ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
14 Մայիսի առաջին ժամերուն, WhatsApp-ր իրերայաջորդ կարճ հաղորդագրութիւններ բերաւ մեզի, Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Պոլիս, հարց տալով, թէ ճի՞շդ է, որ նորընտիր Լեւոն ԺԴ. Պապը հայկական արմատներ ունի, որոնք կ՚երթան մինչեւ... Արժանթին։ Արձագանգն էին վարդապետի մը գրածին, որուն տեղ տուած էին լուրջ համարուող հայկական լրատուամիջոցներ ալ, որ կը կրկնէր թրքահայ ոմն Նուրհան Չեթինքայայի անլուրջ պնդումը, թէ իր մեծ մայրը քոյրն էր ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրէնսիս Փրեւոստի (Լեւոն ԺԴ. Պապի) մեծ հօր՝ էվէրէկցի Սեդրակ Բարսեղեանի, որ 1915-ին Արժանթին գաղթած էր, ուր ըստ երեւոյթին անունը փոխած կ՚ըլլար, իսկ յետոյ՝ Միացեալ Նահանգներ գաղթած, որդին ալ ըլլալով Louis Marius Prevost։ Մինչ էվէրէկցիները (եւ կեսարացիները ընդհանրապէս) 1910-1914 թուականներուն նկատելի թիւ մը եղած են դէպի Արժանթին գաղթականութեան, չենք կրցած հասկնալ, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ հիմքով «Բարսեղեան» մականունը պիտի դառնար Preboste (որ ֆրանսերէն prevost բառի սպաներէնն է, հաշուելով որ ենթադրեալ անուանափոխութիւնը տեղի ունեցած էր Արժանթինի մէջ), որուն հետ ամենահեռաւոր առնչութիւնն իսկ չունի։