9.7.16

Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է Երեւանի ամենահին փողոցը


Է­րե­բու­նիի մէջ հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բին ութ տա­րուան պե­ղում­նե­րը տուած են հե­տաքրք­րա­կան ար­դիւնք­ներ: Ծրա­գի­րը մօ­տե­ցած է իր ա­ւար­տին, սա­կայն յոյս կայ, որ անի­կա շա­րու­նա­կուի, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է  «Է­րե­բու­նի» պատ­մահ­նա­գի­տա­կան ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Գա­գիկ Գիւր­ջեան:
Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բը իր աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսած է Է­րե­բու­նիի մէջ 2008-ին, իսկ ծրա­գի­րը գան­ձատ­րուած է Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նախա­րա­րու­թեան կող­մէ:
«Այս պե­ղում­նե­րը ե­րեք կա­րե­ւոր խնդիր լու­ծած են՝ հնա­գէտ­նե­րը հան­դէս կու գան ի­րենց հե­տա­զօ­տա­կան, գի­տա­կան բա­ցա­յայ­տում­նե­րով, կը հա­մա­գոր­ծակ­ցինք ֆրան­սա­կան հնագի­տա­կան կա­րե­ւոր կա­ռոյ­ցի հետ: Մե­զի հա­մար այս պա­հուն կա­րե­ւո­րը եր­րորդ խնդիրն է. կը նա­խա­պատ­րաս­տուինք Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւա­նի 2800-ա­մեա­կին: Մին­չեւ 2018 թուա­կա­նը պէտք է ո­րո­շա­կի վե­րա­կանգնո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նենք, այս պե­ղում­նե­րը տուած են նման հնա­րա­ւո­րու­թիւն», ը­սած է Գա­գիկ Գիւր­ջեան:
Ան կա­րե­ւոր հա­մա­րած է այն փաս­տը, որ պե­ղում­նե­րուն մաս­նակ­ցած են նաեւ ի­րան­ցի հնա­գէտ­ներ:
Հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բին հայ­կա­կան կող­մի ղե­կա­վար Մի­քա­յէլ Բադալեանի խօս­քով, այս պե­ղում­նե­րը կու տան շարք մը հար­ցե­րու պա­տաս­խան­ներ, բայց միա­ժա­մա­նակ նաեւ նոր հար­ցեր յա­ռաջ կը բե­րեն: Ան ը­սած է, որ 1950 թուա­կա­նին գտնուած է սե­պա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, որ կը հա­մա­րուի Ե­րե­ւա­նի ծննդեան վկայականը, իսկ 1968 թուա­կա­նին, ըստ այդ ար­ձա­նագ­րու­թեան, կը լրա­նար Է­րե­բու­նի-Երե­ւա­նի 2750-ա­մեա­կը:
«Այս ա­ռու­մով  պե­ղում­նե­րը լայն թափ ստա­ցան: Ո­րոշ հա­տուած­նե­րու մէջ ա­րագ կ՚ընթանա­յին, ո­րու հե­տե­ւան­քով շարք մը շեր­տեր չէին ար­ձա­նագ­րուած», ը­սած է հնագէտը, ա­ւելց­նե­լով, որ այս պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենք շեշ­տը դրած են ժամանակաշր­ջա­նի մը վրայ, որ կը կո­չուի յե­տու­րար­տա­կան:
«Ա­նընդ­հատ կը խօ­սինք ու­րար­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի, կա­ռոյց­նե­րու, պատ­մու­թեան մա­սին, այ­նու­հե­տեւ ար­դէն Ա­քե­մե­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մա­սին: Ու­րար­տա­կան պետու­թիւ­նը վե­րա­ցած է Ք.Ա. 640-ա­կան­նե­րուն (*), Աք­ե­մե­նեան պե­տու­թիւ­նը հիմ­նադ­րուած է Ն. Ք. 6-րդ դա­րու կէ­սե­րուն: Այդ մի­ջան­կեալ հա­տուա­ծի մա­սին մենք ո­չինչ գի­տենք:  Հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բին պե­ղում­նե­րը բա­ւա­կա­ն տե­ղե­կութիւն կը հա­ղոր­դեն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մա­սին: Այդ շրջա­նը նաեւ կա­րե­ւոր է այն ա­ռու­մով, որ կը սկսի ձե­ւա­ւո­րուիլ Ե­րուան­դու­նի­նե­րու թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը», նշած է ան:
Մի­քա­յէլ Բա­դա­լեան ը­սած է, թէ խորհր­դա­յին շրջա­նէն կը խօ­սուի սիւ­նա­զարդ դահլ­իճին մասին, որ կը հա­մա­րուի  Խալդ Աս­տու­ծոյ տա­ճա­րի բաղ­կա­ցու­ցիչ մա­սը:
«Այս պե­ղում­նե­րը կու գան ա­պա­ցու­ցե­լ, որ կա­ռոյ­ցը յե­տու­րար­տա­կան շրջա­նին կառուցուած է: Նման է մա­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի յու­շար­ձան­նե­րու: Նման է Ի­րա­նի մէջ գտնուող Կո­տին-թե­փէ սիւ­նա­զարդ դահ­լի­ճին, գրե­թէ ճիշդ նոյն ժա­մա­նա­կաշրջա­նով կը թուագ­րուի», ը­սած է ան:
Հնա­գէ­տը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ պե­ղում­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ի­րա­կա­նա­ցուած են Խալդի աս­տու­ծոյ տա­ճա­րին եւ յա­րա­կից տա­րածք­նե­րուն մէջ: Յայտ­նաբերուած է գե­ղե­ցիկ խճապատ փո­ղոց, որ կը գտնուի Խալդի աս­տու­ծոյ տա­ճա­րին ա­րե­ւել­քը: Մօտ 10 մեթ­րէն ետք կը թե­քուի դէ­պի աջ: Ամ­բող­ջութիւնը պէտք է ըլ­լայ 30 մեթր:
«Ե­թէ մենք կը հա­մա­րենք, որ Է­րե­բու­նին մեր մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի օր­րանն է, կա­րե­լի է ը­սել, թէ մենք յայտ­նա­բե­րած ենք Ե­րե­ւա­նի ա­մե­նա­հին փո­ղո­ցը կամ փո­ղոց­նե­րէն մէ­կը», նշած է հնա­գէ­տը՝ միա­ժա­մա­նակ ա­ւելց­նե­լով, որ ու­րար­տա­կան ո­րե­ւէ այլ կա­ռոյ­ցի մէջ նման փո­ղոց չէ ար­ձա­նագ­րուած:
«Ան իր ո­րա­կով կրնայ նոր հա­ղոր­դում­ներ տալ Է­րե­բու­նիի պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր փու­լի մը հա­մար: Փո­ղո­ցի հետ մէկ­տեղ ճշդուած են երկ­րա­շար­ժի հետ­քեր: Հրա­ւի­րած ենք հայ եւ ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք հաս­տա­տած են երկ­րա­շար­ժի հետ­քե­րը: Ըստ մեր դիտար­կում­նե­րուն, ան պատահած է Ք.Ա. 7-րդ դա­րու կէ­սե­րուն: Կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը, որ մեզի  թոյլ կու տայ ը­սե­լ, թէեւ վար­կած կայ, թէ ին­չո՞ւ կա­ռու­ցուած է Թէյ­շե­բայի­նի բերդ-ամ­րո­ցը: Ին­չո՞ւ Ռու­սա Բը, ու­նե­նա­լով Է­րե­բու­նի, Ար­գիշ­տի­խի­նի­լի ամ­րոց­նե­րը Արարա­տեան դաշ­տին մէջ, կա­ռու­ցած է նաեւ Թէյ­շե­բայի­նին: Է­րե­բու­նիէն շարք մը ի­րեր Էրե­բու­նիի մա­կագ­րու­թեամբ տե­ղա­փո­խուած էին Թէյ­շե­պայի­նի: Ին­չո՞ւ տե­ղա­փո­խուած էին: Թե­րեւս երկ­րա­շար­ժի պատ­ճա­ռով», ման­րա­մաս­նեց Մի­քա­յէլ Բա­դա­լեան:
Պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րուած են քա­րէ հիմ­քեր. ըստ ա­նոր, չի բա­ցա­ռուիր, որ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող կա­ռոյց ըլ­լայ։
«Սկզբնա­կան փու­լին Է­րե­բու­նին այն­պէս չէ ե­ղած, ինչ­պէս կը տես­նենք: Գու­ցէ Խալ­դի, Սուսի տա­ճար­նե­րը եւ այդ կա­ռոյ­ցը տե­ղա­կա­յուած են մէկ հա­մա­լիր կա­ռոյ­ցի մէջ: Հին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ու­նինք հաս­տա­տուած շարք մը ծէ­սեր, երբ  ծէս մը կը սկսէր տաճա­րի մը մէջ, կ՚ա­ւար­տէր այլ տա­ճա­րի մը մէջ: Գու­ցէ ծի­սա­պաշ­տա­մուն­քա­յին հա­մա­լիր էր: Նման պատ­կեր­նե­րը դրուա­գուած են նաեւ ու­րար­տա­կան գօ­տի­նե­րու վրայ», ը­սած է ան:
Փա­րի­զի հնա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան ղե­կավար Սթե­ֆան Տե­շամփ նշած է, որ պե­ղում­նե­րը ոչ միայն կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին հնա­գի­տա­կան ա­ռու­մով, այլ նաեւ Է­րե­բու­նիի վե­րա­կանգնումի, վերս­տեղծ­ումի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար:
«Այս պե­ղում­նե­րը նման աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար բա­ւա­կա­նին լաւ հիմք կու տան», նշած է ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէ­տը:
«Ժամանակ», 9 Յուլիս 2016
(*) Սովորաբար կը համարուի, որ ուրարտական պետութիւնը յարատեւած է մինչեւ Ք.Ա. 590 թուականը («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment