11.6.18

Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը եւ այլ ազգային պարտամուրհակներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
 
Նախորդ վարչապետի շտապ հրաժարականէն ետք հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր աշխատանքային կարգավիճակը Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին. մեզի ըսուեցաւ, որ Ժողովրդային շարժման ցոյցերու ալիքին մէջ աշխատանքները կասած էին եւ արձանի տեղադրումը յետաձգուած՝ Յունիսի երկրորդ կիսուն:
Իմ անկեղծ յոյսն է, որ յետաձգման այս պատեհութիւնը, առանց այլեւայլի, առաջնորդէ նոր կառավարութիւնը այս ծրագիրի աւելի հիմնական վերանայման՝ ցոլացնելով այն անկեղծ, անկաշկանդ եւ ապագայասեւեռ մտածողութիւնը, զոր մեր ժողովուրդը պիտի պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութենէն: Յուշակոթողի այդ նախագիծը, որ նախորդ իշխանութեան կողմէ որդեգրուեցաւ, իբրեւ յղացք՝ բացարձակապէս անյարիր է Արամ Մանուկեանի էութեան: Բազմաթիւ փորձերէ ետք, այս քանդակագործը ապացուցեց, որ ինք այս յանձնարարութեան մակարդակին վրայ չի գտնուիր: Ան չի՛ զգար Արամը, ինչպէս մեր ժողովուրդը զգացած է զայն՝ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին: Իմ անկեղծ ցանկութիւնն է, որ այս նախաձեռնութիւնը իր ներկայ ձեւին մէջ ամբողջութեա՛մբ առկախուի:
Փոխարէնը, պէտք է ստեղծուի նոր յանձնաժողով մը՝ պր. վարչապետին ուղիղ պատասխանատուութեան տակ, այլ ոչ՝ Երեւանի քաղաքապետութեան: Յանձնաժողովին մէջ պէտք է ընդգրկուին ազգի լաւագոյն հեղինակութիւնները ոչ միայն արուեստի, այլ անպայմա՛ն պատմութեան, ազգագրութեան, մշակութաբանութեան մարզերէն: Ոչ միայն երկրէն, այլեւ՝ արտերկրէ՛ն: Յայտարարուի նոր մրցոյթ, որուն հրաւիրուին մասնակցելու քանդակագործներ թէ՛ երկրէն եւ թէ արտերկրէն: Ներկայացուած նախագիծերը իրենց վերջնական ձեւին մէջ դրուին քննարկման եւ ի վերջոյ՝ քուէարկութեան, միաժամանակ թէ՛ յանձնաժողովին կողմէ, թէ՛ համաժողովրդական մակարդակով: Յանձնաժողովի քուէարկութեան արդիւնքը վերջին գնահատականին մէջ ունենայ 75 տոկոս կշիռ, իսկ համաժողովրդական քուէն՝ 25 տոկոս: Անշո՛ւշտ, այս վերջին ֆորմիւլը միշտ կարելի է քննել: Արձանի տեղադրման համար թուական ընդունիլ Արամ Մանուկեանի մահուան 100ամեակը՝ Յունուար 2019:
Եւ վերջապէս, կարեւոր է, որ յուշակոթողը զետեղուի Հանրապետութեան հրապարակին կեդրոնը:
Միաժամանակ կարեւոր է, որ նոր կառավարութիւնը իր օրակարգին վրայ դնէ հետեւեալը.
(ա) Արամի տունը ազատել իր ներկայի գերութենէն, զայն վերականգնել իր ամբողջութեան մէջ եւ վերածել Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանի:
(բ) Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան տունը ազատել իր ներկայի անփառունակ վիճակէն եւ զայն վերածել Առաջին Հանրապետութեան թանգարան-հետազօտական հիմնարկի:
(գ) Նալբանդեան պողոտայէն մինչեւ Գարեգին Նժդեհի արձան երկարող զբօսայգին վերանուանել Առաջին Հանրապետութեան զբօսայգի եւ այդ տարածքին վրայ կանգնեցնել արձանները Հանրապետութեան վարչապետներուն, խորհրդարանի նախագահներուն, սպարապետներուն եւ այլ բազմերախտ գործիչներու:
(դ) Ազատել Պուշկինի վրայ գտնուող Զօր. Սիլիկեանի եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի տուները եւ զանոնք վերածել տուն-թանգարաններու:
Այս բոլորէն ետք, կարեւոր է, որ պատրաստուի զբօսաշրջութեան մէկ ամբողջական շրջապտոյտի ուղեծիր-յղացք մը՝ Առաջին Հանրապետութեան բոլոր կարեւոր վայրերու ու շէնքերու ընդգրկումով։
Վերջապէս, ՀՀ մայրաքաղաքի այսօրինակ «անհատականացում»ը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան վաղուան սերունդներու դաստիարակութեան համար: Հայոց երկրի քաղաքացին հպարտութեան նոր մակարդակ մը կը նուաճէ այս խիզախ քայլերով։ Մտնել մայրաքաղաքի դռներէն ներս այլ բան չէ՛, եթէ ոչ՝ շնչել պատմութիւնը մեր երկրին: Եւ մեր պատմութիւնը պէ՛տք է խօսի այդ պատերէն, ճիշդ ինչպէս կը պատգամէ Պարոյր Սեւակ՝ «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք՝ Սարդարապատի՛ց»…

«Ասպարէզ», 11 Յունիս 2018

No comments:

Post a Comment