ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ հայերէնի կարգավիճակին սխալ ըմբռնումը, անոր հանդէպ քաղաքական գիտակցութեան ու ռազմավարական մօտեցումի բացակայութիւնը շատ բան կը բացատրեն կրթական կառոյցներու կողմէ հայերէնի ուսուցման դժուարութեան, նոր սերունդին հանդէպ անոր անհրապոյր ըլլալու երեւոյթին մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք UCLA-ի հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեանի խօսքը, որ արտասանուած է 2022ի համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովի «Սփիւռքի դպրոցները եւ հայերէնի ու հայկական մշակոյթի դասաւանդումը» նիստին։