Showing posts with label Էրեբունի. Show all posts
Showing posts with label Էրեբունի. Show all posts

19.7.16

Ինչո՞ւ սխալ է (էր) Երեւանի մէջ եղածը

ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Քանի մը լուսաբանական նախատուեալներէ ետք միայն կը փափաքիմ տեսակէտս առանց ծամծմելու ըսել:
  • Երեւանի մէջ պատահած դէպքին մասին բարեկամներէ լսեցի: Չհետեւեցայ լուրերուն: Բացարձակ արդար ըլլալու համար ըսեմ որ բարեկամներս ըսին թէ «Էրեբունիի ճամբան փակ է» եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին դէմ (կամ իր ընթացքին դէմ) զինական քայլ մը առնուած է:
  • Համաշխարհային լրատուութիւնը առաջնային տեղ տուած է պատահածին:
  • Կը գրեմ այս մտածումներս՝ առանց գիտնալու պատահածին մանրամասնութիւնները:
  • Ինծի համար, հայկական ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը գերիվեր է որեւէ այլ բանէ: Այլ խօսքով՝ ազգայնօրէն զիս շահագրգռողը հայկական գերագոյն շահն է:

9.7.16

Պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է Երեւանի ամենահին փողոցը


Է­րե­բու­նիի մէջ հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բին ութ տա­րուան պե­ղում­նե­րը տուած են հե­տաքրք­րա­կան ար­դիւնք­ներ: Ծրա­գի­րը մօ­տե­ցած է իր ա­ւար­տին, սա­կայն յոյս կայ, որ անի­կա շա­րու­նա­կուի, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է  «Է­րե­բու­նի» պատ­մահ­նա­գի­տա­կան ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Գա­գիկ Գիւր­ջեան:
Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հայ-ֆրան­սա­կան ար­շա­ւա­խում­բը իր աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսած է Է­րե­բու­նիի մէջ 2008-ին, իսկ ծրա­գի­րը գան­ձատ­րուած է Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նախա­րա­րու­թեան կող­մէ:

22.4.14

Էրեբունիի ողբերգութիւնը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան Յունուար 29ին լրագրողներուն յայտարարած է, թէ քաղաքապետարանը կը ծրագրէ «Էրեբունի» արգելոցթանգարանի բերդապարիսպի վերականգնումի աշխատանքներ իրականացնել՝ բարեկարգման եռամեայ ծրագրի ծիրին մէջ։ Կը ծրագրուի նաեւ «ստեղծել ամֆիթատրոն, որտեղ կը ներկայացուեն թանգարանի ցուցանմոյշները», ըսած է պաշտօնատարը, աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի սկսին այս տարի։ Պատասխանելով «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան հարցումին, Ա. Սուքիասեան նշած է. «Եռամեայ նախագծի համար յատկացուել է 300 միլիոն դրամ։ Մենք միաժամանակ յոյս ունենք, որ ծրագրով կը հետաքրքրուեն տարբեր ներդրողներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ»։

Մօտաւորապէս 730.000 տոլարի համարժէք այս գումարը քիչ մը աւելի է, քան քաղաքապետարանի ծախսած 200 միլիոն դրամը (մօտաւորապէս 490.000 տոլար) 2013ի «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան, երբ քաղաքի հիմնադրութեան 2795ամեակը նշուած էր։ Վերջինս ալ հաւասար էր 2006-2013ին պետական պիւտճէի յատկացուցած տարեկան գումարին՝ Հայաստանի յուշարձաններու պահպանման եւ ամրակայման, որ 2014ին 235 միլիոն դրամի բարձրացած է։