Հռոմի Փռանկիսկոս պապը Ապրիլ 12, 2015ին Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին
մէջ։ Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարած է Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Մարիօ Փոլին,
Օգոստոս 17ին, Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ Նարեկի Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ
կայացած պատարագի մը ընթացքին:
«Հռոմի պապը դրական պատասխան տուած եւ ընդառաջած է Ցեղասպանութեան
100ամեակին նուիրուած պատարագ մատուցելու՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի կողմէ
ուղարկուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրաւէրին», յայտարարած է Նարեկի Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս վրդ. Հեքիմեան:
Յունիս 2013ին, Ներսէս Պետրոս կաթողիկոս-պատրիարքին հետ հանդիպման
ընթացքին, Պապը ընդունած էր նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրողի մը դուստրը: Լսելէ ետք անոր վկայութիւնը, ան ըսած էր. «Այդ մէկը 20րդ դարու առաջին
ցեղասպանութիւնն էր»:
ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ
«Վաթիքըն Ինսայտըր» 15 Օգոստոսի թիւով հաղորդած է, որ
սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ պիտի հրատարակուին գիրքի մը մէջ:Օրաթերթը կը նշէ, որ Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուած են
փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին
Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ գործուած «աննախադէպ եւ ցնցիչ
ցեղասպանութեան» մասին: Փաստաթուղթերը մօտ օրէն պիտի հրապարակուին Վատիկանի
արխիւներու բաժանմունքին կողմէ խմբագրուած գիրքի մը մէջ: Յառաջիկայ Փետրուարին նախատեսուած «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին
անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին աշխարհի ամէնէն հին եւ
համապարփակ արխիւներէն մէկուն գանձերը:
Գաղտնի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ եպս. Փականօ յայտնեց, որ
վկայութիւնները «մանրամասն» կերպով կը ներկայացնեն «հայերուն դէմ
թուրքերուն օգտագործած չարչարանքները»: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ օսմանցի
զինուորները գրաւ կը դնէին «յղի կիներու արգանդին մէջ եղած մանուկներուն
սեռին վրայ` նախքան արգանդը բանալն ու նոյն դանակով մանուկները սպաննելը»:
Ան կը նշէ, որ այդ դրուագները «զիս մարդ ըլլալուս համար ամօթով կը ձգեն, եւ եթէ հաւատքը չըլլար, միայն խաւար պիտի տեսնէի»:
Օրաթերթը կը գրէ, որ այդ փաստաթուղթերուն հրապարակումը վերստին լարուածութիւն պիտի հրահրէ Վատիկանի եւ
Թուրքիոյ միջեւ, մանաւանդ որ 3 Յունիս
2013-ին Անատոլուի առաքելական առաջնորդ Լուիճի եպս. Փատովեզի սպանութեան
յիշողութիւնը տակաւին թարմ է:
No comments:
Post a Comment