Showing posts with label հայկական դպրոցներ. Show all posts
Showing posts with label հայկական դպրոցներ. Show all posts

16.2.18

Յաւելումներու ստեղծած տագնապին ի տես. միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանահայ դպրոցներուն պարագային ստեղծուած նիւթական տագնապը մղած է յօդուածագիրը կրկնելու կարգ մը յայտնի ճշմարտութիւններ, որոնք կ՚երթան երկրի սահմաններէն անդին ու կը տարածուին ամբողջ Սփիւռքի վրայ։ Կ՚արժէ թուարկել քանի մը հատը՝ ի պէտս բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ջայլամի նման գլուխը կը թաղեն աւազին մէջ.
«Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքային ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է»:
«Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին»։ 
«Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի-:
«Հայկականք»

3.12.17

Ո՞վ ի՛նչ կը սպասէ հայ դպրոցէն

 ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Եթէ Սփիւռքի, որպէս առաջադրանքներ ունեցող հայագաղութներու միասնութիւն ու միութիւն, կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը հայ դպրոցն է:
Ուրեմն եւ` անխուսափելի հարցումը: Սփիւռքի մէջ ո՞ւր է հայ դպրոցը այսօր: Մեկնակէտ ունենանք լիբանանահայ դպրոցը, որ գրեթէ դար մը ամբողջ մնաց ու տակաւին է առաջատարը հայ գիրն ու դպրութիւնը ուսուցանող, հրատարակող ու տարածող: Բայց նոյն դպրոցին կարողականութի՞ւնը` վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ոչ մէկ կասկած, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու թիւի համեմատական աճին հետ նաեւ կարելի է գնահատել հայ դպրոցի յառաջընթացն ու յաջողութեան գրաւականը: Եւ այս առումով, ի՞նչ կ՚ըսէ հայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը այսօր: Աւելի քան մէկ տասնամեակ է, որ աննախընթաց նուազում կ՚արձանագրէ հայ աշակերտներուն թիւը հայ դպրոցներուն մէջ:

20.6.17

Հայերէնի ուսուցման խոհեր. զրոյց հայերէնի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ դասագիրքերու հեղինակ Յակոբ Չոլաքեանի հետ

Բագրատ Էսդուգեան- Պարոն Յակոբ Չո­լաքեան, եթէ հա­մաձայն էք, զրոյ­ցի սկսինք շատ ընդհա­նուր նիւ­թով մը հա­յախօ­սու­թեան եւ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցման ընդհա­­նուր խնդիր­­նե­­­րուն շուրջ։ Յատ­­կա­­­պէս Սփիւռքի սահ­­մա­­­նու­­մով։
Յա­­կոբ Չո­­լաքեան- Հա­­յախօ­­սու­­թիւնը եւ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցու­­մը մեր սփիւռքեան պատ­­մութեան սկզբնա­­կան շրջան­­նե­­­րուն ու­­նէր այն խնդիր­­նե­­­րը, որոնք այ­­սօր ու­­նինք մենք։ Այ­­լա­­­խօսու­­թիւնը տա­­րածուած էր մեր մէջ յատ­­կա­­­պէս Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քին մէջ։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ այդտեղ ապաս­­­տա­­­­­­­նած հա­­­յերուն մեծ մա­­­սը թրքա­­­խօս էր, քրտա­­­խօս էր, արա­­­բախօս հա­­­տուած մըն ալ կար։ Ի պա­­­տիւ մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րուն, 30-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը դար­­­ձաւ գլխա­­­ւոր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Քրտա­­­խօսու­­­թիւնը, թրքա­­­խօսու­­­թիւնը նա­­­հան­­­ջեց, դրուեցաւ տու­­­նե­­­­­­­րէն դուրս։ Պէյ­­­րութ որ գա­­­ցի խա­­­նութնե­­­րուն ցու­­­ցա­­­­­­­տախ­­­տակնե­­­րուն վրայ գրուած կ՚ըլ­­­լար «թրքե­­­րէն խօ­­­սողին հա­­­յերէն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ»։ Ու­­­րեմն 40-ական թուական­­­նե­­­­­­­րէն վերջ հա­­­յախօ­­­սու­­­թիւնը տա­­­րածուած երե­­­ւոյթ էր Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի մէջ։ Մենք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ յու­­­զիչ պատ­­­մութիւններ գի­­­տենք մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն, երբ հո­­­գաբար­­­ձուն մէկ բառ հա­­­յերէն չէր գի­­­տեր եւ կու գար կը հսկէր հա­­­յախօ­­­սու­­­թեան։ Բայց ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին Սփիւռքի պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ հետզհե­­­տէ ծա­­­ւալե­­­ցաւ այ­­­լա­­­­­­­խօսու­­­թիւնը։ Կա­­­յին այնպի­­­սի գա­­­ղութներ որոնք զրկուած էին ամե­­­նօրեայ դպրո­­­ցի հնա­­­րաւո­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն եւ այդտեղ իշ­­­խող եղաւ օտա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը։ Այստեղ կ՚ու­­­զեմ բա­­­ցառել Մե­­­րտին­­­ցի հա­­­յերը, որոնք ի սկզբա­­­նէ արա­­­բախօս էին եւ չենք յա­­­ջողած անոնք հա­­­յախօս դարձնել։

29.11.12

Դրամ՝ համախոհական կառավարութեան դիմաց

Ժ. Չ.

«Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները կանգնած են ուծացման եւ թուլացման վտանգի առջեւ» յայտարարած է Հոկտեմբեր 20ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նորաբաց շէնքի մէջ կայացող ՀԲԸՄ ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Շարունակած է, ըսելով թէ ԱՄՆու 1 միլիոննոց հայկական գաղթօճախէն միայն 10 հազարն է որ գործունեայ մասնակցութիւն կը բերէ հայանպաստ միջոցառումներուն եւ թէ նոյն վիճակը կը տիրէ Եւրոպայի մէջ։ Հայանպաստ միջոցառումներուն համար Սփիւռքը տարեկան կը հաւաքագրէ 10-12 միլիոն տոլար, ինչ որ անբաւարար է։ Ըստ պ. Սեդրակեանի՝ եթէ 7 միլիոն սփիւռքահայերէն իւրաքանչիւրը 25ական տոլար նուիրաբերէր, կը հանգանակուէր տարեկան 100 միլիոն տոլար։ Դրամահաւաքի ցած մակարդակը, ըստ պ. Սեդրակեանի, կը թուլացնէ նաեւ ԱՄՆու եւ Եւրոպայի հայկական լոպիներու ազդեցութիւնը։

27.6.11

Արժանթինի հայկական դպրոցներուն իրավիճակին մասին

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, երէկ` Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայկական դպրոցները Արժանթինի մէջ երէկ եւ այսօր»: Օրուան դասախօսն էր պատմաբան-բանասէր Վարդան Մատթէոսեան: