Showing posts with label Լեւոն Շառոյեան. Show all posts
Showing posts with label Լեւոն Շառոյեան. Show all posts

12.2.22

Արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած Լեւոն Շառոյեանի հատորը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) քաջալերութեամբ, արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած հանրամատչելի նոր ուղեցոյց մը լոյս տեսած է Հալէպի մէջ։ 

2.9.16

Գրական դեգերումներ Հալէպի կրակների ընդմէջէն

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
 
Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանից «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին» աշխատութիւնը, որը զոյգ նախաբաններով լաւագոյնս արժեւորել են Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը եւ Պոլսոյ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը:

27.12.15

Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութեան 2016-ի պատի օրացոյցը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Պատերազմական վիճակը իր ամբողջ սաստկութեամբ կը շարունակուի Հալէպի մէջ։
Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է՝ որ մարդիկ գաղթեն անվարան, կամ անմիջական ծրագիրներ մշակեն գաղթելու համար, մանաւանդ որ արեւմտեան երկիրներ այնքա՜ն դիւրութեամբ բացեր են իրենց դռները…։
Գաղտնիք չէ, որ ներսը մնացողները կ՛ապրին տաժանելի ու դժուար պայմաններու մէջ։ Ամէն ոք, ամէն ընտանիք, կքած է առօրեայ սպառիչ հոգերու ծանրութեան տակ։
Հակառակ այս բոլորին, մենք նստանք ու պատրաստեցինք (հերթական 14-րդ տարին ըլլալով) Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան պատի օրացոյցը։
Այրուող քաղաքի մը մէջ՝ օրացոյցը հաւանաբար վերջի՜ն մտահոգութիւնն էր մարդոց…։ Ճի՛շդ էք։ Բայց այս աշխատանքը մեր ճիտին պարտքն էր, ու մտածեցինք որ պէտք էր չթերանալ այդ պարտականութեան մէջ։

27.2.14

Լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի «Պուէնոս Այրէս, Արմէնիա փողոց» գիրքը

Լոյս տեսաւ հալէպահայ գրագէտ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանի նոր՝ «Պուէնոս Այրէս-Արմէնիա Փողոց»ը գիրքը։
«Ինչպէս անունէն ալ յայտնի կը դառնայ, այս գիրքը կը բովանդակէ այն յօդուածները, զորս ան գրի առած էր, երբ 2011 թուականին Պուէնիս Այրէս գացած էր, հրաւիրուած ըլլալով որպէս առաջին բանախօս այժմ հանգուցեալ Պետրոս Հաճեանի յոբելենական հանդիսութեան։ Յօդուածաշարքը ատենին հրատարակուած էր "Մարմարա"յի մէջ։ Ի՜նչ մեղք որ այս այցելութենէն հազիւ տարի մը վերջ Պետրոս Հաճեան անակնկալ մահով պիտի բաժնուէր մեզմէ։ Բայց անկէ առաջ Լեւոն Շառոյեան, շնորհիւ իւրայատուկ ուշադրութեան ու հայապահպանման գործերու նկատմամբ իր ունեցած բծախնդրութեան, Պետրոս Հաճեանի առաջնորդութեամբ առիթը ունեցած էր հաղորդուելու Պուէնոս Այրէսի հայկական շունչով, տեսակցութիւններ ունեցած էր զանազաններու հետ, պտոյտներ ըրած էր՝ միշտ իր մորթին վրայ զգալով Պուէնոս Այրէսի մէջ Արմէնիա անունով մկրտուած համեստ փողոցին հարուստ ապրումները», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։