26.8.18

Հոլանտահայերուն իւրայատուկ նուէրը Երեւանին

Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին առթիւ, Օգոստոս 23-ին հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին։
Արձանի բացման ներկայ էին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցի հիմնադրամի վարչութեան նախագահ Տիգրան Մղտեսեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մոնթէ Քարլոյի պալէի թատրոնի մենապարուհի Վիկտորիա Անանեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեան, Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան, արուեստի գործիչներ եւ ուրիշներ:
Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը, որ հեղինակած է քանդակը, նշեց իր խօսքէն մէջ. «Հայկական գամփռի արձան ստեղծելու գաղափարը  ունեցած եմ  դեռ մանկութեան տարիներէն, երբ հօրս հետ կ՚երթայի սարեր եւ ես անընդհատ այնտեղ կը տեսնէի շուն մը` Չալօ անունով, որ շատ ապահով կը պահէր ոչխարի հօտը: Շատ տարիներ անցած են, սակայն մինչեւ այսօր Չալոյի նուիրումը մնացած էր հոգիիս մէջ: Եւ յանկարծ Հոլանտայի հայութիւնը, «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը ինծի կ՚առաջարկէ քանդակել գամփռի արձանը: Ես շատ հսկայ քանդակներ  ունեցած եմ, սակայն այս գամփռ շան կերպարը ստեղծելը իւրայատուկ դժուարութիւն ունէր: Անընդհատ կը փորձէի մտաբերել իմ մանկութեան գամփռին, եւ այդ կերպարը ինծի հանգիստ չէր տար: Մօտ երկու տարի աշխատած եմ այս շունը քանդակելու համար»:
Ըստ իրեն, ինք մարդկային կերպար կը տեսնէր գամփռի դէմքին վրայ, փիլիսոփայական հայեացք: Չալոյի արձանը յանձնելով երեւանցիներուն, քանդակագործը յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները զայն կը փայփայեն հոգատարութեամբ եւ սիրով:
2013 թուականին, Ամսթերտամի մէջ, «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը իր փաստացի գործունէութիւնը սկսած է։ Ան սկիզբը կիրակնօրեայ հայկական դպրոց եղած է, իսկ 2017-ին պաշտօնապէս հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած: Այս հիմնադրամի աջակցութեամբ է, որ հայկական գամփռի արձանը տեղադրուած է:
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամի վարչութեան պատուոյ նախագահ Վահան Աւագեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այդ գեղեցիկ արարողութեան մասնակից դառնալու համար:
«Խումբ մը ազգասէր նուիրեալներու ջանքերով,  քանի մը տարի առաջ,  գամփռ ցեղատեսակը ծագումնաբանութեամբ եւ արտաքին նկարագրով պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ բացառապէս հայկական: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, աշխարհի մէջ մեզի պատկանող արժէքներու ճանաչման ու ընդունման ուղղուած գործին»,- ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց, որ նախապէս համաձայնեցնելով Երեւանի քաղաքապետարանին հետ, Ամսթերտամի հայ համայնքը որոշած էր Երեւանի 2800-ամեայ յոբելեանի առթիւ նուիրել նոր եւ բարի ընտանեկան խորհրդանիշ` հայկական գամփռի արձան:
Դրամահաւաքին մասնակցած են  բազում հոլանտահայեր եւ հոլանտացիներ:

«Եռագոյն» (yerakouyn.com), 24 Օգոստոս 2018

No comments:

Post a Comment