27.9.14

Ճշմարտութիւն՝ ընդդէմ յօրինուած պատմութեան

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
 
Քարտիսագէտ Ռուբէն Գալիչեան ծնած է Թաւրիզ, Մեծ Եղեռնին՝ Վանէն տարագիր գաղթականներու ընտանիքին մէջ: Աւարտելով անգլիական Պիրմինկհամ քաղաքի «Աստոն» համալսարանը, ան սկսած է հետազօտել աշխարհի գրադարաններուն մէջ եղած քարտիսագրական հարուստ ժառանգութիւնը, ուր Հայաստանը յիշուած է Ք.Ա. 6րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը:
Անուանի քարտիսագէտը հրատարակած է. «Հայաստանի պատմական քաղաքները», «Հայաստանը համաշխարհային քարտեսագրութեան մէջ», «Կովկասէն հարաւ երկիրները միջնադարեան քարտեսներուն մէջ, Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան», «Պատմութեան յօրինում» հատորները` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն լեզուներով: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան Ռուբէն Գալիչեանին շնորհած է պատուաւոր դոկտորի  աստիճան։


ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Ի՞նչը ձեզ մղեց դառնալ քարտիսագէտ:
ՌՈՒԲԷՆ ԳԱԼԻՉԵԱՆ.- Առաջինը` զիս գրգռեց ատրպէյճանական. «Պատերազմ ընդդէմ Ազրպէյճանի» հատորը` հարուստ լուսանկարներով, որ մեր մշակութային գանձերը կը ներկայացուին որպէս իրենցը, եւ մենք` հայերս, կը ներկայացուինք իբրեւ հրոսակներ` Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուցած ըլլալով 400 ատրպէյճանական դպրոցներ, 350 մշակութային կեդրոններ, 1600 շինութիւններ… Քարոզչական այդ պատերազմին դէմ չէի կրնար անտարբեր գտնուիլ: Սկսայ ուսումնասիրել աշխարհի մեծագոյն գրադարաններն ու պահոցները: Հայաստանի վերաբերող ուշագրաւ նիւթեր յայտնաբերուեցան նաեւ պարսկական եւ արաբական աղբիւրներուն մէջ: Մենք միշտ հայերէնով կամ առաւելագոյնը` ռուսերէնով հրատարակած ենք մեր աշխատութիւնները, իսկ Արեւմուտքը հայերէն եւ ռուսերէն չի կարդար: Անհրաժեշտ էր տարբեր լեզուներով գիրքեր հրատարակել, բացայայտել ճշմարտութիւնը:
Իմ բարեկամ եւ գործընկեր, վաստակաշատ ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեանի յորդորներն ու քաջալերանքները նոր ուժ հաղորդեցին նպատակներուս:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ աղբիւրներէ օգտուած էք «Հայաստանը համաշխարհային քարտիսագրութեան մէջ» ձեր առաջին գրքի պատրաստութեան ժամանակ:
Ռ. Գ.- Գիրքիս մէջ կան հարիւր քսանեօթը քարտես եւ քառասուն քարտէսային մանրակրկիտ հատուածներ, որոնցմէ միայն ութին հեղինակները հայ են, մնացեալը յունահռոմէական, բաբելոնեան, եւրոպական, իսլամական եւ այլ մշակոյթներու քարտեսներ են, ուր Հայաստանը ներկայացուած է թէ՛ աշխարհացոյց, թէ՛ տարածաշրջանային քարտէսներուն մէջ:
Գիրքին նպատակն էր աշխարհին ներկայացնել մեր հնաբնակ ըլլալու փաստերը:

Ռ. Ա.- Ո՞րն է ամենահին քարտէսը, ուր ներկայացուած է Հայաստանը:
Ռ. Գ.- Բրիտանական թանգարանին մէջ գտնուող 2600 տարեկան բաբելոնական կաւէ սալիկը աշխարհի ամենահին աշխարհացոյց քարտէսն է, որուն սեպագիր մասը 1934-ին վերծանած են գերմանացի մասնագէտները` բացայայտելով Ասորեստանը, Բաբելոնը եւ Արարատի երկիրը` Արմենիան:
Երկրորդ կարեւոր փաստաթուղթը պարսկական Քերմանշահի մօտ գտնուող լերան վրայ. Ն.Ք. 6-րդ դարուն պարսից Դարեհ թագաւորի բաբելերէն, էլամերէն եւ պարսկերէն արձանագրութիւնն է, ուր կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս արքայի կողմէն ղրկուած հայ զօրավարը կը յաջողի զսպել հակապետական խռովութիւնը: Նոյն գրութիւնը բաբելերէն գրուած է. «Ուրարտուի երկրին մէջ», էլամերէն` «Էրմինայի` մէջ» պարսկերէն` «Արմենիայի մէջ». հետեւաբար, եթէ այդ երեք անունները նոյնն են, ուրեմն Ուրարտուն եւ Հայաստանը նոյն երկիրն են, նոյն ազգը:

Ռ. Ա.- Ատրպէյճանը որպէս պետութիւն` ե՞րբ յայտնուած է աշխարհի քարտեսին վրայ:
Ռ. Գ.- 1918-էն առաջ քարտեսին վրայ Ատրպէյճան գոյութիւն չէ ունեցած, իսկ մինչ այդ թուականը անոնք կը կոչուէին կովկասեան թաթարներ: Շուրջ 18 տարի կովկասեան թաթարներուն համար անընդունելի էր ազերի անուանումը: 1923-ին Պաքուի համալսարանի ուսանողը յայտնի արեւելագէտ Պարթոլտին կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս ինք յանկարծ ազերի կոչուեցաւ եւ իր երկիրը` Ատրպէյճան: Արեւելագէտը կը բացատրէ պարսկական Ատրպատական նահանգը իրենց միացնելու Պաքուի դաւադիր նպատակները, ապա կը փաստէ, թէ Ատրպատականի ազերիները ոչ մէկ կապ ունին կովկասեան թաթարներուն հետ: Այսօր հին ազգերու լեզուն պահպանուած է Իրանի հիւսիսի քանի մը շրջաններուն մէջ:
1936-ին սահմանադրական օրէնքներու պարտադրուած փոփոխմամբ երկիրը կը կոչուի  Ազրպէյճան:

Ռ. Ա.- Նոր պատմութիւն հնարելու համար անհրաժեշտ է «հզօր երեւակայութիւն» ունենալ…
Ռ. Գ.- 1960-ականներուն խորհրդային Ատրպէյճանի գիտնականներ Բունիաթով, Մամետովա եւ այլք, ունէին այդ երեւակայութիւնը եւ սկսան նոր պատմութիւն հնարել, իբր թէ հայերը եկուորներ են, իսկ քրիստոնէական յուշարձանները ազերիներու նախնիներուն` կովկասեան ալբանացիներուն ժառանգութիւնն են:
Այսօրուան Ատրպէյճանը ստեղծած է այլազան ժողովուրդներու մշակոյթներու խառնուրդով: Ի տարբերութիւն Ամերիկայի, որ հպարտ է իր մշակոյթներու այլազանութեամբ, Ատրպէյճանը այսօր աշխարհին կը փորձէ ներկայանալ որպէս միատարր ժողովուրդ: Ազերիներու վերջին երեք սերունդները վստահ են, թէ իրենք հինգհազարամեայ երկիր եւ երեքհազարամեայ պետութիւն ունեցող ժողովուրդ են, Հայաստանն ալ իրենց «արեւմտեան Ատրպէյճանը»:

Ռ. Ա.- Օտարները անվերապահօրէն կը հաւատա՞ն յօրինուած պատմութեան:
Ռ. Գ.- Թեհրանի համալսարանին մէջ, երեք տարի առաջ, պարսիկ լեզուաբան Ահմատ Քասաուի, խօսելով այսօրուան Ատրպէյճանի ստեղծման մասին, կը նկատէ, թէ ինչպէս գրաւոր լեզու չունեցող բազմազգ քոչուոր զանգուածները ձուլուած են իշխող թուրքերուն մէջ, մինչդեռ հայերը գոյատեւած են, շնորհիւ իրենց գրաւոր լեզուին:
2011-ին Թեհրանի համալսարանի մէջ կատարուած ծինային հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ այսօրուան ազերիներուն միայն ութ առ հարիւրն է, որ եկած է Կեդրոնական Ասիայէն, մնացեալը հնդեւրոպական ցեղի ձուլուած տեղաբնակներ են:

Ռ. Ա.- Քանի որ քարտիսագիտութիւնը անմիջականօրէն կապուած է պատմագիտութեան հետ, օտար մասնագէտները՝ հին քարտէսներուն վրայ շարունակ տեսնելով Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը երբեք չգտնելով, պատմական ճշմարտութեան չե՞ն անդրադառնար:
Ռ. Գ.- Յատուկ միջնադարին վերաբերող քարտիսագէտները երբեմն կ՚անդրադառնան Հայաստանի պատմութեան, սակայն անհրաժեշտ բացատրութիւնները չեն տար: Նախ` մենք պէտք է տեղեակ ըլլանք մեր տարածքներու պատմութեան, ապա անհրաժեշտ բացատրութեամբ ներկայացնենք զայն աշխարհին: Փաստերը շատ են, ուսումնասիրութեան դաշտը` մեծ: Բ. Համաշխարհաին պատերազմի ժամանակ Թաւրիզի մէջ Անգլիոյ հիւպատոս Տէյվիտ Մարշալ Լէնկ իր «Հայաստանը պատմութեան օրրան» հատորին մէջ կը նկարագրէ, թէ այդ տարածաշրջանէն անցած են բազում պետութիւններ, կայսրութիւններ, ազգեր…  որոշ ժողովուրդներէ միայն քարէ մասունքներ մնացած են, իսկ հայերը կրցած են գոյատեւել, որովհետեւ իրենց դիւցազներգութեան հերոս «Սասունցի Դաւիթ»-ին պէս ծուռ են, իսկ ծուռն ան է, որ չի հնազանդիր ընդունուած կարգերուն կամ օրէնքներուն:
Մեր յարակից երկիրներէն միայն հայերն ու պարսիկներն են, որ հազարամեակներով պահպանած են իրենց երկրին անունը, միւս տարածաշրջաններուն անունները շարունակ աղաւաղուած են:

Ռ. Ա.- Ո՞րն է ազերիներուն քարոզչական պատերազմին զէնքը:
Ռ. Գ.- 1925 թուականէն սկսեալ թուրք-ազերիական քարոզչական պատերազմի շնորհիւ ` եւրոպական քարտէսներու մէջէն սրբուեցաւ «Արմենիա» անունը: Մինչ Ալիեւեան հիմնադրամն այսօր միլիոններ կը տրամադրէ իրենց քարոզչութեան, մեր պետութիւնը այդ մեծ կեղծիքին դիմաց կը վարէ լուռ քաղաքականութիւն` յուսալով, որ ճշմարտութիւնը ինք կ՚աղաղակէ իր մասին: Սակայն այդ լռութիւնը Սթրազպուրկի, կամ նմանատիպ վեհաժողովներուն մէջ կ՚ընկալուի որպէս մեղաւորի կեցուածք:

Ռ. Ա.- Համաշխարհային տարբեր ատեաններու մէջ մենք պայքար կը մղենք ամրագրելու հայկական գամփռը, տուտուկը, լաւաշը կամ հարիսան…
Ռ. Գ.- Սակայն մեր երկրի ճակատագրին վերաբերող, աշխարհի բազմաթիւ գրադարաններուն մէջ գտնուող քարտեսներով ու փաստերով հետաքրքրուած չենք:

Ռ. Ա.- Նոյն լռութեամբ կը պատասխանենք ազրպէյճանական CBC հեռուստակայանի չորս լեզուներով (որոնցմէ մէկը` հայերէն) հակահայ լրատուութեան:
Ռ. Գ.- Շատ վտանգաւոր է մեր լռութիւնը նման քարոզչութեան դէմ: Մեր իշխանաւորները շարունակ զբաղած են իրենց գրպանները լեցնելով: Եթէ շարունակենք մնալ եսակեդրոն, դարերով գոյատեւած այս հողակտորն ալ կը կորսնցնենք:

Ռ. Ա.- Օտարին ներկայանալու ժամանակ սովորաբար կը ներկայանանք երկու անձնագրով, մէկը Ցեղասպանութիւնն է, միւսը` այն, որ մենք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք:
Ռ. Գ.- Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ անձնագիր պէտք է դարձնել, այլ` պահանջատիրութիւն, այլապէս առաջին տուժողը մենք կ՛ըլլանք…
Ինչ կը վերաբերի առաջին քրիստոնեայ պետութեան, ապա` եթէ մեր զրուցակիցը քրիստոնեայ չէ, զայն չի հետաքրքրեր մեր այդ հանգամանքը: Կարեւորը` մարդու ազգային պատկանելիութիւնն է, ան որ երկրի զարգացման մակարդակը…

Ռ. Ա.- Ի՞նչ կ՛ակնկալուի Սփիւռքէն:
Ռ. Գ.- Պէտք չէ ծանրապէս յենիլ Սփիւռքի վրայ…
Սփիւռքը արդէն իսկ բազում մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Երբ սփիւռքահայը կը փորձէ հայրենիքին մէջ ներդրում կատարել, հարկաւոր է օժանդակել, որոշակի ժամանակով ազատել տուրքերէ, մինչդեռ մենք երեք տարուան հարկերը կանխիկ կը պահանջենք: Որոշ ապրանք ներմուծողներու ձեռնտու չէ տեղական արտադրութեան զարգացումը, այդ պատճառով մեծ հարկեր կը դնեն տեղական արտադրող ձեռնարկութիւններուն վրայ: Սխալ է ըսել, թէ «Ամէն ժողովուրդ արժանի է իր իշխանութեան»: Մեր ժողովուրդը արժանի է աւելի լաւ իշխանութեան, աւելի լաւ կեանքի, մինչդեռ այս պայմաններուն մէջ ժողովուրդին քուէները վերածուած են աժանագին ապրանքի:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ է սփիւռքի նախարարութեան դերը այս պայմաններուն մէջ:
Ռ. Գ.- Քանի մը անգամ ներկայ եղած եմ Սփիւռքի նախարարութեան համագումարներուն, ուր ընդունուած որոշումները միշտ մնացած են անկատար: Եթէ ժողովը չունի հաշուետուութիւն, կը նշանակէ` այդ նախարարութիւնը ընդամէնը անուն մըն է, կամ` քարէ կառոյց մը…

Ռ. Ա.- Ձեր աշխատանքները որքանո՞վ արժանացան մեր կառավարութեան եւ պատմաբաններու ուշադրութեան:
Ռ. Գ.- Հրատարակութիւններու համար Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ արժանացայ դոկտորի պատուաւոր կոչման, իսկ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը մեծ քանակով գնեց անգլերէն հրատարակութիւններս` բաժնելու համար օտար դիւանագէտներու:
Մեծահարուստ անհատներու կողմէ եղան նոր հրատարակութիւններ հովանաւորելու խոստումներ, սակայն շուտով մոռցուեցան անոնք: Նման քարոզչական բնոյթի աշխատանքները պէտք է անհատական ոլորտէն անցնին պետական ոլորտ:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ տեսք կրնայ ունենալ Հայաստանի քարտէսը յիսուն տարի անց:
Ռ. Գ.- Պատմութեան ընթացքին մեր տարածքները շարունակ փոքրացած են: Միայն արցախեան պատերազմին մեր յաղթանակով կրցանք մասամբ վերականգնել մեր քարտէսին պատմական պատկերը:
Եթէ մեր իշխանութիւնները լաւ աշխատին, դարձեալ կրնան ընդլայնուիլ մեր տարածքները, իսկ այսօրուան մեր ընթացքը մտահոգիչ է…

Ռ. Ա.- Ո՞վ է արդեօք տարիներ ի վեր համացանցին մէջ շրջանառուող New Middle East քարտեսին հեղինակը, ուր Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ է, իսկ Հայաստանին վերադարձուած են Արարատը, Անին եւ փոքր մաս մը Ջաւախքէն:
Ռ. Գ.- Այդ քարտէսին հեղինակները Քիսինճըրը եւ Նիքսընն են: Անիկա գծուած է յօգուտ Ազրպէյճանի եւ քիւրտերու եւ սպառնալիք կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար:

Ռ. Ա.- Արդեօք այսօրուան պատմական իրադարձութիւնները սկսա՞ծ են իրագործել այդ քարտեսը:
Ռ. Գ.- Սովորաբար քարտէսները կը վերաձեւուին քարիւղը հզօրներու միջեւ բաժնելու նպատակով:
Արեւմուտքը ժողովրդավարութեան քօղին տակ շարունակ իր շահերը կը հետապնդէ: Անոնց համար կը գործէ` «Շահը ամէն բանէ վեր» սկզբունքը:

«Ազդակ», Սեպտեմբեր 25, 2014

No comments:

Post a Comment