ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Քարտիսագէտ Ռուբէն Գալիչեան ծնած է Թաւրիզ, Մեծ Եղեռնին՝ Վանէն
տարագիր գաղթականներու ընտանիքին մէջ: Աւարտելով անգլիական Պիրմինկհամ քաղաքի «Աստոն» համալսարանը, ան սկսած է հետազօտել աշխարհի գրադարաններուն մէջ
եղած քարտիսագրական հարուստ ժառանգութիւնը, ուր Հայաստանը յիշուած է Ք.Ա. 6րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը:
Անուանի քարտիսագէտը հրատարակած է. «Հայաստանի պատմական
քաղաքները», «Հայաստանը համաշխարհային քարտեսագրութեան մէջ», «Կովկասէն
հարաւ երկիրները միջնադարեան քարտեսներուն մէջ, Հայաստան, Վրաստան,
Ազրպէյճան», «Պատմութեան յօրինում» հատորները` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն
եւ պարսկերէն լեզուներով: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան Ռուբէն Գալիչեանին շնորհած է պատուաւոր դոկտորի
աստիճան։