22.7.16

Երրորդ ուղին

Ժ. Չ.

Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամներէն ու համակիրներէն կազմուած «Սասնայ ծռեր» խմբակին կողմէ Կիրակի [17 Յուլիս 2016] առաւօտեան Երեւանի պարեկապահակային ոստիկանական կեդրոնին վրայ յարձակումը երեւան բերաւ Հայասատանի Հանրապետութեան գլխաւոր ճեղքը։ Նախ եւ առաջ, զինեալ յարձակումը, որ բարձրաստիճան ոստիկանի մը մահուան պատճառ դարձաւ, քաղաքականապէս տհաս ու դատապարտելի գործողութիւն է։ Իր նպատակին բոլորովին չծառայող։ Ոստիկանատան վրայ յարձակելով չէ, որ պետական յեղաշրջում կ՚իրագործուի։ Ոչ ալ քաղաքական բանտարկեալ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը կ՚ապահովուի։ Ընդհակառակն, այս գործողութիւնը իշխող կառավարութեան տրուած նուէր մըն է արդարացնելու համար Սեֆիլեանի կանխարգելիչ բանտարկութիւնը՝ երկրին մէջ զինեալ յեղաշրջում ծրագրելու ամբաստանութեամբ։

Սակայն, օրուան ընթացքին տեղի ունեցած հարիւրաւոր կամայական ձերբակալութիւնները հասարակ ժողովուրդին ու քաղաքացիներուն վրդովումը յառաջացուցին, որոնք տուն տուին ծայրայեղական հակազդեցութիւններու, նախատինքներու, ինչպէս՝ «ժողովուրդին արիւնը ծծեցիք», ուղղուած յատկապէս՝ ոստիկանութեան եւ նախագահին, որոնք ապացոյցն են իշխանութեան հանդէպ անոնց ունեցած անհանդուրժողութեան, թշնամութեան, ճիշդ այն պահուն երբ շատ բնական պիտի ըլլար անոնց կողմէ դատապարտումը «Սասնայ ծռեր»ու բռնարարքին։ Եւ ահա խորին խրամատը, հայաստանեան ընկերութեան երկփեղկումը։
«Սասնայ ծռեր» խմբակի տղաքը, որոնք Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ վերջին տասնամեակին՝ Սարդարապատ, Նախախորհրդարան, Հիմնադիր Խորհրդարան, Նոր Հայաստան շարժումներու հանգրուաններէն անցան, քաղաքական ծրագիր ու ժողովրդավար հեռանկար փայփայող անձեր են, պետականութեան ամրապնդումին համար զոհուելու պատրաստ, հայրենասիրութեամբ տոգորուած։ Խորենացի փողոցին վրայ հաւաքուած բազմահարիւր երիտասարդներու համար՝ «մեր տղերք»-ն են, անձնազոհութեան շօշափելի օրինակներ։ Ժողովրդավարութեան պահանջէն մինչեւ բռնարարքի դիմելու ապշեցուցիչ քայլը, անհանգստացնող, խօլ ոստում մըն է որ կատարեցին։ Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս յանգեցան այս որոշումին։
Ծանրագոյն վիճակին մէջ ժողովրդային խաւին կողմէ կառավարութեան դէմ դիրքորոշումը եւ «Սասնայ ծռեր» խմբակին զինեալ յարձակումը չդատապարտելը ազդանշանն է այն խորին վիհին որ գոյացած է երկրին մէջ։ Անկասկած ժողովրդային խոհեմութիւնն էր, որ զիրենք հեռու պահեց նաեւ անսալու «Սասնայ ծռեր»-ուն կողմէ ըմբոստութեան միանալու կոչին։ Իսկ երիտասարդութիւնը որ եկած էր Խորենացի փողոց զօրակցնելու իր ընկերներուն, կը փնտռէր երրորդ ուղին՝ ո՛չ անձնատուութիւն, ո՛չ արիւնահեղութիւն։
Անժխտելի օրինաչափութիւն է, որ բռնատիրական համակարգեր ծնունդ կու տան զինեալ դիմադրական խմբակներու։ Հայաստան անկախութենէն ի վեր ականատես եղած է տարբեր տեսակի զինեալ յարձակումներու՝ Յունանեանի խմբակէն մինչեւ 2008 Մարտ 1-ի մահացու դէպքերը։ Որքան ատեն որ շարունակուի բռնատիրութիւնը, այնքան ալ նոր զինեալ ընդդիմութիւններ կը ծնին։ «Սասնայ ծռեր»-ը իր տեսակին մէջ առաջինն էր։ Մտահոգիչ սկիզբ մը եթէ իշխանութիւնը արմատական լուծում մը չառաջարկէ նոր ու արդար ընկերութիւն մը ձեւաւորելու։ Իսկ նախագահն ու վարչապետը երեք օր է, դէպքին սկիզբէն ի վեր տակաւին չեն յանդգնած խօսիլ հանրութեան։

«Նոր Յառաջ», 21 Յուլիս 2016 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment