Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին առթիւ,
Օգոստոս 23-ին հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանի բացման
արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու
խաչմերուկին։
Արձանի բացման ներկայ էին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցի հիմնադրամի վարչութեան նախագահ
Տիգրան Մղտեսեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մոնթէ
Քարլոյի պալէի թատրոնի մենապարուհի Վիկտորիա Անանեան, Երեւանի քաղաքապետի
տեղակալ Արամ Սուքիասեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետ Արթուր
Վանեցեան, Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան,
արուեստի գործիչներ եւ ուրիշներ: