13.5.17

Նամակ երկրէն. Ո՞րն է մեր առաջնահերթութիւնը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
 
Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, երբ ամբողջ ազգով Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու կը պատրաստուէինք, Դիմատետրի էջիս վրայ կատարեցի անգլերէն հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Հոգս չէ ինչ կ՚ըսէ Օպաման, հոգս չէ Փութինը Երեւան կու գայ թէ Իսթանպուլ կ՚երթայ, կամ թէ ինչ անդրադարձ կ՚ունենան Փրանկիսկոս պապին խօսքերը, հետաքրքրուած ալ չեմ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումներով, ո՛չ ալ Հոլանտով կամ Մերքէլով, եւ ո՛չ մէկով եւ ո՛չ մէկ բանով։ Չեմ ըսեր թէ անոնք կարեւոր չեն. վստահաբար ե՛ն։ Բայց ինծի համար աւելի կարեւոր են իմ հայրենիքիս ժողովուրդը, ռազմաճակատի վրայ թուրքերու դէմ կռուող զինուորները, որոնք սակայն ստիպուած են կաշառք վճարելու սպաներուն՝ իրենց հանգիստի ժամերու արդար իրաւունքը վայելելու համար։ Թաքսիի վարորդները, որոնք օրն ի բուն հալածուած են ոստիկաններուն կողմէ՝ հարկադրուելով իրենց խղճուկ օրականի կէսը վճարելու երթեւեկութեան հսկող տեսախցիկներու «անծանօթ» տէրերուն. ժողովուրդին 40 տոկոսը կամ եթէ կ՚ուզէք՝ Հայաստանի 1.200.000 քաղաքացիներ աղքատութեան մէջ կ՚ապրին եւ իրենց զաւակներուն հացի դրամը չունին. 5.000 հայերը, որոնք ամէն ամիս իրենց պապենական հողը կը լքեն գաղթելով Ռուսաստան կամ այլուր (այսինքն ամիսը 5 գիւղ կ՚ամայանայ). հերոսները, որոնք կը ձերբակալուին՝ երբ կ՚ըսեն ճշմարտութիւնը, իսկ սակաւապետերը չեն հետապնդուիր իրենց գործած ոճիրներուն համար. հարուստները, որոնք աւելի կը հարստանան, իսկ աղքատները սովորական հիւանդութենէ մը կը մահանան, որովհետեւ չեն կրնար բժիշկի այցեգինը վճարել։


Աշխարհը կը մեծարէ մեր նահատակները, իսկ մենք կ՚անտեսենք ճնշուածները՝ Հայաստանի բնակիչները։ Կ՚ողբանք կորսուած հողերը եւ չենք տեսներ, թէ ինչպէս մեր ներկայ Հայաստանը կը քայքայուի։ Կ՚երազենք պատմական Հայաստանի մասին եւ անկարող ենք կառուցելու ա՛յն Հայաստանը, որ գոյութիւն ունի, բայց թշուառութեան մէջ կ՚ապրի։


Իրապէս հետաքրքրուած չեմ թէ աշխարհը ի՛նչ կ՚ըսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քանի որ նոյն այդ աշխարհը հետաքրքրուած չէ Հայաստանի ներկայով…։ Հետաքրքրուած չեմ թէ քանի պետութիւն կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը երբ այդ պետութիւնները չեն ապահովեր աւելի լուսաւոր Հայաստան մը մեր զաւակներուն համար։ Ինծի համար նահատակներուն յիշատակը յարգելու լաւագոյն ձեւը պայքարիլն է՝ հզօր եւ ժողովրդավար հայրենիքի մը համար, որ պիտի կարողանար հոս եւ այլուր ապրող իր զաւակներուն ապագան կերտել։ Հզօր, ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ Հայաստանն է միա՛կ բալասանը մեր վէրքերուն։ Ա՛ն է մեր ապագան, ա՛ն է հիմքը աւելի մեծ հայրենիքի մը երազանքին, վայր մը ուր մեր արդար դատը բնաւ չի մեռնիր, հող մը, ուր մեր մշակոյթը անդադար կը ծաղկի։
Այո՛, ինչ կ՚ուզէք ըսէք, հոգս չէ ինչ կ՚ըսեն Օպաման կամ Փութինը, կամ ուրիշներ…»(*)
։
Գրութիւնս հազիւ զետեղած էի, երբ անդրադարձայ, որ փոթորիկ սկսած էր Դիմատետրին վրայ: Թեր ու դէմ կարծիքներ, մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ, գնահատանքի խօսքեր, քննադատական արտայայտութիւներ... Ոմանք՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սեպ խրելու մեղքը կը դնէին վիզիս: Ուրիշներ քաղաքագիտութեան դասեր կու տային ինծի, ըսելով, որ Թուրքիան անպայման պէտք է հատուցում տայ Հայաստանին, որպէսզի Հայաստանը հողեր եւ ծովային ելք ստանայ՝ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար: Դիմատետրի ընկերներէս շատեր այնքան վիրաւորուած էին, որ սփիւռքահայութեան ուղղուած անարգանք կը համարէին գրութիւնս եւ կը պահանջէին, որ ներողութիւն աղերսեմ բոլորէն: Եւ այդպէս ալ ըմդդիմախօսներս չհասկցան, որ դիմատետրեան գրութիւնս առաջնահերթութիւները ճշդելու եւ յանուն ապագային՝ ՆԵՐԿԱՅ հայրենիքը փրկելու սրտագին կոչ մըն էր, աղերսագիր մը, պոռթկում մը, յուսահատ ճիչ մը:
Երկու տարի անցած է վերոնշեալ գրութենէս: Այդ օրերէն մինչեւ այսօր՝ Սփիւռքի մէջ 100 միլիոն տոլարէ աւելի գումար ծախսուած է Ցեղասպանութեան մասին միայն ՄԷԿ ֆիլմ նկարելու համար(**): Նոյնքան գումար ծախսուած է հաւանաբար՝ աշխարհի 5 ցամաքամասերուն հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ Ցեղասպանութեան տարելիցներ նշելու նպատակով: Քանի մը երկիր ի վերջոյ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը եւ յայտարարութիւններ կատարած են այս մասին: Եղած են ակադեմական կարեւոր հրատարակութիւններ, ցոյցեր, հարիւրաւոր յօդուածներ, լոպիինկի հսկայ աշխատանք... Եղած է շատ բան, անչափելի գործ, որուն գնահատականը բառերով կարելի չէ արտայատել, ոչ մէկ խօսք այդ մասին:
Երկու տարի անցած է այդ գրութենէս: Այդ օրերէն մինչեւ այսօր՝ աւելի քան 80 հազար հայեր արտագաղթած են արդէն իսկ ժողովրդագրական աղէտ ապրող Հայաստանէն, 1994-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը կորսնցուցած է 800 հեկտար հող, արտաքին պետական պարտքը անցած է արդէն 6 միլիառ տոլարը, տնտեսական յատկանշական ո՛չ մէկ աճ արձանագրուած է, աղքատութիւնը նուազելու փոխարէն մագլցում արձանագրած է, ազգակործան կաշառակերութիւնը կը մնայ ու կը մնայ, ժողովրդավարական ո՛չ մէկ յառաջընթաց, ընդհակառակն՝ շինծու հանրաքուէներ եւ ընտրակաշառքով ընտրութիւններ ու նոր խորհրդարանի ձեւաւորում:
Աւելի՛ն, Ապրիլեան պատերազմի աւելի քան 100 նահատակներու արիւնով միայն հասկցանք, որ փտախտը մտած է սրբութիւն սրբոց բանակէն ներս (այս մասին նոյնիսկ պետական բարձրաստիճան դէմքերը արտայայտուեցան): Պատերազմէն կարճ ժամանակ մը ետք անդրադարձանք, որ ժողովուրդին դժգոհութեան բաժակը վաղուց յորդած է, դանակը հասած է ոսկորին: Այլապէս ի՞նչ բացատրութիւն պէտք է տալ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին ցոյց տրուած ժողովրդային աջակցութեան: Վերջապէս հասկցանք, որ երկրի թալանը հասած է այնքա՜ն ահաւոր մակարդակի, որ նոյնիսկ առաջնագծի վրայ ծառայող աղքատ, անապահով ընտանիքէ եկած զինուորներուն հացին ու զինամթերքին չի խնայեր:
Ու դեռ՝ աշխարհէն արդարութիւն պահանջող հայութիւնը չտեսա՞ւ, որ անցնող երկու տարիներուն Հայաստանի մէջ անարդար հանրաքուէներն ու ընտրութիւնները, կաշառքը, ճնշումնով ու բռնութեամբ ժողովուրդին քուէն իւրացնելու մեքենայութիւնները, օրինական բողոքներ կազմակերպող քաղաքացիներու վրայ յարձակումները, լրագրողներու խոշտանգումները, ընդդիմախօսներուն իբրեւ «օտար ուժերու ծառայողներ» վերագրումները պետութեան հիմերը քանդելէ ու Հայ Դատին մեծագոյն վնաս հասցնելէ զատ ուրիշ ոչ մէկ բանի ծառայեցին:
Անցնող երկու տարիներուն՝ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները նոյնքան մօտեցան իրենց ժողովուրդին, որքան անցնող 102 տարիներուն Թուրքիան... Ցեղասպանութեան ճանաչումին: Իսկ որեւէ պետութեան կայացման համար աւելի վտանգաւոր բան կա՞յ, քան ինքզինք վերարտադրող իշխանութեան եւ յուսախաբ ու բարոյալքուած ժողովուրդի միջեւ օրէ օր խորացող վիհը:
100-ամեակէն երկու տարի յետոյ, ցոյցերու մասնակցելէ, անկցի՛ Էրտողանը գոռալէ, արցունքախառն աչքերով «Խոստումը» դիտելէ ետք, հիմա արդէն երբ տուն վերադարձած ենք ազգային մեր պարտքը կատարած ըլլալու հոգեկան հանգստութեամբ ու մաքուր խղճով՝ բոլորս ալ հաւանաբար կը հաւատանք, որ շուտով Ամերիկան եւ ամբողջ աշխարհը պիտի ճանչնան Ցեղասպանութիւնը ու դատապարտեն Թուրքիոյ դրժողականութիւնը, կամ՝ կը յուսանք, որ եթէ ոչ երկու տարի, ապա 20 տարի յետոյ, կամ օրին մէկը, Թուրքիան մեղայականի պիտի գայ ու ծնրադիր ներողութիւն խնդրէ իր մեծագոյն ոճիրին համար։
Ուրեմն, Թուրքիոյ ծնրադիր ներողութիւնը տեսնելէ ետք, խնդրեմ պատասխանենք՝
Յետոյ ի՞նչ, ճանաչումէն ու ներողութենէն յետոյ՝ ի՞նչ:
Հիմա ըմդդիմախօսներս պիտի ըսեն՝ ի՞նչ կը նշանակէ «յետոյ ի՞նչ»: Յետոյ՝ հողերու վերադարձ, նիւթական վնասներու հատուցում, Միացեալ Հայաստան, հայահաւաք, 10 միլիոն հայու վերադարձ դէպի Միացեալ Հայաստան ու պապենական հողեր, ազատ ու ժողովրդավար պետութեան կառուցում, անկախ ու հզօր հայրենիք...
«Իյա՜, իրօ՞ք... Լաւ էլի՛», պիտի ըսէր Երեւանի փողոցներուն մէջ անգործ թափառող եւ աջէն ու ձախէն հայրենասիրութեան դասեր ստացող, սոված, գլանիկին գերի դարձած, ամերիկեան վիզա երազող համալսարանաւարտ, անգործ երիտասարդը:
Ճանաչում ու հողեր՝ առանց հայու Հայաստանի մը համա՞ր: Լրջանանք, ընկերներ: Երբ ներկայ Հայաստանը կը հայաթափուի, երբ հայրենիքը արիւնաքամ է, աղքատութիւնը՝ համատարած, ժողովուրդի յուսահատութիւնն ու յուսալքութիւնը՝ խոր ու աւերիչ, երբ հայրենիք ու Աստուած չճանչցող օլիգարխիան է Հայաստանի տէրն ու տիրականը, ի՞նչ հայահաւաքի ու հողահաւաքի մասին է խօսքը...
Երկու տարի յետոյ, իրերու այս ընթացքով, Հայաստանէն հեռացած պիտի ըլլան 80.000 հայեր եւս, այսինքն՝ գրեթէ Վանաձորի չափ քաղաք մը դատարկուած պիտի ըլլայ իր բնակչութենէն: Արցախի հարցի «լուծման» նոր խայտառակ պայմանագրեր պիտի դրուին սեղանին վրայ, մենաշնորհները աւելի պիտի արմատաւորուին, եւ ոչ միայն առեւտուրի, այլեւ՝ քաղաքական ու մշակութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ մշակն ու բանուորը պիտի շարունակեն կքիլ շահագործող ցեցերու լուծին տակ: Ու դեռ՝ օտար ուժերու գերին դարձած իշխանութիւնները ազգի ճակատագրին վերաբերող որոշումները պիտի առնեն ոչ թէ հայրենի ժողովուրդին անսալով, այլեւ՝ մօտիկ ու հեռու մեծ պետութիւններուն կամքին ենթարկուելով: Տակաւին, ահագնացող խնդիրներուն չափ՝ մեծ ու պոռոտախօս պիտի դառնայ կեղծ ազգայնական հռետորութիւնը, որուն ամպհովանիին տակ պիտի շարունակուի ժողովրդավարութեան բռնաբարումը, յանուն իշխանութեան պահպանման եւ օլիգարխիայի տիրակալ ներկայութեան: Ու մենք՝ պիտի շարունակենք Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր նկարահանել, ցոյցեր կազմակերպել, Թուրքիայէն ճանաչում ու հող պահանջել, առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու, որ ներկա՛յ, գոյութիւն ունեցող հայրենիքի հայաթափումը կը շարունակուի աղէտալի կշռոյթով...
Եւ այդպէս ալ պիտի չհասկնանք, որ թոյլ ու մուրացկան հայրենիքով՝ ոչ մէկ հարց պիտի լուծուի ի նպաստ հայ ժողովուրդի շահերուն:
Պիտի չըմբռնենք, որ աղքատ ու յուսալքուած ժողովուրդով՝ չարաչար պիտի օգտագործուինք մեծապետական ուժերու կողմէ եւ ի վերջոյ մեր արդար դատը պիտի օգտագործուի իրե՛նց շահերուն համար, պիտի օգտագործուի մե՛ր իսկ դէմ, ու շատ հաւանաբար՝ մեր իսկ ձեռքով:
Պիտի չանդրադառնանք, որ մինչ մենք մեծ ու պատմական Հայաստանը կ՚երազենք ու կը պահանջենք, չենք ուզեր տեսնել, որ ներկայ, գոյութիւն ունեցող Հայաստանը կ՚ընկողմանի անարդարութեան մէջ, շահագործող ցեցեր կը խմեն հայրենիքի թշուառ ժողովուրդին քրտինքն ու արիւնը, եւ անարդարութենէ ու աղքատութենէ յոգնած, յուսախաբ Հայեր կը հեռանան իրենց տուն ու տեղէն: Մեծ երազներու ետեւէն ինկած՝ պիտի չտեսնենք պզտիկ Հայաստանի հայաթափումը, իմա՝ կործանումը:
Եւ յանկարծ այս բոլորին համար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չմեղադրենք: Այո՛, անոնք յանցաւոր են հայասպանութեան, հայատեացութեան, շրջափակումներու, Արցախի վրայ յարձակումներու եւ շատ ու շատ մեծ ու փոքր մեղքերու համար: Իսկ Հայաստանի մէջ փտախտին, կաշառակերութեան, բանակի եւ ազգի կողոպուտին, պետական պիւտճէի թալանին, անարդարութիւններուն, ժողովուրդի քրտինքի եւ արեան շահագործումին մեղաւորները որո՞նք են: Ամէն տեսակ խարդաւանանքի եւ խարդախութեան, չարաշահումներու, կեղծարարութեան, գողութեան, թալանի ու կաշառքի հանդուրժելով կարելի՞ է առողջ պետութիւն կառուցել:
Այո, շատ լաւ կը հասկնամ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը, այլեւ՝ կանխումը, նախ եւ առաջ կարեւոր է Հայաստանի գոյութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու առումով: Բայց արդեօք նոյնքան վտանգած չե՞նք ըլլար Հայասատանի եւ Արցախի գոյութիւնն ու ժողովուրդի ապահովութիւնը, եթէ թոյլ տանք, որ հայրենիքի հայաթափումը շարունակուի նոյն թափով, ապիկար ղեկավարներու ստեղծած կաշառակեր համակարգը շարունակէ խարխլել պետութեան հիմերը, կողոպտուի բանակին վառելանիւթն ու սնունդը... Արդեօք նոյնքան վտանգած չե՞նք ըլլար մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը, եթէ շարունակուի օլիգարխիայի կողմէ հայ աշխատաւորին՝ մշակ-բանուորի քրտինքին չարաշահումը, ազատ հայ քաղաքացիին իրաւունքներուն եւ առաջին հերթին՝ ընտրելու իրաւունքին ոտնակոխումը, մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումները, ժողովրդավարութեան անուան տակ՝ խարդախ ընտրութիւններով նոյն այս անարդար, այլեւ ազգակործան համակարգի շարունակական վերարտադրութիւնը:
Ու հիմա կը կրկնեմ երկու տարի առաջուան գրութեանս հիմնական միտք բանին՝ հայասպանութեան մեծ ոճիրի ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը կրնանք իրականութեան վերածել ա՛յն ժամանակ, երբ ունենանք հզօր հայրենիք, ժողովուրդի արդար քուէով ընտրուած հաշուետու իշխանութիւններ, լիովին ազատ, մարդկային լիարժէք իրաւունքներով երաշխաւորուած պատասխանատու քաղաքացիներ, զարգացող տնտեսութիւն, բարեկեցիկ անհատներ եւ ընտանիքներ, քանակով եւ որակով բազմացող հայրենաբնակ ժողովուրդ, ուժեղ եւ գերարդիական զէնքերով օժտուած մարտունակ բանակ, վստահելի արդարադատութիւն, մեծ ու փոքր երկիրներէ յարգուած եւ ոչ թէ այս կամ այն ուժի խաղալիքին վերածուած պետութիւն:
Առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ, առաջինը պէտք է դնել հզօր եւ զարգացած, իսկապէս ժողովրդավար եւ հայութիւնը մագնիսի նման Հայաստան հրաւիրող հայրենիքի մը կառուցումը:
Խեղճ ու կրակ, թոյլ ու անտէր, պարտքերու տակ խեղդուած, ապիկար եւ ապօրինաբար «ընտրուած» ղեկավարներով երկիր մը, որ ոչ թէ սփիւռքահայութեան, այլ նոյնիսկ ի՛ր հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի նուազագոյն կարիքներն ու իրաւունքները չի կրնար ապահովել, հայասպանութեան ճանաչման ու հայկական իրաւունքներու, այլ խօսքով՝ Հայ Դատին համար կաթիլ մը օգուտ չունի: Ընդհակառակն, վնասէ զատ ուրիշ բան չի՛ կրնար տալ:
Սա չի նշանակեր մէկդի դնել Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները: Քաւ լիցի: Յանկարծ չմտածէք, որ այս աշխատանքները թերագնահատելու, արժեզրկելու նպատակ կայ տողերուս մէջ: Այս տողերը կոչ մըն են քննարկելու, տեսնելու, թէ Հայ Դատի արդար լուծման ճամբուն վրայ, ներկայ Հայաստանը զարգացող, ժողովրդավար, պետութեան մը վերածելը ամենէն կարեւոր հանգրուանն է: Ուրեմն, ուժերու գերագոյն լարումով՝ աշխատանքները կեդրոնացնենք նաեւ այդ ուղղութեամբ: Քանի դեռ ուշ չէ, քանի դեռ մեր Մեծ Հայաստանի փոքրիկ այս կտորը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այս փոքր ածուն, ոտքի է, եւ միակն է, որ հայրենի՛ք է, հակառակ իր անհեռատես իշխանութիւններու բոլոր սայթաքումներուն։

«Նոր Յառաջ», 13 Մայիս 2017

--------------------------------------
(*) Թարգմանութիւնը՝ «Նոր Յառաջ»ի։
(*) Աւելի քան 100 միլիոնի ծախսը («Խոստումը» շարժանկարին համար) տեղի ունեցած է ըստ մէկ հոգիի՝ Գըրգ Գրիգորեանի կտակած գումարին եւ նախաձեռնութեան, ո՛չ թէ Սփիւռքի որեւէ հաւաքական կամ կազմակերպական որոշումի։ Նոյն Գըրգ Գրիգորեանը իր ողջութեան հսկայական գումարներ ներդրած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment