդ թեման իրենց լրատուամիջոցի էջերուն մէջ ամէն գնով արծարծ պահելու ցանկութեամբ, որեւէ ասուլիսի կամ հանդիպումի կ՚ուղարկեն անփորձ եւ անգիտակ լրագրող մը, որ կառչելով Դամասկոսէն կամ Հալէպէն նախորդ օրը կամ նախորդ ամիս Երեւան ժամանած հայրենակիցի մը օձիքէն, կը փորձէ «նիւթ» սարքել անոր ըսածներէնՙ անոնց խառնելով իր իմացածն ու չիմացածը:

31.12.09

Հայերէն գիրքն ու թերթը 21րդ դարուն

Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հրատարակութիւններու (գիրք, թերթ, պարբերական) զարգացումը՝ 21-րդ դարու գալիք տասնամեակներուն, նկատի առնելով մէկ կողմէն ելեկտրոնիկ հաղորդակցութեան ծաղկումը եւ միւս կողմէ բնապահպանական մտահոգութիւնները, թուղթի արտադրութիւնն ու սպառումը պակսեցնելու ձգտումները: Ի՞նչ տեղ կը մնայ թղթային, տպագիր հրատարակութիւններուն: Ասոր զուգահեռ կը դրուի հայերէն հրատարակութիւններու ապագայի հարցը, եւ վերեւի նկատառումներուն վրայ կ'աւելնայ լեզուի հարցը։