Showing posts with label Մխիթար Սեբաստացի. Show all posts
Showing posts with label Մխիթար Սեբաստացի. Show all posts

12.6.16

Մի քանի արձանների ու նրանց ճակատագրերի մասին

 ՄԵԼԱՆԻԱ ԲԱԴԱԼԵԱՆ

Արձանների ու արձանագործութեան մասին այս օրերին շատ խօսուեց, մասնաւորապէս մայրաքաղաքում վերջերս տեղադրուած երկու խոշոր արձանների առիթով մտքեր եկան, անցան:
Արձանները քաղաքային մշակոյթի կարեւոր եւ տպաւորութիւն թողնող մասն են անշուշտ, թէ՛ որպէս արուեստի գործեր՝ գեղագիտական նշանակութեամբ, թէ՛ որպէս պատմութիւն: Կերպարաստեղծման ու մատուցման կուլտուրան արուեստագէտի տաղանդի, շնորհքի արգասիքն է: Բայց ինչո՞ւ նոր ժամանակների արձանները հիմնականում դժգոհութիւն են առաջացնում: Պատուիրատո՞ւն է անիրազեկ, ճաշակազուրկ, թէ՞ հեղինակները երեւակայութեան պակաս ունեն կամ էլ ժամանակակից քանդակագործութեան պահանջներին հաղորդ չեն ու շարունակում են հնի գաղափարական իներցիայի սահմանափակ մօտեցումներով գործել:

18.10.12

Մխիթար եւ մխիթարեանք (հայ գրքի 5րդ դարադարձի առիթով)

ՄԱՐՕ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Ըղեղս հպարտ կը զգայ ինքզինքը՝ հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին...
Դ. Վարուժան

Ազգ մը, որ Մխիթարի պէս նկարագիր մը «արտադրած է», իրաւունք չունի ինքնիրմէ յուսահատելու: Մխիթար միայնակ կատարեց հսկայ գործ մը….Հայ ժողովուրդը, որ այսօր կը մաքառի իր ամբողջական ազատագրումը ձեռք ձգելու համար եւ ատով ուրիշ բան չ՚ըներ, բայց եթէ Մխիթարի գործը լրացնել, պէտք չէ, որ վհատի իր սկսած պայքարին ահաւոր դժուարութիւններէն….Պէտք է, որ ան ամէն վայրկեան իր աչքին առջեւ ունենայ իր մեծ Մխիթարին օրինակը, պէտք է որ համոզուի, թէ ամէնէն անիրականանալի կարծուած ծրագիրներն իսկ կ՚իրականանան, երբ մարդ գիտէ ինք իր վրայ հաւատք ունենալ, զոհողութիւն յանձն առնել եւ մաքառիլ: Պէտք է, որ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ ցոյց տայ այն կամքը, ինքնավստահութիւնն ու անվկանդ  յարատեւութիւնը, զոր Մխիթար ի յայտ բերաւ իր գործունէութեան մէկ ծայրէն միւսը, եւ ան ալ պիտի հասնի իր ծրագիրն իրականացնելու, ինչպէս Մխիթար յաջողեցաւ իր երազը
մարմնաւորել:
Արշակ Չօպանեան