Showing posts with label «Տատիկ-պապիկ». Show all posts
Showing posts with label «Տատիկ-պապիկ». Show all posts

5.10.13

Մենք ենք մեր լեռները

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Արդի ժամանակներուն  տեսական միջոցներու բազմացումով, քաղաքներ կամ երկիրներ աւելի հեշտ կը ճանչցուին իրենց իւրահատուկ  խորհրդանիշներով: Այսպէս, օրինակի համար ճարտարագէտ Կիւստաւ Էիֆէլ իր աշտարակով պաշտօնապէս կնքած է ոչ միայն Փարիզը կամ Ֆրանսան, աւելին՝ հեղինակին ստեղծագործութիւնը եզակիօրէն անմահացած է իր իսկ ազգանունով: