Showing posts with label «Հիմնադիր Խորհրդարան». Show all posts
Showing posts with label «Հիմնադիր Խորհրդարան». Show all posts

22.7.16

Երրորդ ուղին

Ժ. Չ.

Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամներէն ու համակիրներէն կազմուած «Սասնայ ծռեր» խմբակին կողմէ Կիրակի [17 Յուլիս 2016] առաւօտեան Երեւանի պարեկապահակային ոստիկանական կեդրոնին վրայ յարձակումը երեւան բերաւ Հայասատանի Հանրապետութեան գլխաւոր ճեղքը։ Նախ եւ առաջ, զինեալ յարձակումը, որ բարձրաստիճան ոստիկանի մը մահուան պատճառ դարձաւ, քաղաքականապէս տհաս ու դատապարտելի գործողութիւն է։ Իր նպատակին բոլորովին չծառայող։ Ոստիկանատան վրայ յարձակելով չէ, որ պետական յեղաշրջում կ՚իրագործուի։ Ոչ ալ քաղաքական բանտարկեալ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը կ՚ապահովուի։ Ընդհակառակն, այս գործողութիւնը իշխող կառավարութեան տրուած նուէր մըն է արդարացնելու համար Սեֆիլեանի կանխարգելիչ բանտարկութիւնը՝ երկրին մէջ զինեալ յեղաշրջում ծրագրելու ամբաստանութեամբ։

11.3.15

Վերագաղութացման դէմ պայքար

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 
Մարտ 1ին Փարիզի «Անա­քօ» տա­փանա­ւուն վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սախօ­սու­թիւն-վիճար­կում մը, «Հայկական վե­րած­նունդ» շարժման տեղական մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ։ Այս առի­թով հրա­ւիրուած էր Հիմ­նա­դիր Խորհրդա­րանի ղե­կավար ան­դամ Գա­րեգին Չու­գասզեան, որ մեկ­նա­բանեց շար­ժումին հե­տապնդած նպա­տակ­նե­րը։ Օրուան նիւթն էր՝ «100ամեակի սե­մին Հա­յաս­տա­նի ներ­քին ու ար­տա­քին քա­ղաքա­կան մար­տահրա­ւէր­նե­րը եւ հա­մակար­գա­յին փո­փոխու­թեան անհրա­ժեշ­տութիւ­նը»։
Ստո­րեւ՝ դա­սախօ­սին հետ «Նոր Յառաջ»ի ու­նե­ցած հար­ցազրոյ­ցը։