Showing posts with label քաղաքացիական ընկերութիւն. Show all posts
Showing posts with label քաղաքացիական ընկերութիւն. Show all posts

22.7.16

Երրորդ ուղին

Ժ. Չ.

Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամներէն ու համակիրներէն կազմուած «Սասնայ ծռեր» խմբակին կողմէ Կիրակի [17 Յուլիս 2016] առաւօտեան Երեւանի պարեկապահակային ոստիկանական կեդրոնին վրայ յարձակումը երեւան բերաւ Հայասատանի Հանրապետութեան գլխաւոր ճեղքը։ Նախ եւ առաջ, զինեալ յարձակումը, որ բարձրաստիճան ոստիկանի մը մահուան պատճառ դարձաւ, քաղաքականապէս տհաս ու դատապարտելի գործողութիւն է։ Իր նպատակին բոլորովին չծառայող։ Ոստիկանատան վրայ յարձակելով չէ, որ պետական յեղաշրջում կ՚իրագործուի։ Ոչ ալ քաղաքական բանտարկեալ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը կ՚ապահովուի։ Ընդհակառակն, այս գործողութիւնը իշխող կառավարութեան տրուած նուէր մըն է արդարացնելու համար Սեֆիլեանի կանխարգելիչ բանտարկութիւնը՝ երկրին մէջ զինեալ յեղաշրջում ծրագրելու ամբաստանութեամբ։

23.6.15

«Եթէ կոտրուի մեր այս ջահելութիւնը՝ այս իշխանութիւններին ներում չկայ...»

Երէկ ծանր գիշեր մըն էր Հայաստանի համար: «Ո՛չ թալան»ին նախաձեռնութեան շուրջ բոլորուած մեծ թիւով քաղաքացիները մինչեւ առաւօտեան ժամերը նստացոյց  ըրին Բաղրամեան փողոցի նախագահական նստավայրին դիմաց: Առաւօտեան  կանուխ ժամերուն ջրցան մեքենաներ գործի լծելով, ՀՀ ոստիկանութիւնը մեծ թիւով   ձերբակալութիւններու ձեռնարկեց: Անկանխատեսելի էին մանաւանդ հայրենի լրատուական միջոցներուն, յատկապէս «Ազատութիւն» եւ «Հետք»ի լրագրողներուն դէմ կիրառուած բռնութիւնները: 

19.11.13

Նիստի խափանումն ու արտախորհրդարանական միջավայրերը

Դրական միտում կարելի էր նկատել Հայաստանի օրէնսդիր դաշտին մէջ կենսաթոշակային համակարգի մասին բարեփոխումներ բերելու նախաձեռնութիւնները։ Ի վերջոյ սկզբունքով անոնք պէտք է միտուած ըլլային աղքատութեան յաղթահարման փորձերով ժողովրդագրական վիճակագրութիւններու եզրակացուցած տխուր տուեալները բարելաւելու։ Այդպէս չեղաւ սակայն։

«Պարտադիր կուտակային համակարգ». նոր բանավէճ

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նոյեմբեր 15ի նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր մասնաւորաբար կենսաթոշակներու վերաբերող օրէնքին «պարտադիր կուտակային համակարգ»ի բաժնին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը, անհրաժեշտ մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով տեղի չէ ունեցած։

28.7.13

Ծնունդ, ապա դաստիարակութիւն

ՅՈՎԻԿ ԱՖԵԱՆ

Այն, ինչ ծնուեց Հայաստանում Յուլիսի 25-ին, գուցէ եւ կոչւում է քաղաքացիական հասարակութիւն: Յամենայն դէպս, բոլոր տեսակի առանձնայատկութիւնները, որոնք պարտադիր են քաղաքացիական հասարակութիւն կոչուելու համար, հայաստանեան այս նոր երեւոյթն ունի: Նախ, դասակարգային չէ, որովհետեւ արտասահմանեան թանկարժէք մեքենայի վարորդը կանգնեց այդ մեքենայի մասին միայն երազող երիտասարդի կողքին, քաղաքական չէ, որովհետեւ քաղաքական որոշ գործիչներ թէեւ երեւացին շարժման շարքերում, բայց ոչ ոք նրանց չլսեց, ու նրանք ոչինչ չասացին: Եւ, որը պակաս կարեւոր չէ, այս շարժումը խնդրի ու նպատակի հարցում կոնկրէտ ու յստակ է, հրաշալի գիտի, թէ ի՞նչ է ուզում եւ ումի՞ց է ուզում:

25.7.13

Ժողովուրդը կը յաղթէ. Երեւանի փոխադրամիջոցներու գիներուն յաւելումը առկախուած է

Երեւանի մէջ երթուղային թաքսիներու գիները Յուլիս 20էն յաւելում կրած էին, 100 դրամէն բարձրանալով 150ի, մինչ թրոլէյպուսներու գիները բարձրացած էին 50էն 100 դրամի: Ելեկտրականութեան եւ կազի սակագիներու բարձրացումէն ետք, այս նոր յաւելումը բաժակը յորդեցնող կաթիլը հանդիսացած է. ժողովուրդը սաստիկ դժգոհ է, ամէն կողմէ այս որոշումին դէմ ըմբոստանալու կոչեր հնչած են: Ճամբորդները նախկին սակագինը վճարելու հրաւիրող արշաւներ կազմակերպած են, իսկ բազմաթիւ կայարաններու մէջ հանրային գործիչներ բաժնած են «Վճարէք 100 դրամ» արձանագրութեամբ թռուցիկներ:
Այս նոր յաւելումին դէմ ըմբոստացման շարժումը բնականաբար ունեցած է իր հետեւանքները: Յուլիս 22ի երեկոյեան լարուած իրավիճակ ստեղծուած է «Նայիրի» շարժանկարի սրահին (Մաշտոց պողոտայ) մօտ: Տեղի ունեցած են լուրջ միջադէպեր, երբ ոստիկանները բռնի ուժով փորձած են ոստիականատուն տանիլ երթ կատարող հանրային գործիչներէն մէկը: Սակայն տոմսերու գիներու սղումին դէմ պայքարողները կանխած են ենթակային ձերբակալութիւնը: